Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Բ. Թս 1.1-12)
«Անիկա բոցավառ կրակով պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն զԱստուած ճանչնալ եւ հնազանդիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին» (Բ. Թս 1.8):
Քրիստոնէական հաւատալիքներու անփոփոխ եւ անհերքելի ճշմարտութեանց ջերմեռանդ առաքեալը՝ Պօղոս, Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստին առնչութեամբ բացատրութիւններ տալէ ետք, Աստուծոյ արդար դատաստանին վերաբերող ուսուցումը կը ներկայացնէ որպէս անխախտ դաւանանք, որ սերտօրէն կապուած է Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին:
Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը վախճանաբանական հասկացողութեամբ «Հունձքի»ի օրն է, ինչպէս մեր Տէրը կը հաստատէ Որոմի առակին մէջ (Մտ 13.39-40): Տէրը փառքով պիտի գայ (Մտ 25.31), միաժամանակ՝ տեսանելի: Յովհաննէս՝ սիրոյ առաքեալը կ’ըսէ. «Ահա անիկա կու գայ ամպերու վրայ: Ամէն մարդ պիտի տեսնէ զայն» (Յյտ 1.7):
Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը «շինծու առասպել մը չէ» (Բ. Պտ 1.16), անիկա քրիստոսահիմն եկեղեցւոյ քարոզութեան անխորտակելի սիւնն է, որ խարսխուած է մեր «հաւատքի հիմնադիրին» (Եբ 12.2), «կենդանի վէմին» (Ա.Պտ 2.4) եւ «հոգիներու Տեսուչին» (Ա.Պտ 2.5) Քրիստոսի վրայ:
Պօղոս առաքեալ վերջին Դատաստանը «Տիրոջ օր» կ’անուանէ (Ա.Թս), նոյնը կը տեսնենք Պետրոս առաքեալի նամակներուն մէջ (Բ.Պտ 3.10): Երկրորդ Գալուստը կ’ակնարկուի գալիք ժամանակուան մէջ պատահելիք Վերջին Դատաստանին, որ աստուածային տնօրինումով սահմանուած է:
Վերջին Դատաստանը Աստուծոյ անդառնալի խոստումներուն եւ կանխասաց մարգարէութիւններուն կատարումն է, արդարներուն յաւիտենական փրկութիւնը եւ Աստուծոյ անհնազանդ մեղաւորներուն պատիժն ու յաւիտենական կորուստը:
Աստուծոյ արդարադատութեան եւ արդար հատուցման վկայարանն է Վերջին Դատաստանը, որ պիտի կատարուի Քրիստոսի ատեանին դիմաց, «որպէսզի իւրաքանչիւրը իր մարմինով ընդունի հատուցումը երկրի վրայ իր կատարած բարի կամ չար գործերուն» (Բ.Կր 5.10):
Մարդկային արարքներու հաշուեկշռի անխարդախ նժարը եւ հոգիներու ծալքերը ներթափանցող սքանչելի լոյսը՝ Քրիստոս, երեւան պիտի հանէ եւ յայտնէ բոլոր ծածուկ ծրարները, նենգամիտ ծրագիրները, քողարկուած խաւարային հնարքները, պիտի դատապարտէ Աւետարանին քաղցրաձայն հրաւէրը մերժողները եւ պատժէ, կորստաբեր պղծութիւններով զԱստուած ուրացողները:
Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Տե՛ս թէ ո՛րքան բարի է Աստուած եւ խիստ՝ միաժամանակ» (Հռ 11.22): Տիրոջ պատիժ սահմանելը հակասական պէտք չէ թուի, եթէ սիրով կ’ընդունինք թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յհ 4.16), իսկ եթէ դժուարանաք ընդունիլ թէ «Աստուած խիստ է», կը նշանակէ թէ մեր որդիական պատկանելիութիւնը ամբողջականօրէն չէ վերապահուած Հայր Աստուծոյ:
Եթէ երկրաւոր օրէնքները խախտողը հաշուետու է տեղւոյն իշխանութեան, որքան աւելի պատասխանատու պէտք է ըլլայ մարդը երկնային օրէնսդրութեան հանդէպ:
Բարութիւնը եւ խստութիւնը Ամենակալին նկարագրէն ճառագայթող եւ բնութենէն բխող ճշմարտութիւն է եւ պերճախօս յայտարարը՝ Անոր անաչառ եւ անկողմնակալ վերաբերմունքին:
Արդարեւ, տառապանքի դառն բաժակին փոխարէն արքայութեան փառաւոր խնճոյքի սեղանէն ճաշակելու, տագնապալից Գեթսեմանիի փոխարէն երկնաւոր Երուսաղէմի Սուրբ լերան վրայ բնակութիւն հաստատելու, հալածանքի փուշէ պսակին փոխարէն արդարութեան համար, կանչուած ենք մեր հայրերու հաւատքի ուղին որդեգրելով պատուիրանապահութիւն ցուցաբերելու եւ համակերպելու Աւետարանին սրբազան սկզբունքներուն, որպէսզի ժառանգորդ դառնանք արդարներուն վերապահուած յաւիտենական երանութեան:
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ղկ 14.12-24)

Ո՞Վ ՀՐԱՒԻՐԵԼ
Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ.
-Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզի հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան: Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին: Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ:
Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց, ըսաւ Յիսուսի.
-Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ:
Յիսուս անոր հետեւեալ առակը պատմեց.
-Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց: Ընթրիքի ժամուն իր ծառաները ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. «Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն»: Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ: Առաջինը ըսաւ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»:
Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»: Ուրիշ մը ըսաւ. «Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ»: Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները: Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ ծառային. «Անմիջապէս քաղաք գնա եւ հրապարակներուն եւ փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր»:
Քիչ ետք ծառան վերադառնալով իր տիրոջ ըսաւ. «Տէ՛ր հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ»: Տէրը ծառային հրամայեց. «Քաղաքէն դուրս գնա եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի: Կ’ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր քարոզութեան ընթացքին, առանցքային տեղ տուած էր ողորմութեան, որ ծածուկ կերպով պէտք է կատարուի: Քրիստոս մեզմէ կը պահանջէ, ողորմութիւն կատարենք կարօտեալին որ կարողութիւն չունի մեզի փոխադարձելու, եւ ոչ թէ հարուստ ազգականի մը կամ ունեւոր դրացի մը որ կրնայ փոխադարձել մեր հրաւէրին:
Ողորմութեան փոխարէն մարդոցմէ վարձատրուիլը չ’երաշխաւորեր մեր մուտքը Աստուծոյ արքայութենէն ներս: Մարդոց վարձատրութիւնը պատրանք է եւ ժամանակաւոր, այս աշխարհին կը պատկանի, իսկ Աստուծոյ վարձատրութիւնը յաւիտենական է, որ հիմնական երաշխիքն է արքայութիւն մտնելու: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ բարեգործութիւն կատարել, ո՛չ թէ փոխարինուելու եւ գովասանք ստանալու: Մեր ակնկալութիւնը պէտք է ըլլայ, Աստուծմէ վարձատրութիւն ստանալ եւ ոչ թէ մարդոցմէ:
Աստուծոյ արքայութենէն ներս Քրիստոսի հետ ճաշի սեղանակից եւ մասնակից ըլլալու հրաւէրը ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս հաւասարապէս, բայց կարեւորը մենք որքանո՞վ պատրաստ ենք ընկալելու աստուածային այն հրաւէրը, որ կոչ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս: Երանի է մեզի եթէ կարենանք լսել եւ ընդառաջել Աստուծոյ հրաւէրին, հրաժարուվելով մեզ շրջապատող աշխարհիկ պատրանքներէն եւ մտահոգութիւններէն:
Հրաւէրը անխտիր բոլորին ըլլալով հանդերձ, Քրիստոս այս առակով կը հաստատէ, թէ շատ մը հրաւիրեալներ կը մերժեն փրկութեան կոչը, աշխարհիկ ցանկութիւններուն հետեւելով: Ուստի, օր պիտի գայ Աստուծոյ հրաւէրը մերժողները, բոլորն ալ պիտի մերժուին Աստուծոյ կողմէ, եւ հրաժարեալներուն փոխարէն Աստուած պիտի թելադրէ իր հրեշտակներուն, որ իր խրախճանքի սեղանը համալրուի այս աշխարհի բոլոր անտեսուած եւ արհամարհուածներով:
Արդ, ականջալուր ըլլանք աստուածային հրաւէրին: Աստուած դրախտի դռները բացած է մեզ ընդունելու, պարտինք ուրախութեամբ ընդառաջել, որովհետեւ Աստուած մեզ իր Միածին Որդիին շնորհիւ արժանի նկատած է Իր երկնային խնճոյքին մասնակից ըլլալու:
Սիրելի հաւատացեալ, քոյրեր եւ եղբայրներ՝
2025 տարին կը հասնի իր աւարտին, տարուան վերջին ամիսն է, որ կը թեւակոխենք, բոլոր եկեղեցականներս գիտենք, որ պատահական չէ, որ այս ամսուան կիրակի օրերու աւետարանական ընթերցուածները մեզ կը հրաւիրեն ապաշխարութեան եւ կը յիշեցնեն ըսելով, ո՜վ հաւատացեալ, տարին իր աւարտին կը հասնի, դուն քեզ վերատեսութեան ենթարկէ, նախորդ տարուան սխալներդ սրբագրէ, պայմանաւ նոյնը չկրկնես յաջորդ տարի: Այսօրուան աւետարանական հատուածը Աստուծոյ արքայութենէն ներս մուտք գործելու հրաւէր մըն էր, տեսանք ինչպէս հրաւիրեալներէն ոմանք կը հրաժարին, «Հող, Եզ, Կին» առնելով զբաղուած էին, մերժեցին Տիրոջ հրաւէրը:
Մենք եւս նոյն ընթացքի մէջ ենք, զբաղուած ենք առօրեայ վաղանցուկ մտահոգութիւններով եւ մոռցած ենք որ տարին կը հասնի իր աւարտին, զբաղուած ենք գնայունով, մոռնալով մնայունը եւ յաւիտենականը:
Փառք Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն ամենակալին, որ իր կենսատու աւետարանով եւ աստուածահիմն եկեղեցիով կը յիշեցնէ մեզի, որպէսզի ապաշխարենք եւ զղջումի արցունքով դառնանք դէպի Աստուած:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան