ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

«Ես եմ Եհովան՝ քու ՏԷր Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոս երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի. Ինձմէ զատ ուիրշ Աստուածներ չունենաս։»

Առօրեայ մեր կեանքին ընթացքին, երբ «Տէր» բառը կը գործածենք, կը հասկնանք անհատ մը, որ ստացուածքի մը վրայ բացարձակ իշխանութիւն ունի. այդ ստացուածքը այսօր ընդհանրապէս առարկայ կ’ըլլայ, բայց հին ժամանակ նոյնիսկ անձ մը կրնար ըլլալ, որովհետեւ թագաւորներ, իշխաններ կամ մեծահարուստներ, ծառաներ ու աղախիններ կ’ունենային եւ անոնց բացարձակ տէրը կը նկատուէին։  

Այս պատուիրանով, Աստուած կը յայտնէ իր բացարձակ իշխանութիւնը մեր վրան. Այսինքն՝ մենք իրեն կը պատկանինք, որովհետեւ Ա՛ն մեր եւ բոլոր գոյութեանց ստեղծիչն է։

Եթէ կ’ընդունինք որ Աստուած «Տէր» է, պէտք է իմանալ եւ ընդունիլ, թէ ինչպէս որ մենք մեր ստացուածքին կ’ընենք այն ինչ որ կը կամենանք, նոյնպէս ալ Աստուած, իրաւունք ունի իր կամքը գործադրելու, հրամայելու կամ հնազանդութիւն պահանջելու մեզմէ իւրաքանչիւրէն։ Անհնազանդութեան պարագային, Աստուած իրաւունք ունի պատժելու անմիջապէս. Բայց Պետրոս առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի, թէ «Տէրը պարզապէս համբերութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ’ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ’ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան» (Բ. Պտ 3.9)։ 

Ահաւասիկ առիթ բոլորիս, մեր կեանքին մէջ ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ կամքը փնտռելու ու կատարելու, մանաւանդ երբ այսօրուան աշխարհը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ շատոնց մոռցած են Աստուծոյ պատուիրաններով առաջնորդուիլ. Անօթութիւնը, պատերազմները, ատելութիւններն ու ոճիրները եւ շատ ուրիշ իրականութիւններ, անոր արդիւնքը չե՞ն։ Իսկ հարստութեան սէրը, դիրքերու եւ պաշտօններու կռիւները, տեսակաւոր ցանկութիւնները ապացոյցներ չե՞ն որ մարդիկ ուրիշ «աստուածներ» կը պաշտեն իրենց կեանքին մէջ, քան սիրոյ, ողորմութեան, ներողամտութեան, խաղաղութեան ու բարիութեան մեր Տէր Աստուածը։

Մենք աղօթքի ատեն «Հայր մեր որ յերկինս ես» կ’ըսենք, բայց շատ յաճախ կը պակսի անոր հանդէպ մեր վստահութիւնը եւ առօրեայ մտահոգութիւնները կը մոռցնեն մեր արարիչ Աստուծոյ զօրութեան մասին, որ ուժ կու տայ դժուարութիւններու ժամանակ, լոյս՝ խաւարի մէջ եւ փրկութիւն կը շնորհէ մարդոց։ 

Ուրեմն, Աստուած իր առաջին պատուիրանով, ոչ թէ միայն իր Տիրութիւնը կը յայտարարէ, այլեւ կը հրաւիրէ զգոյշ ըլլալ եւ իմաստութեամբ ապրիլ մեր կեանքի կարճ օրերուն ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ կամքը փնտռելով խոստացուած փրկութեան հասնելու համար։ 

Վերջապէս, Աստուծոյ այս պատուիրանով կը հրաւիրէ չչարաշահել Իր համբերութիւնն ու քաղցրութիւնը, որովհետեւ Աստուած կրակ է, որուն առջեւ պիտի հալին ամբարիշտները հատուցման մեծ օրը, այնպէս ինչպէս կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ «Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարիշտութիւն ընողները յարդի պէս պիտի ըլլան ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։ Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի» (Մղ 4.1-2)։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան