Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնէն շաբաթ մը առաջ, Հայց. Առաքելական Ս. եկեղեցին կը յիշատակէ Եփեսոսի Ս. Ժողովի, ինչպէս նաեւ այս ժողովին մասնակցող երկու հարիւր հայրապետներու յիշատակը:
Չորրորդ դարու սկիզբը Քրիստոնէութիւնը ազատ կրօնք հռչակուեցաւ: Սակայն ժամանակի ընթացքին, ի յայտ եկան կարգ մը տարբեր կարծիքներով հոգեւորականներ, որոնք քրիստոնէական եկեղեցւոյ պաշտօնական դաւանանքին հակառակ միտքեր քարոզեցին: Այդ հարցերը քննարկելու համար Տիեզերական ժողովներ գումարուեցան:
Ա- Նիկիոյ ժողով 325 թ.
Բ- Կ.Պոլսոյ ժողով 318 թ.
Գ- Եփեսոսի ժողով 431 թ.
Վերոյիշեալ ժողովներու որոշումներով ու կանոններով, կազմուած է մեր այսօրուան դաւանած «Հաւատոյ Հանգանակ»ը: 431 թուին, Եփեսոսի մէջ գումարուած երրորդ Տիեզերական ժողովը դատապարտեց Նեստոր անուն ասորի եկեղեցականին տեսութիւնները եւ արգիլեց փոփոխութեան ենթարկել առաջին երկու ժողովներով հաստատուած «Հաւատոյ Հանգանակ»ը:
Նեստոր, մարդեղութեան խորհուրդին հանդէպ բացասական իր կեցուածքով կ’անպատուէ սուրբ կոյս Մարիամը, թէ «Աստուածածին չէ, այլ լոկ Քրիստոսածին, այսինքն՝ մարդածին: Այլ խօսքով, թէ՝ Յիսուս ծնած է սովորական մարդ եւ վերջը միայն մկրտութեան ժամանակ աստուածային էութիւնը Սուրբ Հոգիի կերպարանքով իջած է Քրիստոսի վրայ»: Նեստոր չարը ցանկալով, կը փորձէր ունայնացնել մարդեղութեան խորհուրդին իսկութիւնը: Ան նաեւ հրապարակաւ սկսաւ «որոմ» սերմանել իր պաշտօնեաներու ձեռքով եկեղեցիէն ներս:
Ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ իմանալով Նեստորի աղանդին մասին, փութացին Տիեզերական ժողով մը գումարել կասեցնելու համար զինք եւ իր հետեւորդները:
Ս. Կիւրեղ՝ Ալեքսանդրիայի հայրապետը, խորհրդակցելով ողջմիտ եպիսկոպոսներու հետ, կը փորձէ նամակներով խրատել Նեստորը, հրաժարելու սխալ վարդապետութենէ: Երբ ան անդրդուելի կը մնայ իր կեցուածքին մէջ, ժողով մը կը գումարուի Փոքր Ասիոյ ծովահայեաց Եփեսոս քաղաքին մէջ:
Այս ժողովին ներկայ կ’ըլլան 200 եպիսկոպոսներ տարբեր երկիրներէ: Ժողովի մասնակից Հայրապետները նախ կը նզովեն Նեստորը եւ իր աղանդը, ապա Սուրբ Հոգիով լեցուած կը հասատեն Կիւրեղ Հայրապետի բանաձեւը, որ կ’ըսէ. «Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյն»: Ինչպէս նաեւ կը դաւանին Ս. Կոյսին Ծնող եւ Մայր Աստուծոյ ըլլալու հանգամանքը, այնուհետեւ Ս. Կոյս Մարիամ կը կոչուի «Աստուածածին եւ Աստուածամայր:
Այս ժողովին Հայոց Եկեղեցիէն հրաւիրուած էր Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետը, որ կամքէ անկախ պատճառով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ, բայց գիրով մը իր համեմատութիւնը յայտնած է:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան