Երբ տասը պատուիրանները կը կարդանք, անոնցմէ ոմանց իմաստն ու կիրարումը անմիջապէս պարզ կը թուի մեզի, ինչպէս՝ «մի՛ սպաններ» կամ «մի՛ գողնար» պատուիրանները։ Սակայն, կան պատուիրաններ, որոնց արժէքն ու մեր ժամանակներու հետ կապը այնքան ալ դիւրեն չենք տեսներ. այդպիսին է երկրորդ պատուիրանը՝ որ կ’ըսէ. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկինքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. Վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս. եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրաններս կը պահեն»։ Կը մտածենք, թէ այս պատուիրանին մասին խօսիլը շատ իմաստ չունի, քանի այսօր կուռքեր չենք պաշտեր, այնպէս ինչպէս մարդիկ կը պաշտէին Հին Միջին Արեւելքին մէջ։
Աստուած այս պատուիրանը տուաւ, քանի լաւ գիտէ իր ստեղծած մարդը, իր Տէր Աստուծոյ երկրպագող հոգի մը ունի. Աստուած գիտէ մարդու հոգիին կենսական պահանջքը՝ իրմէ մեծ ոյժ մը պաշտելու, երկրպագելու եւ հետը յարաբերելու։ Ան գիտէ նաեւ, երբ անհատ մը որոշէ չճանչնալ իր ճշմարիտ Աստուածը, իր հոգին իր կենսական պահանջքը կը լիացնէ «երկրպագելով» ստեղծուածներու եւ ոչ թէ ստեղծողին։ Տեսէք դրախտին պատմութիւնը, ուր մարդը մերժելով Աստուծոյ հետեւիլ, մոլորեցաւ եւ հնազանդեցաւ ուրիշին։ Մենք եւս, ճշմարիտ Աստուծոյ կարիքը ունինք, բայց երբ մեր մեղքերուն պատճառով կամ կամովին կը հեռանանք Աստուծոյ ճշմարտութենէն, կամայ թէ ակամայ ոչ ճշմարիտին կը հարինք եւ մեզի համար «աստուածներ» կամ «կուռքեր» կը գտնենք։ Տեսէք ինչ կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է» (Կող 3։5)։ Այսինքն՝ ամէն ինչ, որուն կու տանք մեր սիրտը, ժամանակը, նախապատուութիւնը եւ վստահութիւնը՝ Աստուծոյ փոխարէն, ամէն բան երբ Աստուծմէ առաջ դնենք՝ մեր ընտանիքը, ունեցուածքը, վայելքներն ու աշխատանքը, անոնք կուռք կ’ըլլան մեզի համար։
Վստահ եմ ձեր մեծերէն լսած էք «Առաջ Աստուած» արտայայտութիւնը, որ կու գայ Յակոբոս Տեառնեղբօր նամակէն (Յկ 5։15)։ Ասիկա բարոյական կարգախօս մըն չէ, այլ՝ քրիստոնէական կեանքի ճշմարիտ շունչը։ Երբ Աստուած կը դառնայ մեր մտածումներուն, սիրոյն, որոշումներուն եւ քայլերուն սկիզբն ու վերջը, այն ատեն ամէն բան իր ճշմարիտ տեղէն կը դիտենք. Կը սիրենք մեր ընտանիքը աստուածային սիրով, մեր խնդիրները կը յաղթահարենք՝ Աստուծմով, կ’աշխատինք մեր խիղճին կեդրոնը Աստուած ունենալով։
Այսօր հայկական իրականութան մէջ «երկրպագու» բառը կը գործածուի, մէկու մը հանդէպ խոր յարգանք, համակրանք եւ հիացում յայտնելու համար։ Կը լսենք մանաւանդ համացանցի կամ հեռատեսիլի հայկական կայաններուն վրայ մարդոց արտայայտութիւնները, թէ իրենք այսինչ դերասանին, երգիչին կամ մարմնամարզիկին երկրպագուն են, առանց գիտակցելու, թէ երկրպագութիւնը միայն Աստուծոյ վայել է։
Վերջապէս, երկրորդ պատուիրանին երկրորդ կէսը կը զգուշացնէ մեզ Աստուծոյ արդար դատաստանէն։ Ոչ թէ որովհետեւ Աստուած խիստ կամ անիրաւ է, այլ ընդհակառակը՝ Աստուած արդար է եւ անընդունելի է Իրեն համար երբ մարդիկ հեռանան ճշմարտութենէն եւ անոր փոխարէն կեղծը ընդունին եւ պաշտեն։ Սակայն, բարի լուրը այն է, որ Աստուած կ’ողորմի անոնց, որոնք կը սիրեն զինք ու Իր պատուիրանները կը պահեն
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան