ԱՖՐԱՄ Բ. ԵՒ ՊԱՍԻԼԻՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ՝ Ուրբաթ, 8 Օգոստոս 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին եւ ասորի-հնդիկ եկեղեցւոյ պետ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ բերելու այժմէական երկու հարցեր.- Առաջին հերթին, լայնօրէն քննարկուեցան Անտիոքի ասորի պատրիարքութեան եւ Հնդկաստանի ասորի պատրիարքութեան միջեւ անցեալէն եկող տարակարծութիւնները: Այս գծով, շուրջ 15 տարի առաջ, եւ նաեւ վերջերս Եգիպտոսի մէջ կայացած ժողովին, Վեհափառ Հայրապետը որոշ աշխատանքի ձեռնարկած է՝ փոխադարձ հասկացողութեան եզրեր գտնելու յիշեալ երկու պատրիարքութիւններուն միջեւ ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի մալապար եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ներքին տարակարծութիւններուն գծով:

Երեք հոգեւոր պետերու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հասկացողութեան եզրեր գտնելու կարելիութիւնները:

Ապա, անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն: Յայտնենք, որ այս ծիրէն ներս, շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Արամ Ա. ՎԵհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եզաճի Պատրիարքին հետ: Արդարեւ, Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարք շեշտեցին քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու եւ Սուրիոյ նոր իշխանութեան հետ փոխադարձ հասկացողութիւնը աւելի խորացնելու կարեւորութիւնը:

Համդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ շնորհաւորեց հնդիկ մալապար եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքը՝ անոր ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով: