ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՄԵՐՈՑ

ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 12.35-44:

Որո՞ւն որդին է Քրիստոս.

Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ընթացքին հարցուց ժողովուրդին.

-Օրէնքի ուսուցիչները ի՞նչպէս կ’ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է, երբ Դաւիթ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ’ըսէ.- «Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.- Աջ կողմս նստէ մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»: Եթէ Դաւիթ զայն տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս ուրեմն Քրիստոսը անոր որդին է:

Ժողովուրդը հաճոյքով մտիկ կ’ընէր Յիսուսի, որ իր ուսուցումները շարունակելով կ’ըսէր.

-Զգո՛յշ եղէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր զգեստներով շրջիլ, հրապարակներուն վրայ մարդոցմէ յարգալիր բարեւներ ընդունիլ, ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին ՝ պատուոյ տեղերը: Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ’երկարեն: Ասոր համար աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունին:

Այրի կնոջ լուման.

Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ: Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին: Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ քանի մը դահեկան կ’ընէր: Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.

-Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարնրէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը:

Ընդհանրապէս եբրայեցի ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար Օրէնքի ուսուցիչներուն համար հիմնական հարց էր խոստացուած Փրկիչին ինքնութիւնը՝ թէ ո՞վ պիտի ըլլար Ան: Անոնք իմանալով Հին Կտակարանեան ուսուցումներէն եւ մարգարէութիւններէն կը հաւատային, թէ Փրկիչը Դաւիթ մարգարէին սերունդէն պիտի ըլլար: Իսկ Քրիստոս կ’ըսէր. Օրէնքի ուսուցիչները ինչպէ՞ս կ’ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է, երբ Դաւիթ ինք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ’ըսէ.-

«Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.- Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան» (Մր 12.35-36):

Ճշմարութիւնը այն է, որ Քրիստոս որպէս կատարեալ մարդ, ծնաւ Ս.Կոյս Մարիամէն, այսինքն՝ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն եւ նաեւ կատարեալ Աստուած էր, որ ժամանակներէն առաջ իսկ գոյութիւն ունէր, Դաւիթի Տէրն էր եւ ո՛չ թէ անոր որդին:

Քրիստոս մարդոց կը զգուշացնէր նաեւ փարիսեցիներու անօրէնութիւններէն, եւ կը դատապարտէր անոնց կեղծաւորութիւնը: Անոնք մակերեսային սկզբունքներու տէր մարդիկ էին, առանց ճշմարիտ ուսուցիչներ ըլլալու: Անոնք Օրէնքը շատ լաւ գիտնալով հանդերձ Օրէնքին դէմ կը գործէին, հետեւաբար իրենց կեղծաւորութեան պատճառով, Քրիստոսի «Վայ»երուն արժանացան եւ որոնց համար Քրիստոս ըսաւ. «Աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունին» (Մր 12.40):

Մարկոս աւետարանիչ մեզի կը պատմէ նաեւ հետեւեալ դրուագը, թէ ինչպէս Քրիստոս տաճարի գանձանակին մօտ կեցած կը դիտէր անոնց, որոնք նուէրներ կը ձգէին գանձանակին մէջ. (Մր 12.42-44): Քրիստոս կ’եզրակացնէ, թէ այն այրի կինը որ միայն երկու լումայ ձգեց ու անցաւ, ան ամէնէն շատ դրամ նետած եղաւ: Նիւթական արժէքին մասին չէ խօսքը, այլ՝ կամեցողութեան: Քրիստոս կը շեշտէ, թէ նուէրին քանակը կարեւոր չէ, այլ սրտաբուխ ըլլալն է եւ մանաւանդ՝ նուիրողին նպատակը: Քրիստոս կը շեշտէ թէ երբ աջ ձեռքդ ողորմութիւն մը ընէ ձախը թող չիմանայ, այսինքն՝ գաղտնօրէն պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ փառաբանուելու կամ գովասանք ստանալու համար:

Քրիստոս կ’ըսէ. «Անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (Մր 12.44): Այսինքն՝ ինք կարիքաւոր ըլլալով հանդերձ եւ իր չքաւորութեանը մէջ, ինչ որ ունէր եւ հաւանաբար իր որբուկներուն հացի բաժինն էր, որ ձգեց գանձանակին մէջ, եւ ոչ թէ իր աւելորդէն:

Սիրելի հաւատացեալ, տաճարին մէջ դրուած գանձանակը խորքին մէջ մեր կեանքը կը խորհրդանշէ, որ Աստուած պարգեւած է մեզի: Այրի կնոջ օրինակը կոչ մըն է մեր բոլորին, որ Աստուծմէ մեզի շնորհուած այս կեանքը արժեւորենք եւ արդիւնաւորենք: Այսօր ձեր թանկագին լումաները մի մսխեք վաղանցուկ հաճոյքներու եւ հումպետս վատնելու զանոնք, այլ այրի կնոջ մնան զայն արժեւորենք յաւիտենական կեանքը վաստակելու համար:

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՄԵՐՈՑ

Հայ գիրերու գիւտը արդիւնք էր Ս.Գիրքը հայերէն թարգմանելու անհրաժեշտութեան, որպէսզի հայ ժողովուրդը կարենար իր մայրենի լեզուով կարդալ եւ հասկնալ Աստուծոյ խօսքը՝ իբրեւ հոգեւոր սնունդ: Այդ անյետաձգելի գործը կատարեց Ս.Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ՝ տարիներու տքնաջան հսկումով ու աղօթքով երկնելով, հայ գիրը 404-406 թուականին:

Երբեմն հարց կը տրուի, ի՞նչ է Ս.Գիրքը «Աստուածաշունչ»-ը:

Քրիստոնէական կրօնի հիմքն է, Աստուծոյ գոյութեան եւ կեանքի Մատեանն է, Աստուծոյ խօսքն է եւ մեր հաւատքի խարիսխը: Ան մարդկութեան հոգեւոր սնունդի անսպառ շտեմարան է, ոսկեղէն խօսքերու եւ թանկագին ադամանդներու գանձարան: Կեանքի փրկութեան ոսկեմատեանն է ան: Ամբողջ աշխարհը այս գիրքը Սուրբ Գիրք կ’անուանէ. իսկ մենք հայերս, Աստուածաշունչ կը կոչենք, օգտագործելով մեր անմահ Թարգմանիչներուն իմաստութեամբ ու մեծավայելչութեամբ գործածած այս գոհար բառը:

Աստուածաշունչի Հին Կտակարանը կը բաղկանայ 48 գիրքերէ իսկ Նոր Կտակարանը՝ 27: Ս.Սահակ Պարթեւ եւ Ս.Մեսրոպ Մաշտոց եւ Թարգմանիչ հայրեր, Աստուածաշունչի առաջին Թարգմանութիւնը կատարեցին ասորերէն «Պեշիթա» կոչուած ասորական թարգմանութենէն, որ կը նշանակէ «ռամիկ, պարզ, հասարակ»: Այնուհետեւ օգտուած են Եօթանասնից կոչուած թարգմանութենէն, որ կատարուած է եբրայերէն բնագիրէն: 434 թուականին Թարգմանիչ Վարդապետներ Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի հետ, սրբագրած են Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, եւ իր լրումին հասցուցած: Այսօր Աստուածաշունչը արդի հայերէնի թարգմանուած ըլլալու կողքին նաեւ ձեռնտու դարձած է համակարգչային համաբարբառի գործածութիւնը, այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ թէ հայ եկեղեցին ժամանակի հետ քայլ կը պահէ եւ ինքզինք կը նորոգէ:

Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ ԵՒ ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայոց գիրը՝ «Այբուբենը» ստեղծեց 404-406 թուականին, ճշմարտութիւն մը, որ յայտնի է իւրաքանչիւր հայու: «Այբուբեն» բառը կազմուած է առաջին երկու տառերու անուններէն՝ Ա-այբ, Բ-բեն: Գիրերու գիւտի արդիւնքը այն եղաւ, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ամբողջ ընթացքին տառերը եղան ինքնատիպ սուր՝ բազմադարեան թշնամիներուն դէմ: Ս.Մեսրոպ Մաշտոց կատարեց հայրենանուէր այնպիսի գործ, որ հրաշքի նման էր: Սակայն արդեօք դիւրի՞ն էր գիրերու գիւտը: Հայագիր հնագոյն մատեաններուն համաձայն, Ս. Մեսրոպի աշակերտներուն գործերուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ, գիտնականներ եկած են այն եզրակացութեան, որ հայ գիրերը Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծած է հանգրուանային կերպով:

Ա-Հայաստանի տարբեր գաւառները այցելելով՝ Ս.Մեսրոպ Մաշտոց ուսումնասիրած է այդ շրջաններու բարբառներու հնչիւնական արտասանական իւրայատկութիւնները, համեմատած եւ գտած է ընդհանուր ու հասարակաց հնչոյն, եւ տառերը ստեղծած է այդ ընդհանուրին համապատասխան:

Բ-Յաջորդ կարեւոր խնդիրը գրութեան ուղղութիւնն է, կային ձախէն-աջ, աջէն-ձախ, վերէն վար գրութիւններ: Գիրի զարգացման բարձր աստիճանը աջընթաց ուղղութիւնն է, որ դարձեալ ճիշդ ընտրուեցաւ Ս.Մեսրոպի կողմէ:

Գ- Կարգ մը այբուբեններու մէջ նոյն տառը երբեմն տարբեր ձեւով կ’արտասանուի: Ս.Մեսրոպ ընտրեց ճիշդ սկզբունք մէկ հնչիւնին՝ մէկ գիր տառ:

Դ-Հին ժամանակի ամէնէն յայտնի եւ գործնական լեզուներէն երկուքը՝ ասորերէն եւ պահլաւերէն բառերուն մէջ ձայնաւորները չէին գրուեր, որմէ դժուարութիւններ եւ թիւրիմացութիւններ կը յառաջանային: Ս. Մեսրոպ տառեր յօրինեց նաեւ ձայնաւորներուն համար:

Տառերը յօրինելէ ետք Ս. Մեսրոպ Մաշտոց պէտք էր զանոնք դասաւորէր, եւ տառերուն անուններ տար, ինչպէս նաեւ՝ թուային արժէք, որպէսզի վերջնականապէս ձեւաւորուէր այբուբենը: Ս.Մեսրոպ Մաշտոց նաեւ գիրերու գործածութեան կանոններ սահմանեց, աւարտելէ ետք թարգմանական գործի սկսաւ:

«Օ» եւ «Ֆ» տառերը Մաշտոցեան այբուբենին մաս չեն կազմեր, աւելցուած են 12-րդ դարուն, իսկ 17-րդ դարուն նաեւ «Եւ»շաղկապը: Միջնադարուն հայոց գիրերը նաեւ նկարազարդուեցան եւ ծաղկազարդուեցան հայ գծագրիչներու կողմէ, կազմելով՝ «Թռչնագիր» եւ «Ծաղկագիր»-ը, գեղեցիկ խորհրդանիշներով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան