ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 11.27-33

Յիսուս եւ իր աշակերտները դարձեալ Երուսաղէմ եկան: Մինչ Յիսուս տաճարին մէջ կը պտըտէր, իրեն մօտեցան աւագ Քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչները ու երէցները եւ հարցուցին.

-Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները: Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ:

Յիսուս պատասխանեց անոնց.

-Լաւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՝նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք: Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն թէ մարդոցմէ: Պատասխանեցէք տեսնեմ:

Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել.

-Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ տրուած էր», մեզի պիտի ըսէ՝ թէ ինչո՞ւ չհաւատացիք իրեն.

Իսկ «Մարդոցմէ էր» չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է:

Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի.

-Չենք գիտեր:

Յիսուս ալ իրենց հարցումին պատասխանելով ըսաւ.

-Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ինչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այս բաները:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, իմաստութեամբ եւ հեղինակութեամբ կ’ուսուցանէր: Այս իրողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ շատեր Յիսուսին ընդմէջէն տեսնեն փրկութեան հրաւէրը: Իսկ խումբ մը եբրայեցի կրօնաւորներ (փարիսեցիներ, դպիրներ, Օրէնքի ուսուցիչներ) Քրիստոսի նկատմամբ բարկութեամբ եւ նախանձով կը լեցուէին, որովհետեւ Յիսուս կը բացայայտէր անոնց խաւարային նենգամտութիւնները եւ գործերը:

Մարկոս Աւետարանիչ պարզելով անոնց թշնամական մօտեցումը կ’ըսէ. «Աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները լսեցին ասիկա եւ սկսան միջոց մը փնտռել, թէ ինչպէս սպաննել զԱյն: Անոնք Յիսուսէ կը վախնային, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդը կը հիանար Անոր ուսուցումներուն վրայ» (Մր 11.18):

Ասոր համար Օրէնքի ուսուցիչները թակարդներ լարելով կը փորձէին ամբաստանել Յիսուսը այն համոզումով, թէ կը յաջողին զԻնք ծուղակը ձգել եւ ձերբակալել:

Յիսուս Երուսաղէմի տաճարէն դուրս դրաւ եւ վտարեց բոլոր անոնք, որոնք աւազակներու որջի վերածած էին աղօթքի վայրը, ցոյց տալով Իր տան հանդէպ ունեցած բծախնդրութիւնը (Մտ 21.12-17): Այս մէկը հաճելի չթուեցաւ եբրայեցի կրօնաւորներուն, որոնք Յիսուսի հարցուցին. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները: Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ»: Յիսուս պատասխանեց. «Լաւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ինչ իշխանութեամբ կ’ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք: Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն թէ մարդոցմէ» (Մր 11.29-30):

Ահաւասիկ հարցում մը, որ կը բացայայտէր այդ կրօնաւորներուն ներքին մտածողութիւնը եւ կը թափանցէր անոնց հոգիին խորքը, տեսնելու թէ արդեօք հաւատքի թթխմոր ունի՞ն կամ ոչ: Անոնց պատասխանը կ’ըլլայ. «Չենք գիտեր».(Մր 11.33): Փաստօրէն Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութիւնը մութ կը թուէր անոնց համար. հետեւաբար Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնն ալ անհասկանալի պիտի համարուէր իրենց: Ինչպէ՞ս կրնային հաւատալ Քրիստոսի Աւետարանին, երբ չէին հասկցած վերջին մարգարէին՝ Յովհաննէս Մկրտիչին մկրտելու նպատակը: Յիսուս գիտէր, որ անոնք դժուարութիւն պիտի ունենային խոստովանելու, թէ Յովհաննէսի կոչումը Աստուծմէ էր, որովհետեւ հակառակ անոր մարգարէական բացայայտ ինքնութեան՝ մերժած էին զայն: Եւ միաժամանակ գիտէին, թէ ան կը վայելէր ժողովուրդին ճանաչումը իբր մարգարէ:

Այսօրուան աւետարանական հատուածին մէջ կը տեսնենք հիմնական երկու հոգեւոր ճշմարտութիւններ.

ա. Եբրայեցիները չէին հասկցած մարգարէական խոստումները, որոնք պիտի իրագործուէին Քրիստոսով, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ. «Պէտք էր որ իրականանային Մովսէսի Օրէնքի գիրքին, մարգարէական գիրքերուն եւ Սաղմոսներուն մէջ Իմ մասիս գրուածները» (Ղկ 24.44):

բ. Մարգարէական գրութիւններուն լոյսին տակ աւելի յստակ կարելի է ըմբռնել Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը:

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Քրիստոսի եօթանասուն երկու կամ «եօթանասունք» կոչւող աշակերտները, տասներկու առաքեալներուն հետ Քրիստոսի Աւետարանը համայն աշխարհին տարածելու նոյն առաքելութեան կոչուած աշակերտներ էին, որոնց համար Աւետարանը կ’ըսէ. «Յիսուս եօթանասուներկու աշակերտներ եւս նշանակեց եւ զանոնք զոյգ-զոյգ իրմէ առաջ ղրկեց իր երթալիք բոլոր քաղաքներն ու շրջանները: Անոնց ըսաւ. Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ : Գացէք ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ՝ գայլերու մէջ» (Ղկ 10.2-16):

Եօթանասուն երկուքէն ոմանք Քրիստոսի Խաչ բարձրանալէն առաջ ընտրուած էին, իսկ ուրիշներ ալ՝ յարութենէն ետք:

Նոր կտակարանին մէջ անոնց անունները հազուագիւտ յիշատակուած են: Անոնք ընդհանրապէս շրջաններու առաջնորդներ կամ եպիսկոպոսներ եղած են եւ անոնցմէ շատեր՝ նահատակուած:

Վարք Սրբոցներ (Յայսմաւուրք) եւ այլ աղբիւրներ կը վկայեն եօթանասուն երկու աշակերտներու դասուն պատկանող քառասուն ստոյգ եւ երեսուն հաւանաբար կիներ, անուններու մասին:

Ինչպէս որ տասներկու առաքեալներուն մեջէն Յուդա իսկարիոտացին մատնեց Քրիստոսը, այնպէս ալ եօթանասուն երկուքին մէջէն՝ Նիկողայոս Անտիոքացի աղանդապետը, Փիքելոսը, Հերմոգինէսն ու Դեմասը դարձան Քրիստոսը ուրացողներ եւ սկսան Քրիստոսի հետեւորդները սխալ վարդապետութիւններու ճամբով մոլորեցնել, որոնք աւանդութեան համաձայն Յուդայի նման դուրս դրուեցան առաքեալներու խումբէն եւ անոնց փոխաէն ուրիշներ ընտրուեցան:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը ներբողէ Քրիստոսի քաջ եւ հաւատարիմ զինուորներն առաքինի առաքեալները ըսելով. «Այսքան բազմագումար դասը ընտրեալներուն՝ ո՜վ կրնայ ըստ բաւականին ներբողել: Անոնք մաքրակենցաղ առաքինութեամբ տիրաքարոզ ճանապարհորդութեամբ եւ մեծ բերկրանքով իրենց առաքողին անունը կը պատմէին. ախտերը՝ կը բուժէին, այսերը (չար ոգիները) կը հալածէին: Զանոնք առաքող Աստուածը՝ արժանացուց նաեւ սուրբ արքայութեան» (Վարք Սրբոց էջ 31-34):

Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ Ս. ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԻՇԽԱՆՆԵՐ

Սահակ եւ Համազասպ հարազատ եղբայրներ Արծրունեանց տոհմի նախարարներ էին եւ վասպուրականի տէրերը:

Անոնք ապրած են 8-րդ դարուն,Կոստանդինի կայսրութեան եւ Մուսէ արաբ ամիրապետի շրջանին:

Նոյն շրջանին Հայերը մեծ նեղութիւններ կը կրէին այլազգի ոստիկաններէն:

Ուստի միաբանելով՝ հայ իշխաներ զանոնք կը վտարեն հայկական հողերէն եւ որպէս անկախ իշխանութիւն կը ղեկաւարեն երկիրը եւ Համազասպ Արծրունին մարզպետ կը կարգեն:

Ամիրապետը իրազեկ դառնալով եղելութեան, իսկոյն՝ Եզիտ անուն ոստիկան մը կը ղրկէ, որ կեղծ խոստումներով երկու նախարարները եւ իրենց կրտսեր Մերուժան եղբայրը արաբ հազարապետին մօտ կը հրաւիրէ:

Հազարապետը նախ յարգալից վերաբերումնք ցոյց կու տայ նախարարներուն, ապա զիրենք կը տանի Պարտաւ քաղաքը եւ հոն իր իսկական դիմագիծը եւ նպատակը ցոյց կու տայ, առաջարկելով՝ կամ ուրանալ Քրիստոնէական հաւատքը եւ կամ ընդունիլ մահը:

Քաջ իշխանները կը նախընտրեն նահատակութիւնը, քան թէ ուրանալ իրենց հաւատքը:

Այն ատեն հազարապետը զիրենք կը բանտարկէ եւ կրկին կը փորձէ համոզել, որ ուրանան իրենց հաւատքը, հակառակ պարագային կը սպառնայ զիրենք չարաչար սպաննել:

Իրենց եղբայրը Մերուժան թուլասիրտ կը գտնուի, անմիջապէս կ’ուրանայ իր հաւատքը, հազարապետին քով երթալով յանձն կ’առնէ մահմետական դառնալ:

Մերուժան կը կարծէ, որ այս ընթացքով ինք Վասպուրականի իշխան պիտի դառնայ, բայց արծրունեաց իշխանութեան առժամեայ վարչութեան պետ Դաւիթ Մամիկոնեան իշխանը, լսելով եղելութիւնը, անոր ընդառաջ երթալով կը նախատէ եւ կը սպաննէ զինք:

Նենգամիտ հազարապետը, կարծելով թէ հայ իշխանները իրենց եղբոր արարքէն ետք կարծիքնին փոխած կ’ըլլան, կրկին խոստումներ կու տայ ուրանալու իրենց հաւատքը, սակայն իշխանները խոստացուած պատիւներու փոխարէն նահատակութիւնը յանձն կ’առնեն:

785 թուականին կը նահատակուին Քրիստոսի երկու վկաները՝ Ս. Համազասպ եւ Ս. Սահակ Իշխանները: Ամէն տարի Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը յիշէ եւ կը մեծարէ անոնց յիշատակը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան