ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ (Ղկ 17.20 – 18.14)
Քրիստոս այս առակով կը ներկայացնէ իր Երկրորդ Գալստեան հանգամանքները եւ անոնց համեմատութիւնը կը կատարէ Նոյի ու Ղովտի օրերուն հետ:
Ի՞նչ կացութիւն պիտի ստեղծուի Անոր Երկրորդ Գալուստի պահուն:
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի քարոզները կ’ընդգրկեն խորհուրդներ, որոնք ժողովուրդին կը
մեկնուին կամ կը բացայայտուին առակներով՝ մարգարէին խօսքին համաձայն. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ» (Սղ 78.2):
Աւետարանական այս հատուածով Քրիստոս պատկերացում մը կու տայ Աստուծոյ Թագաւորութեան խորհուրդին եւ Իր երկրորդ գալուստի ժամանակին մասին, բնութեան օրէնքներէն օրինակ վերցնելով:
Յիսուսի Թագաւորութեան յայտնութիւնը փայլակի նման պիտի ըլլայ, այդ կը նմանցուի Նոյի օրերուն, երբ մարդոց կեանքը բնականոն կը կարծուէր. «Կ’ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ’առնէին» կամ ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ կրկին նոյն ձեւով. «Կ’ուտէին, կը խմէին, կը ցանէին, կը տնկէին» եւ յանկարծ ջրհեղեղ կամ կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ մարդիք կորսուեցան (Ղկ 17.28-29):
Օրուան խորհրդածութեան նիւթը՝ առանց ձանձրանալու աղօթելն է, որուն շարժառիթը կը հանդիսանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան յանկարծակի յայտնութիւնը, Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստով:
Առակին մէջի Դատաւորը Տէրն է, որ այս պարագային կը խոնարհի մարդոցմէ չամչցող եւ Աստուծմէ չվախցող կերպարին առջեւ, ցոյց տալու համար որ Ան իր գործերուն մէջ անկախ է, մարդոցմէ չի կաշառուիր եւ անոնց կամքին համեմատ չի շարժիր, ինչպէս նաեւ Իրմէ վեր մէկը չկայ որմէ կախեալ է եւ կամ գործելու համար կարծիք կը հարցնէ:
Աստուած խոստացաւ իրեն հաւատացողները Երկնքի Թագաւորութեան արժանացնել, ասիկայ բոլոր արդարներուն իրաւունքն է, որուն դէմ կ’աշխատի միշտ Սատանան, իր աշխարհային ցանկութիւններու հմայքով իրաւազրկելու բոլորը Աստուծոյ կամքը կատարողներուն: Բոլոր հաւատացեալները աղօթքի ճամբով կը հաղորդակցին Աստուծոյ հետ եւ կը պայքարին Աստուծոյ հակառակ չար ուժերուն դէմ: Այն չար էակներուն՝ որոնք կը ցանկան արդարները յաւիտենական կորուստի առաջնորդել:
Դատաւորի դրուագէն ետք Յիսուս կը պատմէ Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակը. (Ղկ 18.9-14), ուր կը խօսի աղօթքի մասին, յատկապէս՝ Աստուծոյ հաճելի եւ ընդունելի աղօթքի պայմաններու մասին:
Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը տաճար կ’երթան աղօթելու: Աստուծոյ համար ո՞ւր աղօթելը կարեւոր չէ, կարեւորը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ կ’աղօթենք: Երեւոյթները կարեւոր չեն: Աստուած երեւոյթներով չէ որ կ’ընդունի կամ կը մերժէ մարդոց աղօթքները: Աստուած շատ լաւ գիտէ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը, եւ Իրեն համար հաւատքով, եւ մաքուր սրտով կատարուած աղօթքն է որ հաճելի է եւ լսելի:
Վերջապէս Տէրը կ’ընդունի Մաքսաւորին աղօթքը որովհետեւ խոնարհաբար, հաւատքով եւ ամենայան անկեղծութեամբ աղօթեց, իսկ Փարիսեցիինը կը մերժէ՝ որովհետեւ հպարտութեամբ եւ այլամերժութեամբ կ’աղօթէր:
Աստուած իւրաքանչիւրս մեր ասպարէզին մէջ դատաւոր կարգած է, հետեւաբար պարտաւոր ենք, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ Սուրբ երկիւղը ունենալով մեր սրտերուն մէջ, գործելու՝ մաքրութեամբ, սրբութեամբ եւ արդարութեամբ:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Խնդրեցէք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մտ 7.7):
Դատաւորի Կիրակին իր զոյգ դրուագներու խորհուրդով թող լուսաւորէ մեր ուղին, որպէսզի առանց յուսահատութեան, անկեղծ եւ մաքուր հոգիով աղօթենք եւ միշտ աղօթենք առանց ձանձրանալու:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
4-րդ դարը հանդիսացաւ մարդոց հոգեկան յեղափոխութեան այն շրջանը երբ քրիստոնեաներ ազատագրուած էին նախորդ դարերու հալածանքներէն: 313 թուականին Արեւմուտքէն Կոստանդիանոս եւ Արեւելքէն Լիկիանոս կայսրերու հռչակած «Միլան»ի նշանաւոր հրովարտակը հրապարակուեցաւ, քրիստոնեաներ կրօնական ազատութիւն վայելեցին: Այդ շրջանին առաքելական եւ ընդհանրական եկեղեցին ազատօրէն կը գործէր ու կը փառաւորէր Աստուած եւ կը մեծարէր իր նահատակները: Սակայն, այս խաբուսիկ ազատութիւնը երկար չտեւեր, կրկին հալածանքներ կը շղթայազերծուին քրիստոնեաներու դէմ:
Այդ ժամանակամիջոցին էր, որ կը մարտիրոսանան Սեբաստիոյ մէջ քառասուն մանուկները: Վերջիններս,Արեւելքի Կապադովկիոյ նահանգին մէջ զինուորական ծառայութեան կոչուած քառասուն երիտասարդներ էին, բանակային բարձրաստիճան սպաներ: Հալածանքի բովը հասած էր Կապադովկիա: Կոստանդիանոսի հակառակ քաղաքականութիւն վարող Լիկիանոս կայսրը՝ կը հրամայէր ատեանի մէջ հարցուփորձել քաղաքի բոլոր զօրավարները եւ անոնք որոնք յանձն չառնէին աստուածներուն զոհ մատուցել՝ մերկացնել զանոնք իշխանական պատիւէն եւ ստիպել զիրենք դառնալ հեթանոսութեան. մերժելու պարագային՝ մահուան դատապարտել:
Այս միջոցին, քառասուն զօրականները կը գտնուէին Սեբաստիա, ուր զինուորական դատաւորին՝ Ագրիկողայոսի կը փոխանցուի հարցաքննութենէն ետք ձերբակալել զանոնք, որովհետեւ անոնք անդրդուելի կը մնան իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ: Քառասունները, այս անգամ զիրար առաւել եւս կը գոտեպնդեն իրենց հաւատքին եւ եղբայրական միասնակամ ոգիով հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի եւ ի գին իրենց արեան՝ նահատակուելու, քաջ գիտենալով Քրիստոսի պատուէրը, որ կ’ըսէ. «Հաւատարիմ եղիր ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ» (Յյտ 2.10), «Ով՝ որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, ես ալ զայն ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 10.32):
Միահամուռ հաստատակամութեամբ, հաւատքի քառասուն ախոյանները շղթայազերծեցին չարակամներու բոլոր տեսակի փորձութիւնները՝ դատավարութիւն, բանտարկութիւն, չարչարանք: Հարցաքննողները՝ նուաճուած անոնց կամքի եւ հաւատքի տոկունութենէն, զանոնք ձմրան եղանակի ցուրտին մերկ վիճակով լիճին մէջ ձգեցին: Անոնց մարմինները հետզհետէ ճարճատեցան ջուրին մէջ: Իրենցմէ մէկը տկարանալով դուրս կ’ելլէ լիճէն, կ’երթայ յատուկէն եւ դիտմամբ պատրաստուած բաղնիք, տաք ջուրի մէջ իր ֆիզիքական մարմինը փրկելու, բայց յանկարծական ցուրտէն դէպի ջերմութիւն անցքը՝ իր մահուան պատճառ կը դառնայ: Քառասուն թիւը կ’ամբողջանայ պահակ զինուորի մը կողմէ, որ ականատես կը դառնայ երկնային լոյսին եւ այլ աստուածային նշաններու:
Սկզբնական դարերու հերոսները մղեցին իրենց բարի պատերազմը եւ յաղթեցին աշխարհին: Այսօր մենք եւս պարտինք նոյն հաւատքով տոգորուած ներբողենք Սրբոց Քառասնից Մանկանց նահատակները Ս.Ներսէս Շնորհալիի բառերով. «Ո՜վ պանծալի նահատակներ, երկնաւոր Հօր սիրելիներ, որ Քրիստոսի հետ մկրտուեցաք ձեր արիւնով, Խաչի մահը յանձն առնելով: Տիրոջ քով բարեխօսեցէ՜ք եկեղեցւոյ զաւակներուս համար»: Ամէն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան