
Շաբաթ, 29 Նոյեմբերին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Երէցներու այցելութեան կամաւորներու խումբը այցելեց ծերանոցի մեր երէցներուն եւ միասնաբար, երգով, աղօթքով, նուագով ու շարականներու երգեցողութեամբ խանդավառ պահեր ապրեցուց մեր երէցներուն: Ջերմ ու յուզիչ մթնոլորտի մէջ, շարականներով եւ հայրենասիրական երգերով, երէցները մասնակցեցան հրամցուած յայտագրին, իրենց գոհունակութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները արտայայտելով իրենց սրտաբուխ խօսքերով:

Այս այցելութիւնները, վերջին շրջանին վերածուեցան ամսական դրութեան: Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 29 Դեկտեմբերին, երբ Ամանորի առիթով մեր կամաւորներուն պիտի միանան նաեւ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական դաստիարակութեան երիտասրդ-երիտասարդուհիները, Ամանորեան երգերով ջերմացնելու մեր երէցներուն սրտերը:
Վարձքը կատար եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներուն եւ երկար կեանք ու առողջութիւն մեր սիրելի երէցներուն: