ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻՆ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԸ՝

ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻՆ
 

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 3.13-21:
 

Աստուծոյ սէրը մարդոց հանդէպ.
 

Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է: Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար:
 

-Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն են:

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԸ
 

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ խաչափայտին վրայ իր արիւնը թափելով մարդկութեան մեղքերը ջնջեց,մահը խփանեց ու խորտակեց եւ մեզի կեանք պարգեւեց: Սուրբ Խաչը ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքի շօշափելի խորհրդանիշը եղաւ, այլեւ՝ աստուածային զօրութեան աղբիւր եւ Քրիստոսի պատկանելիութեան ցուցանիշ: Ս.Խաչը նաեւ կը կոչուի. «Կենաց Փայտ» եւ «Սուրբ Նշան»:
 

Ս.Խաչը հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքին մէջ եւս ներկայ է յատկապէս՝ Խաչքարերու արուեստով, իսկ ժողովրդային իմաստով, զայն կ’անմահացնեն նաեւ անուանակոչութեամբ:
 

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Քրիստոսի Ս.Խաչը կը պատուէ ու կը փառաւորէ տարուայ ընթացքին չորս առիթներով.

ա. Երեւումն Ս. Խաչի տօնը, որ կը նշուի Ս. Զատիկէն ետք հինգերորդ կիրակին:

բ. Վերացման Ս.Խաչի տօնը, որ կը նշուի Սեպտեմբեր ամսուան 14 մօտակայ կիրակին:

գ. Վարագայ Ս. Խաչի տօնը,որ կը նշուի Սեպտեմբեր ամսուայ 25էն հոկտեմբերի 1ի միջեւ կիրակին:

դ. Գիւտ Խաչի տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր 25ի մօտակայ կիրակին:
 

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ
 

Խաչվերացի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է:Յիշատակն է Քրիստոսի Խաչափայտի գերեդարձին եւ վերացման: Խոսրով Պարսից թագաւորը՝ յունաց դէմ իր պատերազմին մէջ, 610ին, յաղթելով Հերակլ կայսեր, Երուսաղէմն ալ գրաւելով գերի կը տանի Քրիստոսի Խաչափայտը Պարսկաստան: Հերակլ զօրաժողով մը գումարելով մեծ բանակ մը կը կազմէ ու կը քալէ Պարսիկներու վրայ: Քրիստոնէական բանակին նաեւ մաս կը կազմէ հայկական զօրագունդ մը, Մժէժ Գնունի սպարապետի գլխաւորութեամբ: Խոսրով կը սպաննուի իր Կաւատ Շիրոյ որդիէն, որ նոյնպէս յաջորդ տարին մեռնելով, իրեն կը յաջորդէ իր փեսան՝ Խոռեամ, Հերակլի կազամած բանակի շնորհիւ Խաչափայտը կ’ազատագրուի 629ին: Պարսկաստանէն Կարին, Կարինէն Կ. Պոլիս, ապա Երուսաղէմ մեծ ոգեւորութեամբ կը հասնի ազատագրուած Խաչափայտը: Տօնը կը նշուի Սեպտ.14 մօտակայ կիրակի օրը, որուն կը կանխէ մէկ շաբթուան պահք եւ նաւակատիք: Այս տօնը կը յատկանշուի նոյն օրուան երեկոյեան Ս.Խաչի թափորով եւ անդաստանով: Ս.Խաչը զարդարուած կ’ըլլայ բուրումնաւէտ ռեհանի տերեւներով,որոնք յետ արարողութեան հաւատացեալները իրենց տուները կը տանին, որպէս օրհնութիւն եւ հիւանդներու ցաւերը փարատող դարման: Տօնին կը յաջորդէ յիշատակ մեռելոց: Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոս կարգաւորած է տօնին արաողութիւնը եւ գրած շարականներ, որոնք կը կրեն. «Սա պահեսցէ զմեզ ամեանայն փորձութենէ» խորհուրդը:
 

Ս. Խաչին նուիրուած տօներուն ընդմէջէն մենք հրաւիրուած ենք աշխարհիկ եւ անհեթեթ ցանկութիւններէն հրաժարելու եւ քրիստոնէավայել կեանք մը ապրելու եւ արժանանալու Տիրոջ ներկայութեան: Մեր Տէրը կ’ըսէ. «Ան որ իր խաչը չ’առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի» (ՄՏ.10.38):
 

Թող որ Քրիստոսի Ս.Խաչը իւրաքանչիւրիս համար միակ պարծանքը ըլլայ,ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Գալով ինծի, քաւ’ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (ԳՂ.6.14):
 

Ս. Խաչի զօրութեան ապաւինելով աղօթենք. «Քու խաչդ թող մեզի ապաւէն ըլլայ, Տէր Յիսուս,երբ Հօրը Փառքով երեւիս՝ լուսաւոր ամպերու վրայ: Այն ատեն թող ամօթով չմնանք մենք՝ Քեզի հաւատացողներս, այլ քու մեծ զօրութեամբդ ուրախանանք՝ Քու աջ կողմդ բազմած, իբրեւ լոյսի որդիներ եւ փրկութեան ժառանգորդներ»։ 

ՏՕՆ ՍՐԲՈՒՀՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ Ի ՅԱՆՆԱՅԷ
 

Մարիամի ծնողներն էին Յովակիմ եւ Աննա: Աննա ամուլ էր եւ ուխտ կատարելով կը յղանայ Մարիամը, աւանդութեան համաձայն, երեք տարեկանին Մարիամը կը նուիրեն Երուսաղէմի տաճարին եւ եօթը տարեկանին կը միանայ կոյսերէ բաղկացած այն խումբին, որնք կ’ապրէին Տաճարին մէջ: Ժամանակ մը Տաճարին մէջ Աննա մարգարէուհիին դաստիարակութեան եւ հսկողութեան ներքեւ մնալէ ետք, Մարիամ կը վերադառնայ իր ծնողաց մօտ, ապա կը նշանուի Յովսէփ անունով արդար մարդու մը հետ, Գաբրիէլ հրեշտակապետէ աւետումը ստանալէ ետք, կը ծնի աշխարհի փրկիչը եւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուսը:
 

Ս. Կոյս փոքր տարիքէն իր հասակակիցներէն աւելի ուշիմ եւ իմաստութեամբ ու շնորհքներով օժտուած էր: Ան ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ Փրկագործութեան ծրագիրին ըսելով. «Աստուծոյ աղախին եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38):
 

Ս. Կոյս Մարիամ, Աստուծոյ կողմէ արժանացաւ «Աստուծոյ Որդիին» ծնող ըլլալու պատիւին: Ան Աստուածամայր ըլլալով մնաց իր խոնարհութեան եւ հեզութեան մէջ, միշտ աղօթեց համայն մարդկութեան եւ ծառայեց բոլորին, եւ եղաւ մեր մայրը ու իր Որդիին միջոցաւ հաշտութիւն հաստատուեցաւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան