ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 12.38-45:
Հրաշքի մը խնդրանքը.
Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի.
-Վարդապե՛տ , կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Աստուծոյ անհաւատաիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ’ուզէք. բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս:
Չար ոգիին վերադարձը.
-Երբ չար ոգին դուրս կ’ելլէ մարդու մը մէջէն, կ’երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար: Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ’ըսէ.«Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»: Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած: Ապա կ’երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ’ըլլայ: Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին:
Մարդկային կեանքի ամենավաղ շրջաններէն սկսեալ, մարդիկ նշաններու եւ հրաշքներու միջոցաւ է որ հաւատքի եկած եւ Աստուծոյ հաւատացած են:
Սրբազան Պօղոս առաքեալ, իր նամակներուն ճամբով յստակօրէն կը բացատրէ նշաններուն եւ հրաշքներուն նպատակը, որ կը միտի հեթանոսները հաւատքի առաջնորդել, իսկ հաւատացեալներուն արդէն տրուած է մարգարէութիւնները քննելու եւ անոնց իրականացումը սպասելու շնորհքը:
Եբրայեցի ժողովուրդի մեծագոյն յանցանքն էր, որ հակառակ մեր Տիրոջ նշաններուն եւ հրաշքներուն ականատես եղած ըլլալնուն, երբեք չհաւատացին եւ չթափանցեցին եղածներուն խորքը, որովհետեւ շնորհքէն աւելի Օրէնքին ու անոր տառացի գործադրութեան առաջնահերթութիւն տուին:
Այսօրուայ աւետարանական հատուածին մէջ կը տեսնենք կրկին թէ ինչպէս Փարիսեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք»(Մտ12.38), Յիսուս յիշեցուց անոնց Հին Կտակարանէն մեծագոյն նշանը եւ հրաշքը, որ Յովնան մարգարէինն էր, թէ ինչպէս երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, ինչ որ «Մարդու Որդի»ին երեքօրեայ թաղումը եւ յարութիւնը կը խոհրդանշէր: Հրաշքին մէջ Յովնան մարգարէն կը ներկայանար որպէս Քրիստոսի նախատիպը:
Յովնան մարգարէին պատահածը, հաւատացեալին կը բացատրէ թէ՝ Յովնան մեղաւոր կեանքին համար, երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ ապաշխարեց, զղջաց, ապա արդարացած նոր յարուցեալ կեանքի դարձաւ:
Նինուէացիները նշան չխնդրեցին, այլ՝ Յովնանի քարոզութեամբը ապաշխարեցին:
Նոյնպէս Հարաւի թագուհին, Սողոմոնէն որեւէ նշան չտեսաւ, բայց անոր իմաստութեան հաւատաց, եւ ահա Յովնանէն եւ Սողոմոնէն աւելի մեծ էր Յիսուս, սակայն կեղծաւոր մարդիք նշան կ’ուզեն, որ հաւատան: Յիսուս կ’ըսէ անոնց.«Նինուէացիներն ու Հարաւի թագուհին դատաստանի օրը պիտի դատապարտեն ձեզ»(Մտ 12. 41-42), որովհետեւ Յիսուսի բոլոր հրաշքներուն, նշաններուն եւ քարոզութիւններուն ներկայ էին եւ տակաւին նշան կ’ուզէին տեսնել հաւատալու համար: Եբրայեցիք կը կարծէին, թէ Օրէնքով իրենք չարէն փրկուած են, բայց կը սխալէին, որովհետեւ իրենց փրկութիւնը հաւատքով եւ Ս.Հոգիի գործով չէր պտղաբերուած, այդպիսիներուն վերջը աւելի գէշ պիտի ըլլայ կ’ըսէ Յիսուս, որովհետեւ չարը եօթն անգամ աւելի զօրաւոր միջոցներով պիտի յարձակի եւ տապալէ զիրենք: (Մտ 12.45)
Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին շատ հրաշքներ գործեց, ոչ թէ փառաւորուելու երկրի վրայ, այլ Աստուծոյ փառքը հաստատելու երկրի վրայ, ապա գթալով տառապող մարդկութեան, նախ բժշկեց անոնց հոգիները, ապա ֆիզիքական ցաւերը:
Հետեւաբար, Քրիստոսն է Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած մեծագոյն եւ ճշմարիտ հրաշքը: Փարիսեցիներուն ու դպիրներուն նման մենք եւս չհամարձակինք ըսելու.«Նշան մը կ’ուզենք տեսնել» հաւատալու համար,այլ սաղմոսերգուին նման ըսենք.«Ճաշակեցէ՛ք, եւ տեսէք՝ թէ ի՜նչքան քաղցր է Տէրը. երանի՜ անոր՝ որ Տիրոջ կ’ապաւինի»(Սղ 34.8):
Արդ, այս աշխարհի մէջ ապրինք համապատասխան՝ այն ճշմարտութեան եւ ընթանանք այն ճանապարհէն, որ Քրիստոս Իր կեանքի օրինակով բացաւ մեր դիմաց, ուստի անվախ քալենք այն հաստատ համոզումով, որ պիտի հասնինք Աստուծոյ փառքին եւ երանաւետ թագաւորութեան:
ՏՕՆ ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ
ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Հայ ժողովուրդի հաւատքի հայրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ՝ իր կեանքի վերջին օրերը, հայրապետական աթոռը իր զաւկին յանձնելէ ետք, կամաւորապէս կը թողու քաղաքը եւ կը հեռանայ, ճգնաւորական եւ աղօթքի կեանքի նուիրուելով, Սեպուհ լերան վրայ գտնուող Մանիայ քարայրին մէջ, անշուք եւ խաղաղ պայմաններու մէջ: Ս.Գրիգոր կը վախճանի 326ին: Ոչ ոք կ’իմանայ անոր մահը: Ժամանակ մը ետք Սեպուհ լերան վրայ դեգերող հովիւներ, կը գտնեն սուրբին անշնչացած մարմինը, կարծելով որ ծերունի ճցնաւոր մըն է,զայն կը թաղեն աննշան տեղ մը:
Շրջան մը ետք իր մտերիմ աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ անունով, կը սկսի լերան վրայի ճգնարանները փնտռել, գտնելու համար սուրբը: Երկար դեգերելէ ետք, ի վերջոյ հովիւներէն կ’իմանայ տխուր եղելութիւնը: Կը փութայ թաղուած վայրը եւ կը յայտնաբերէ սուրբին աճիւնները, յատուկ արարողութեամբ ամփոփել կու տայ Թորդան գաւառի մէջ:
Հայց. Առաքելական Ս.Եկեղեցին տարին երեք անգամ կը տօնախմբէ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին յիշատակը՝«Մուտն ի վիրապ»ի «Ելն ի վիրապ»ի եւ «Գիւտ նշխարաց»ի առիթներով: Իսկ Սուրբին նշխարներով պատրաստուած Ս.Աջը մինչ օրս կը պահուի Ս.Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններու յատուկ խնամքին ներքեւ: Ս. Աջով է ,որ մեր հայրապետները կ’օրհնեն Ս.Միւռոնը:
Բարեխօսութեան՝ Աղօթք Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչին.
Ո՜վ լուսատու հայր, քաջ հովիւ եւ ճշմարտութեան վկայ, միշտ ներկայ եղի՛ր մեր մէջ, ջերմացո՛ւր մեր սառած սրտերը աստուածպաշտութեան եռանդով եւ լուսազարդ պայծառութեամբ գեղեցկացուր սուրբ եկեղեցին, ուրկէ կ’առնենք մեր հոգեւոր սնունդը, կը սորվինք անոր ուղղափառ վարդապետութիւնը: Քու բարեխօսութիւնդ կը խնդրենք, որպէսզի միշտ յիշես մեզ Աստուծոյ Միածինին առջեւ ու օգնես մեզի սրբութեամբ եւ արդարութեամբ ապրելու մեր կեանքի օրերը:
Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան