Որոմի առակը.
Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
-Մարդ մը լաւ սերմեր ցանեց իր արտին մէջ: Գիշեր մը երբ ամէն մարդ քնացած էր, անոր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց: Երբ սերմերը աճեցան եւ սկսան հասկ կազմել, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: Տանտիրոջ ծառաները եկան եւ ըսին անոր. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. Ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը»:
Անիկա պատասխանեց. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է»: Ծառաները ըսին. «Կ’ուզե՞ս որ երթանք եւ որոմը քաղենք»: «Ոչ»,- պատասխանեց տէրը, -«Որպէսզի չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեն ցորենն ալ միասին արմատախիլ ընէք: Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ. Այն ատեն հնձուորներուն կ’ըսեմ. նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»:
Ահաւասիկ ճիշդ ասոր կը նմանի երկնքի արքայութիւնը:
Այսօրուան ճաշու Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ, Քրիստոսի տնօրինական առաքելութեան ընթացքին պատմած «Որոմին առակը»:
Քրիստոս այս առակով, վերջին դատաստանին նախապատկերն է, որ մեզի կը ներկայացնէ: Անխուսափելի ճշմարտութիւն մըն է վերջին դատաստանը, որուն ականատեսները պիտի ըլլանք բոլորս: Անխուսափելի է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը խումբի մը մաս պիտի կազմէ: Այսօրուան առակին բացատրութեամբ, թէ մէկը ընտիր ցորենին խումբին, իսկ միւսը՝ որոմին:
Հողատէր մը իր արտին մէջ ընտիր եւ բարի սերմեր ցանեց, այնպէս ինչպէս Աստուած աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակ ամէն ինչ ընտիր եւ բարի ստեղծեց: Բայց չարը եկաւ եւ որոմ ցանեց: Որոմն ու ընտիր սերմերը միասին աճեցան այնպէս ինչպէս որ չարերն ու բարիները միասին կ’ապրին այս աշխարհին մէջ: Տանտիրոջ ծառաները կ’ուզեն աճապարել եւ շուտով որոմը զատել ցորենէն, բայց տէրը չարտօնէր, այն մտավախութեամբ, որ կրնան բարի ցորեններուն վնաս պատճառել (Մտ 13.29):
Ինչպէս ցորենին ու որոմին, այնպէս ալ բարիներուն ու չարերուն հունձք մը կը սպասէ հարկաւ, այսինքն՝ վերջին դատաստանը: Աստուած կրնայ շուտով պատժել, բայց կը սպասէ, չուզեր չարերը պատժած միջոցին բարիներուն վնաս հասցնել:
Աստուածային համբերատարութիւնն ու ներողամտութիւնը արտայատող ցայտուն օրինակներէն մէկն է, որ Աստուածաշունչին մէջ յաճախ կը կարդանք, երբ Աստուած պիտի պատժէր Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչները իրենց ամբարիշտ կենցաղին համար: Աբրահամ համարձակութիւնը կ’ունենայ Աստուծոյ ըսելու. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես»: Աստուած կ’ըսէ. «Եթէ տասը արդարներ ըլլան այդտեղ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ» (Ծն 18.16-33): Այնպէս ինչպէս որ հողատէրը չուզէր վնաս հասցնել արդարներուն եւ պիտի չուզէ նաեւ վնաս հասցնել այսօրուան արդարներուն:
Բայց ամէն բան իր ժամանակին պիտի իրականանայ, երբ հունձքի ժամանակը գայ, որմէ բնաւ փախուստ չկայ: Այն ատեն ամէն մարդ հաշիւ պիտի տայ իր կատարած գործերուն եւ ապրած կեանքին համար: Ինչպէս տանուտէրը պիտի ըսէր իր ծառաներուն. «Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ» (Մտ 13.30): Նոյնպէս Աստուած դատաստանի օրը, պիտի ղրկէ իր հրեշտակները եւ անոնք պիտի զատեն մարդիկը, չարերը դէպի յաւիտենական տանջանք, իսկ բարիները՝ յաւիտենական երջանկութիւն: Աստուած որպէս համբերատար եւ բարի հայր, չ’ուզեր իր զաւակներուն կորուստը, բայց չի նշանակեր որ մենք պիտի շահագործենք Աստուծոյ բարութիւնն ու երկայնամտութիւնը, որովհետեւ Աստուած պայմանաժամ ճշդած է՝ վերջին դատաստանը, ուր արդարները պիտի վարձատրուին յաւիտենականութեան երանական բարիքներով, իսկ չարերը յաւիտենական գեհենի տանջանքներով:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան