ՎԱՐԴԱՎԱՌ

ՏՕՆ՝ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 17.1-13:

Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպուեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան: Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ: Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.

-Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսին եւ միւսը Եղիային համար:
 

Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’սէր.
 

-Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք:
 

Երբ աշակերտները լսեցին ասիկայ, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.
 

-Ոտքի՛ ելէք, մի վախնաք:
 

Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան:
 

Եւ մինչ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.
 

-Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք:

Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.
 

-Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ’ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ:
 

Յիսուս պատասխանեց.
 

-Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին: Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ:

Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան:
 

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներէն երրորդը կը կոչուի Այլակերպութիւն կամ Պայծառակերպութիւն, ժողովրդային անուանումով՝ Վարդավառ:

Առաջին երեք Աւետարանները, որոնք համատեսական կը կոչուին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին այլակերպութիւնը կը նկարագրեն հետեւեալ ձեւով.-
 

Յիսուս իր հետ առնելով առաքեալներէն Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յով հաննէսը, լեռ կը բարձրանայ աղօթելու: Մինչ կ’աղօթէր, Անոր դէմքը արեւու նման կը լուսաւորուի, իսկ զգեստները հրեղէն լոյսի նման սպիտակ կ’ըլլան: Յիսուսի երկու կողմերը կը յայտնուին հին կտակարանի մեծագոյն մարգարէներէն երկուքը. առաջինը՝ Մովսէս, որ կը խորհրդանշէ օրէնքի մարգարէութիւնը, իսկ երկրորդը՝ Եղիան, որ կը խորհրդանշէ հաւատքի մարգարէութիւնը: Զոյգ մարգարէները Քրիստոսի հետ կը խօսին Անոր չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան մասին: Պետրոս, այս հրաշալի տեսարանի գեղեցկութենէն զմայլած, Յիսուսի կ’առաջարկէ ըսելով.- «Վարդապե՛տ, լաւ է որ հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք մին Քեզի, մէկը Մովսէսին եւ միւսը Եղիային համար» (ՂԿ. 9:33): Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը կը ծածկէ զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը կը լսուի, որ կ’ըսէր.- «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ, անոր մտիկ ըրէ՛ք» (Մտ.17։5):

Այլակերպութեան տօնը Քրիստոսի աստուածային փառքին յայտնութեան յիշատակն է, երբ Ան առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք ցոյց տուաւ որպէս Աստուած՝ եւ Տէր ողջերու եւ մեռեալներու։
 

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Վարդավառ բառը կը մեկնաբանէ հետեւեալ ձեւով.- «Ինչպէս վարդի մը կոկոնը բացուելով ցոյց կու տայ վարդին ողջ գեղեցկութիւնը եւ բոյրը, նոյնպէս ալ Քրիստոսի Պայծառակերպութեամբ մեր առջեւ բացայայտուեցաւ Աստուծոյ Որդիի Աստուածութիւնը եւ ողջ փառքը»:
 

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին առիթներն ու միջոցները կը ծառայեցնէր փրկագործութեան բարի լուրը աւետելու եւ «Երկնքի Արքայութեան մարգարիտները» երկիր փոխադրելու նպատակին: Նոյնպէս եւ այլակերպութեան դէպքը՝ Քրիստոսի լուսաւոր եւ պայծառակերպուած դիմագիծի ընդմէջէն մեր ուշադրութեան կը յանձնէ ու կը յիշեցնէ մարդկութեան վայելչութիւնն ու գեղեցկութիւնը հանդերձեալ կեանքին մէջ:

Այլակերպութիւնը նաեւ կը խորհրդանշէ մարդկութեան երանելի վիճակը յաւիտենականութեան մէջ, եւ կը յիշեցնէ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին հիմնական նպատակը, որ կը միտի անկեալ մարդը վերականգնել եւ անոր վերադարձնել աստուածային այն շնորհքները, որ նախամարդուն անհնազանդ ընթացքով կորսուած էր:

Քրիստոսի այլակերպութիւնը մարդկային բնութեան նախապատկերացումն է, որ պիտի հաստատուի Քրիստոսի երկրորդ գալուստով՝ երբ փառաւորեալ մարմիններով յարութիւն առնենք:


Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութիւնը տիեզերական վախճանական իմաստ ունի նաեւ, ազատագրելու ամբողջ մարդկութիւնը, որ ենթակայ է մեղքի եւ ապականութեան, զորս այլակերպութեան խորհուրդով պիտի ազատագրուի ու վերանորոգուի, երբ Քրիստոս «իր փառքով» յայտնուի:

Քրիստոսի այլակերպութիւնը իր խոր տպաւորութիւնն ու ազդու ներգործութիւնը ունեցաւ առաքեալներուն եւ համայն մարդկութեան վրայ: Պետրոս առաքեալ իր ականատեսի վկայութեամբ կ’ըսէ.- «Անձամբ ականատես եղանք Անոր մեծութեան, երբ Անիկա փառք եւ պատիւ ստացաւ Հօր Աստուծմէ, որ իր մեծավայելուչ եւ փառաւոր ձայնով Անոր համար վկայեց, ըսելով-. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Բ.Պտ 1:16-17):

Այլակերպուած աշխարհի Լոյսին՝ Քրիստոսին մօտենալով լուսաւորուինք եւ դառնանք Լոյսի որդիներ եւ Աստուծոյ թագաւորութեան ժառանգորդներ:
 

Տաթեւ Ա. Քհնյ.Միքայէլեան
 

ԿԱՆՈՆ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ

Դուն, լերան վրայ այլակերպելով քու աստուածային զօրութիւնդ ցոյց տուիր. Քեզ կը փառաւորենք, իմանալի լոյս:
 

Դուն, արեգակնակերպ փայլմամբ քու փառքիդ ճառագայթը ցոյց տալով արարածները լուսաւորեցիր. Քեզ կը փառաւորենք, իմանալի լոյս:
 

Դուն, որ ահագին տեսիլքով զարհուրեցիր քու աշակերտները հրաշքին թմբիրով, ի սէր քու աստուածային փառքին, քեզ կը փառաւորենք, իմանալի լոյս:
 

ՇԱՐԱԿՆՈՑ