ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ.9.39-10.10:
Յիսուս ըսաւ.
– Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան:
Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին.
– Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ’ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք:
Բարի եւ քաջ հովիւը
– Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ.իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է: Դռնապանը դուռը կը բանայ անոր եւ ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին: Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք: Եւ երբ ոչխարները դուրս կը հանէ՝ ի՛նք կ’առաջնորդէ, եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան: Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար:
Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, սակայն անոնք չհասկցան թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր իրենց:
Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց.
-Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը:Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ. բայց ոչխարները անոնց չհետեւաեցան: Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի.պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ: Գողը կու գայ միայն գողանալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար:
Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան:
Յիսուս իր վարդապետութիւնը եւ փարիսեցիներուն յնդիմանութիւնը կը շարունակէ: Իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ այսպէս կը սկսի Քրիստոսի նոր քարոզութեան.«Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան»(Յհ 9.39): Տեսնելու եւ չտեսնելու հակադրութիւնը բնականաբար նիւթական չէ, այլ տեսական եւ հոգեկան, ֆիզիքական տեսութեան օրինակը՝ միտքի եւ հոգիի տեսութիւնը բացատրելու համար գործածուած է: Իսկ դատաստանը զոր Յիսուս եկած է կատարելու, իւրաքանչիւր անձի իր արժանիքին եւ գործունէութեան համեմատ վարձք կամ պատիժ ստանալն է: Յիսուսի աշխարհ գալը եւ քարոզելը պատճառ պիտի ըլլան ոմանց հաւատալուն եւ փրկուելուն իսկ ուրիշներուն հակառակելուն եւ դատապարտուելուն: Ոմանք իրենց ֆիզիքական կարողութեան եւ գիտութեան վստահելով, ճշմարտութիւնը պիտի չընդունին, զրկուելով ճշմարիտ լոյսէն կոյրերու պիտի նմանին:
Յիսուսի ժամանակակիցներուն հոգեւոր աչքերը ընդհանրապէս փակուած էին, այսօր ալ նոյնն է պարագան, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է, Աստուծոյ խօսքը կարդալ, Աստուածաշունչը սերտել ու տարածել , ճշմարտութիւնը իմանալ, որպէսզի բացուին մեր հոգիի աչքերը:
Յիսուս ըսաւ.«Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան: Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկայ եւ հարցուցին.-Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք: Յիսուս անոնց պատասխանեց .-Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. Բայց քանի կ’ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք»(Յհ 9.39-41):Այն անձը որ տակաւին
Տիրոջ ճշմարտութիւնը չի գիտէր, չի հաւատար, չէ ընդունած Քրիստոսը որպէս Փրկիչ, չէ զգացած Յիսուսի կարեւորութիւնը իր կեանքին մէջ, կոյր է եւ կոյր ալ կը մնայ:
Յիսուս փարիսեցիներուն ընթացքը աւելի յստակ կերպով բացատրելու, ինչպէս նաեւ իր աշխարհ գալուն ու կատարած գործերուն իսկական նպատակը յայտնելու համար, իր խօսքը կը շարունակէ, ճշմարիտ հովիւի,
այսինքն արի, արթուն, բարի, քաջ հովիւի օրինակը կը պարզէ: Հովիւը՝ Յիսուսի բացատրութեամբ ոչխարներուն իսկական բուն տէրն է, հովիւէն տարբեր է վարձկանը, որ ուրիշին ոչխարները կ’արածէ, բուն հովիւը երբ վտանգ մը տեսնէ, յառաջ կ’երթայ, իր անձին վտանգն անգամ անտեսելով կը պաշտպանէ իր ոչխարները, իսկ վարձկան հովիւը, որ յաճախ միայն իր անձը եւ շահը կը գերադասէ , չ’ուզեր նեղութիւն եւ դժուրութիւն յանձն առնել ու իր անտարբերութեան պատճառով գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու կը տանի:
Յիսուս կ’ըսէ.«Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը իր դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ»(Յհ 10.1): Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ սուտ, օտար եւ կեղծաւոր հովիւներէ,
որովհետեւ անոնք գաղտագողի կը մտնեն փարախ եւ կը մոլորեցնեն, բայց ոչխարները պիտի չհետեւին անոնց, եթէ ծանօթ են իսկական հովիւներուն ձայնին:
Բարի հովիւը իր հօտին առջեւէն կ’երթայ եւ կ’առաջնորդէ զիրենք դէպի արօտավայրեր: Փարիսեցիները Յիսուսի խօսածներուն խորհուրդն ու իմաստը չեն ուզեր հասկնալ, սակայն Յիսուս իր միտքը աւելի
յստակեցնելու նպատակաւ կ’ըսէ.« Հաստատ գիտցէք, թէ ես եմ ոչխարներուն դուռը», «Ես եմ իրաւ հովիւը:Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար. Մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ
ցրուէ ոչխարները, որովհետեւ վարձկանը՝ չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով»(Յհ 10.11-13):
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութենէն քառասուն օրեր ետք, Հինգշաբթի օր կը նշուի Համբարձման տօնը, որ Տիրոջ փառաւորեալ մարմինով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակի տօնն է: Աւետարանները մեզի կը պատմեն, որ Յիսուսի Համբարձումը տեղի կ’ունենայ Ձիթենեաց լերան վրայ, որ այժմ կը կոչուի Համբարձման լեռ: Յիսուս իր աշակերտներուն իշխանութիւն տալէ ետք, կ’օրհնէ զանոնք եւ երկինք կը համբառնայ, ապա լուսաւոր ամպ մը կը ծածկէ զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէ:
Հայ ժողովուրդի աւանդական եւ շգեղ տօներու շարքին մէջ Համբարձումը իւրայատուկ տեղ ունի: Տօնը զուգադիպելով բնութեան վերազրթնումի ջերմ մթնոլորտին, հայկական գաւառներուն մէջ յաճախ կա’ռնչուէր վարդի եւ ծաղիկի փառաբանութեան հետ, այս պատճառով ալ Համբարձման օրը կը կոչուէր նաեւ «Ջան Կիւլիւմ»ի օր, եւ կամ ծաղիկներ ժողուելով վիճակ ձգելու օր, ցաւ ի սիրտ այս օրերուն հետըզհետէ
մոռացութեան կ’ենթարկուի:
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵԱՅԼԱ
Համբարձման օրը, ժողովրդային լեզուով կը կոչուի նաեւ, վիճակ ձգելու օր: Գործք առաքելոց գիրքը մեզի կը տեղեկացնէ ըսելով.«Մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար», «Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին.Բարսաբա
կոչուած Յովսէփը եւ Մատաթիան»(Գրծ 1.23-26): «Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուցաւ», եւ առաքեալներուն թիւը կ’ամբողջանայ տասնըերկուքի, այսպիսով աւանդաբար ծնունդ կ’առնէ վիճակ ձգելու գաղափարը:
Համբարձման տօնի նախորդող օրը՝ աղջիկներ դաշտերէն ծաղիկներ հաւաքելով իրենց տուները կը բերեն, եւ կը զետեղեն ջուրով լեցուն ամաններուն մէջ, որուն մէջ կը դնեն նաեւ զանազան տեսակի
առարկաներ, օրինակ՝ օղ, ապարանջան, մատանի, գրիչ, մկրատ, բանալի, դանակ, կոճակ….:
Համբարձման օրը, Ս.Պատարագէն ետք, կիներ, հարսեր եւ կոյս աղջիկներ դաշտեր կամ այգիներ երթալով կ’րգեն , կը պարեն ու կը զուարճանան: Ապա կը սկսի վիճակահանութիւնը: Ներկաները կը բոլորուին վարդերով
զարդարուած ամանին շուրջ, փոքրիկ աղջնակ մըն ալ գլուխը քօղով ծածկուած, ներկաներէն իւրաքանչիւրին վիճակ կը քաշէ:
Համբարձման տօնը յատուկ ժողովրդային երգ մըն ալ ունի.
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵԱՅԼԱ
Համբարձում եկաւ,
Շաղկունքը ալուն,
Զուգել են հանդեր
Նաշխուն գորգերով:
Համբարձում եայլա, եայլա ջան եայլա,
Սեւ օրեր եայլա, եայլա ջան եայլա:Կրկ.:
Փուջ փունջ աղջիկներ,
Սարերը ելան,
Վիճակ հանելու
Աշխոյժ երգերով:
Համբարձում եայլա, եայլա ջան եայլա,կրկ.:
Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան