ՏՕՆ ՍՐԲՈՑՆ ՅԱԿՈԲԱՅ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ, ՄԱՐՈՒԳԷԻ ՃԳՆԱՒՈՐԻՆ ԵՒ  ՄԵԼԻՏՈՍԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ եզակի այն սուրբերէն է, որոնք իրենց անձնուրաց ճգնութեամբ ու ինքնապարսաւ խոնարհութեամբ Տիրոջ կամքով Ս. Հոգիին շնորհքներուն արժանացած են:  Ս. Յակոբ  հայրապետ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ՝  Խոսրովուհիի որդին է: Պատմութեան համաձայն, Անակ Պարթեւ՝ Լուսաւորիչի հայրը, դաւով մը կը սպաննէ հայոց Խոսրով թագաւորը: Այնուհետեւ կը պատմուի, թէ ինչպէս հայերը  վրէժխնդրութեամբ լեցուած, կը բնաջնջեն Անակի ողջ տոհմը, որմէ կը փրկուի մանուկ Գրիգորը եւ Յակոբը: Սկիզբը երկուքը կը փախցուին Կեսարիա: 

Կեսարիոյ մէջ, Յակոբ քրիստոնէական ոգիով կը դաստիարակուի, ապա շրջան մը հոն մնալէ ետք քոյրը զինք Պարսկաստան կը տանի, սակայն Յակոբ կը նախընտրէ ճգնաւորական կեանքն ու կ’առանձնանայ Մծբին քաղաքի մօտակայ ճգնարանի մը մէջ: 

Ս. Յակոբ, լեռներու վրայ կը սնանի վայրի ծառերու պտուղներով եւ բանջարեղէններով. ան ոչ միայն իր հոգին, այլեւ՝ միտքն ու մարմինը կը կազդուրէ եւ կը զօրացնէ Սուրբ Հոգիի կենարար ներգործութեամբ՝ արժանանալով անարատ Սրբութեան մեծ պարգեւներուն: Առիթով մը, Ս. Յակոբ իր ճգնարանէն քաղաք կ’իջնէ, կը զայրանայ շրջանի բնակիչներուն ընթացքէն: Թէեւ անոնք դարձի եկած քրիստոնեաներ էին, սակայն թերահաւատօրէն կը վերաբերէին .«Ջրհեղեղի» եւ «Նոյեան» տապանի պատմութեան հետ: 

Այդ ժամանակ, կը վճռէ  Արարատ լեռ բարձրանալ, Նոյեան տապանէն կտոր մը գտնելու, որպէս փաստ, փարատելու համար ժողովուրդին անհաւատութիւնը: Դէպի Արարատ ուղեւորութեան ընթացքին կը յոգնի եւ գլուխը  քարի մը վրայ կը դնէ ու կը քնանայ: Արթննալէ ետք, կը տեսնէ որ հրաշքով  տապանէն մասունք  մը խաչաձեւ դրուած է իր գլխուն վերեւ: Գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, մասունքը առնելով կ’իջնէ քաղաք եւ բազում հրաշքներ կը գործէ: Ապա կ’երթայ Մարուգէ ճգնաւորին մօտ, երկուքով կը ծրագրեն եւ կը գործադրեն, ամէնուրեք  քարոզելով Քրիստոսի Ս. Աւետարանը: 

Մարդոց հոգիի աչքերը բանալով կ’աւետեն գալիք փրկութեան մասին: 

Մծբինի Մելիտոս Եպիսկոպոսի վախճանումէն ետք, Մարուգէ ճգնաւորին տեսիլքի մը միջոցաւ կը յայտնուի, որ  Մելիտոսի արժանի յաջորդն է Ս. Յակոբ: Այսպիսով Ս. Յակոբ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կը դառնայ Մծբինի Հայրապետ: 

Ս. Յակոբի ձեռքով բազմաթիւ հրաշքներ եւ բժշկութիւններ կը կատարուի: 

Ծերացած ու յոգնած Ս. Յակոբ կը զգայ թէ իր վերջին օրերը կ’ապրի: Սակայն, չնայած իր խոր ծերութեան, չէր դադրեր հեռաւոր տեղերէ իր քով եկած հիւանդները, անկարները եւ բազում ցաւերէ տառապողները բժշկելէ: 

Մահուան անկողինին մէջ, իր շուրջ հաւաքուած հաւատարիմ իր աշակերտները եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը, զանոնք կը խրատէ, որ ամուր մնան քրիստոնէական ճշմարիտ իրենց հաւատքին մէջ, եւ կուլ չերթան աշխարհի հոսանքին վաղանցուկ հաճոյքներուն գիրկը նետուելով: Ան կը պատուիրէ Քրիստոսի խաչին զօրութեամբ զինուիլ եւ ամուր հաւատքով դէմ դնել բոլոր տեսակի չար մոլութիւններու: 

Անոնց կ’ըսէ. 

« Այս աշխարհը խաբող է ու անխիղճ: Աւետարանի լոյսը թող ձեր կեանքի քայլերը առաջնորդէ: Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը միշտ զգացէք ձեր մէջ: Անոր սէրը թող գoտեպնդէ եւ միացնէ ձեզ առաւել կեանքի մը գրաւականով, յոյսով եւ զոհաբերութեան ոգիով, որպէսզի ձեր կեանքը ըլլայ երկար եւ ձեր վարձքը երկնքի մէջ՝ արդար»: 

«Որպէս կտակ, ամուր պահեցէք Քրիստոսի նահատակներու արեամբ գնուած սուրբ եկեղեցին, որ հաւատքի խորանն է եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ձեր մէջ»: 

«Որպէս մարմին կը բաժնուիմ հիմա ձեզմէ, բայց միւս բոլոր սուրբերուն նման ձեր մէջ կը բնակիմ եւ պատրաստ՝ օգնութեան հասնելու Քրիստոսի սիրով ապրող բոլոր հոգիներուն եւ օգնութիւն աղերսող յուսալից սրտերուն»: 

Ապա ժպտադէմ, օրհնելէ ետք բոլոր ներկաները, կ’աւանդէ հոգին, մեծ սուգի մատնելով հաւատացեալները: 

Սուրբ Յակոբ Մծբնացիի մարմինը մեծ երկիւղով եւ բարեպաշտական խոր յարգանքով  Մծբինի մէջ կը թաղուի: 

Տէրը Ս. Յակոբին միջոցաւ բազմաթիւ հրաշքներ գործած է: Անոնցմէ ոմանք զարմանք եւ երկիւղ յառաջացուցած  են Սուրբին հաւատացող մարդոց: 

Ս. Յակոբի գրիչին կը պատկանին աստուածաբանական, կրօնական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ գրութիւններ: Ս. Գրիգոր Նարեկացի անոր նուիրած է «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» շարականը: 

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը սէր ու յարգանք տածած է Սուրբին եւ ի յիշատակ անոր եկեղեցիներ կառուցած է:

FEAST OF THE HOLY SAINTS: JACOB OF NISIBIS THE PATRIARCH, MARUGE THE ASCETIC,

AND MELETIOS THE BISHOP

St. Jacob of Nisibis the Patriarch is one of those unique saints who, through his selfless asceticism and self-denying humility, according to the will of the Lord, was deemed worthy of the gifts of the Holy Spirit. St. Jacob the Patriarch was the son of Khosrovouhi, the aunt of St. Gregory the Illuminator. According to history, Anak the Parthian, the father of the Illuminator, treacherously killed Khosrov, king of the Armenians. It is then related how the Armenians, filled with a spirit of vengeance, annihilated the entire family of Anak, from whom only the little Gregory and Jacob were saved. At first, the two children were taken away to Caesarea.

In Caesarea, Jacob was raised in the Christian spirit, and after living there for a time, his sister took him to Persia. However, Jacob preferred the life of an ascetic and withdrew to a hermitage near the city of Nisibis.

St. Jacob, in the mountains, fed himself on the fruits of wild trees and on herbs. Not only his soul, but also his mind and body were nourished and strengthened by the life-giving action of the Holy Spirit, and he was deemed worthy of the great gift of pure Holiness. On one occasion, St. Jacob came down from his hermitage into the city and was angered by the conduct of the local inhabitants. Although they were Christians who had been converted, they treated the story of the “Flood” and of “Noah’s Ark” with skepticism.

At that time he decided to climb Mount Ararat in order to find a piece of Noah’s Ark as a tangible proof to dispel the unbelief of the people. During his journey toward Ararat he grew weary, laid his head on a stone, and fell asleep. When he awoke, he saw that, by a miracle, a relic from the Ark had been placed in the form of a cross above his head. He gave thanks to God, took the relic, descended to the city, and performed many miracles. Then he went to the hermit Maruge, and together they planned and carried out their mission, preaching everywhere the Holy Gospel of Christ.

Opening the eyes of people’s souls, they proclaimed the coming salvation.

After the repose of Meletios, Bishop of Nisibis, it was revealed to the hermit Maruge in a vision that St. Jacob was the worthy successor of Meletios. Thus St. Jacob was ordained bishop and became the Patriarch of Nisibis.

Through the hands of St. Jacob many miracles and healings were accomplished.

Grown old and weary, St. Jacob realized that he was living his last days. However, despite his great age, he did not cease to heal the sick, the infirm, and those suffering from many afflictions who came to him from distant places.

On his deathbed, surrounded by his faithful disciples and a multitude of believers, he exhorted them to remain firm in their true Christian faith and not to be carried away by the current of the world, throwing themselves into the arms of its passing pleasures. He commanded them to arm themselves with the power of Christ’s Cross and to stand firm in faith against all kinds of evil delusions.

He said to them:

“This world is deceitful and merciless. Let the light of the Gospel guide the steps of your life. Always feel the presence of our Lord Jesus Christ within you. May His love strengthen you and unite you with the pledge of a higher life, with hope and with a spirit of sacrifice, so that your life may be long and your reward in heaven just.”

“As my testament, firmly keep the holy Church, purchased by the blood of Christ’s martyrs, which is the altar of faith and the presence of God among you.”

“As to the body I now part from you, but like all the other saints I dwell among you and am ready to come to the aid of all souls who live in the love of Christ and of all hopeful hearts that implore help.”

Then, smiling and having blessed all those present, he gave up his spirit, plunging the faithful into deep mourning.

The body of St. Jacob of Nisibis was buried in Nisibis with great reverence and with profound pious respect.

The Lord worked many miracles through St. Jacob. Some of them inspired wonder and awe in those who believed in the Saint.

To the pen of St. Jacob are attributed theological, religious, and moral homilies and writings. St. Gregory of Narek dedicated to him the hymn “Victorious and Holy Patriarch.”

For centuries the Armenian people have borne love and reverence toward the Saint and, in his memory, have built churches.

ՏՕՆ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՅ ԿՈՒՍԻՆ ՄԱՐԻԱՄՈՒ ՝ Ի յԱՆՆԱՅԷ

Ամէն տարի 9 Դեկտեմբերին, Ս. Աստուածածնի Յղացման տօնը կը նշուի, որ Աստուածամօր նուիրուած ութը տօնական օրերէն մէկն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ։ Այս տօնը, եկեղեցական հասկացողութեամբ, Ս. Ծննդեան տօներուն նախապատրաստութեան կը հրաւիրէ հաւատացեալները։ 

Համաձայն  աւանդութեան տեղեկութիւններուն, Յովակիմ եւ Աննա հասած էին յառաջացեալ տարիքի մը, անզաւակ ու ամուլ էին, բայց Աստուծոյ նախախնամութեամբ Աննա կը յղանայ ու կը ծնանի իր դուստրը Մարիամ, որ պիտի դառնար մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի մայրը՝ անարատ կոյս Մարիամ Աստուածածինը, քրիստոնէութեան առաջին եւ մեծագոյն սրբուհին ու բարեխօսը։

«Վերոյիշեալ  դրուագը  որքան ալ մեծ սրբութիւն մը կը փոխանցէ Մարիամ Աստուածամօր ծնողաց՝ Յովակիմին ու Աննային, անոր կենսագրութեան  հեղինակը քաջ գիտակցելով աստուածային անիմանալի խորհուրդին նկատմամբ իր մարդկային կարողութիւններու նիւթեղէն սահմանափակութեան։ Աստուածայինը իրեն համար «խորհուրդ խորին» մըն է՝ գերազանցապէս անքննելի ու անիմանալի, որուն ծալքերը զննելու փորձը պարզապէս աններելի փորձութիւն մըն է, իսկ զայն մարդկային տրամաբանութեան օրէնքներուն ենթարկելը՝ ծանրակշիռ մեղք։ Հետեւաբար, թէկուզ՝ սիրոյ իր բուռն պոռթկումներուն եւ հաւատքի բարձրագոյն թռիչքին մէջ, ան կը մնայ երկիւղածօրէն վերապահ՝ թողելով, որ խորհուրդը մնայ աստուածային իր անհասանելի բարձրութեան, իսկ ինք՝ մտազնին դատողութիւններով զայն կը պահէ զգուշաւորութեան մէջ» կ’ըսէ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան։

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան