Քրիստոսի հետեւելու պայմաններէն մէկը «ամէն օր խաչը առնել եւ անոր ետեւէն երթալն է (Ղկ 9.23)։
Երբ «խաչ» բառը կը լսենք, անմիջապէս ծանր բեռ մը կը պատկերացնենք, նման այն պատկերներուն, որոնք անձ մը խաչի ծանրութեան տակ կքած կը ներկայացնեն։ Մեզի համար խաչը առնչուած է ցաւի, զոհողութեան եւ դժուարութեան հետ. Ան կը թուի ըլլալ այն նշանը, որ կեանքը աւելի ծանր կը դարձնէ. Նոյնիսկ առօրեայ խօսակցութեան մէջ կը գործածենք «իր խաչը կը կրէ» արտայայտութիւնը, որ կ’ակնարկէ մէկու մը դիմագրաւած փորձութիւններուն եւ նեղութիւններուն։
Բայց Պօղոս առաքեալ, տարբեր կարծիք մը ունի խաչին մասին, որուն կը հանդիպինք իր նամակներուն մէջ։ Պօղոս առաքեալին համար խաչը միայն ծանրութեան նշան չէ, այլ՝ զօրութեան աղբիւր։ Անոր համար, խաչին մէջ կը բացայայտուի Աստուծոյ շնորհքն ու զօրութիւնը, եւ կը դառնայ այն գործիքը, որ կը նորոգէ մարդոց կեանքը։
Պօղոս առաքեալ կը շեշտէ, թէ խաչը մարդկային աչքերով ողբերգութիւնը չէ՝ այլ աստուածային յաղթանակ. Անոր նամակներուն մէջ կը կարդանք «խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա. Կր 1.18)։ Ուրեմն, Պօղոս առաքեալի խաչը իբրեւ բեռ չի նկարագրեր, այլ՝ Աստուծոյ զօրութիւն, որովհետեւ խաչով մեր մեղքերը ջախջախուեցան եւ սէրը յաղթեց։ Մեղքերով ալ ծանրաբեռնուած կամ շղթայուած չենք, այլ՝ թեթեւցած ու զօրացած։
Խաչը նաեւ մաքրութիւն է Պօղոս առաքեալին համար. Ան կը գրէ. «գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» (Գղ 6.14)։ Խաչը ուրեմն, միայն պատմական դէպք չէ, այլ մշտական մաքրող իրականութիւն։ Խաչով մեր հին կեանքը՝ մեղքով ու կապանքներով, կը մեռնի, մեր հին մարդը Քրիստոսի խաչակից կ’ըլլայ (Հռ 6.6) եւ մեղքի դատապարտութիւնը կը վերացուի։
Վերջապէս, խաչը Պօղոս առաքեալին համար նորոգութիւն եւ տեսլական է։ Խաչը միայն չի սրբեր, այլեւ կը նորոգէ մեր տեսլականը եւ կը սահմանէ նոր արժէքներ։ Պօղոս առաքեալ, նախքան Տիրոջ հանդպիլը, կը պարծենար իր ծագումով, գիտութեամբ եւ յաջողութիւններով։ Սակայն, խաչին լոյսին տակ, ան ամէն ինչ «կորսուած» նկատեց, երբ Քրիստոսը ճանչցաւ (Փիլ 3.6-9)։
Խաչը նոր կեանքի ուղեցոյց եղաւ Պօղոս առաքեալին համար, եւ կեանքը սկսաւ դիտել Աստուծոյ շնորհքով։
Ուրեմն, եթէ խաչը քեզի համար միայն ցաւ եւ ծանրութիւն կը թուի, Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ անոր մէջի զօրութիւնը, սրբութիւնն ու նորոգող էութիւնը։ Չվախնանք անսալ Քրիստոսի կոչին. Տէրը չուզեր յոգնիս խաչի բեռան տակ. Կ’ուզէ զօրանաս, սրբուիս եւ նորոգուիս, Անոր արժանաւոր հետեւորդը նկատուելու համար։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան