ՍՐԲՈՑՆ՝ ՄԻՆԱՍԱՅ, ԵՐՄՈԳԻՆԵԱՅ, ԵՒԳՐԱՓՈՍԻ ԵՒ ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՂՔԱՏԱՑՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԵՒ ԱԼԵՔՍԻԱՆՈՍԻ

Ս. Մինաս «Մեծ» կը կոչուի, զանազանուելու համար Եգիպտացի Ս. Մինասէն: 

Ան ծնունդով Աթենացի էր, Դիոկղետիանոսի կայսրակիցը Գեղերիոս զայն կը ղրկէ Աղեքսանդրիա, տեղւոյն խռովութիւնները հանդարտեցնելու պաշտօնով: Ս. Մինաս, ճարտասան եւ գիտուն մարդ էր, յաջողութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած գործը, իր Եւգրափոս քարտուղարին հետ տարի մը մնալով Եգիպտոս, հրապարակաւ կը յայտնէ իր քրիստոնէական հաւատքը: Իր բարեգործութեամբը ան ընդհանուրին ուշադրութեան  կիզակէտը  կը դառնայ: Կայսրը իմանալով Մինասի ընթացքին մասին, Աղեքսանդրիա կը ղրկէ անոր դասընկերը՝ Աթենացի Եպարքոս Երմոգինէսը, որ ատեան մը կազմելով կանչել կու տայ Մինասը, բայց յաղթահարուելով անոր պատասխաններէն, կտրել կուտայ սուրբին լեզուն եւ փորել՝ անոր աչքերը: Բայց յաջորդ օրն իսկ երբ կը տեսնէ որ Ս. Մինաս հրաշքով մը բժշկուած է, իսկոյն ինք եւս դարձի գալով կ’ընդունի քրիստոնէութիւնը: Աղեքսանդրիոյ հայրապետին կողմէ եկեղեցական ձեռնադրուելով, Երմոգինէս եւս կը սկսի համարձակ կերպով քարոզել Քրիստոսի Աւետարանը: Կայսրը պարտաւորուած ինք անձամբ կու գայ Եգիպտոս եւ կը դատէ Մինասը, Երմոգինէսը ինչպէս նաեւ Եւգրափոսը, գլխատել տալով զիրենք:

Ս. Յովհաննէս Կամաւոր Աղքատ

Կ. Պոլոսեց, քրիստոնեայ ազնուական եւ հարուստ ընտանիքի զաւակ, 12 տարեկանին կը հետեւի Ակումիտներու միաբանութեան անդամ վանականի մը՝ որ Երուսաղէմէն կը վերադառնար, վանականին ընկերանալով կը նուիրուի ճգնողական կեանքի, Բիւզանդիոնի շատ մօտակայ մենաստանի մը մէջ: Վեց տարիներ ծառայելէ ետք, մեծաւորէն արտօնութիւն կը ստանայ ծնողքը տեսնելու: Մայրը, չի ճանչնար զինք ճգնողական ցնցոտիներով, կը մերժէ զինք ընդունիլ: Ստիպուած ան յանձն կ’առնէ ապրիլ մօտակայ խրճիթի մը մէջ, իր ծնողաց տունէն ստացած ողորմութիւնները աղքատներուն կը բաշխէ: Տարիներ հոն ճգնելէ ետք, երբ կ’իմանայ իր մօտալուտ մեկնիլը յաւերժութեան, կը կանչէ իր մայրը եւ անոր ցոյց կու տայ այն փոքրիկ աւետարանը որ մայրը իր մանկութեան նուիրած էր իրեն, իսկոյն մօր բազուկներուն մէջ կ’աւանդէ հոգին:

Ալեքսիանոս Կամաւոր Աղքատ

Հռովմայեցի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը միամօր զաւակն է, ան սնած է բարեպաշտական եւ մաքուր կենցաղով: Արհամարհելով աշխարհը հրապուրող  պատրանքները, իր հարսանիքի օրն իսկ կը փախի ընտանեկան յարկէն, երկար ճամբորդութենէ ետք կը հասնի Եդեսիա, բաւական տարիներ ինքզինք մուրացկան ձեւացնելէ  ու բարեգործութիւն կատարելէ  ետք, իր սրբութեան համբաւը կը տարածուի եւ հանրածանօթ կը դառնայ: Սուրբը մերժելով իրեն ընծայուած այս պատիւը, կը թողու Կեսարիան նաւով մը կը հասնի Իտալիա: Ալեքսիանոս Իտալիոյ մէջ իր ծնողքէն գաղտնի տասեօթը տարիներ կ’ապրի աղքատ եւ ճգնողական կեանք, սակայն միշտ  նուիրուելով բարեգործութեան եւ աղօթքի: Իր մահէն ետք, իր ճգնարանին մէջ կը յայտնուի գրութիւն մը, որ ինք իր կենսագրութիւնը գրած է իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Սուրբին դիակին եւ գրութեան յայտնուիլը սփոփանք մը կ’ըլլայ ծնողքին, փառաւոր թաղում կը կատարուի, ապա մարմինը կ’ամփոփուի ընտանեկան գերեզմանատան մէջ:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան