ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ԿԻՐԱԿԻ

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ԿԻՐԱԿԻ (ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ)

Յիսուս Իր հրաշափառ ՅարութիւնԷՆ քառասուն օր ետք, երկինք համբարձաւ, եւ Հօր աջ կողմը նստաւ ու խոստացուած պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին ղրկեց առաքեալներուն:

Հոգեգալուստը նոր սկիզբ մըն է, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ՝ համար: Հոգեգալուստը տեղի ունեցաւ Յիսուսի Համբարձումէն տաս օր ետք, Զատկին յաջորդ յիսուներորդ օրը, եբրայական «Պենտեկոստէ» կոչուած տօնին յաջորդող Կիրակի օրը:

«Պենտեկոստէ» կը նշանակէ «Յիսուներրորդ օր»: Այսպէս կը կոչէին եբրայական այս տօնը, որ կը զուգադիպէր հարեական Զատիկէն՝ «Պասեքէն» յիսուն օր ետք: Տօնը Հին Կտակարանի մէջ յայտնի է «Տօն եօթներորդաց» (Ելք 23.14-16, Բ.Օր 16.9-12): Հետագային այս տօնին միացուցած են նաեւ Սինա լեռէն Մովսէս մարգարէի ձեռքով Օրէնքի տուչութեան յիշատակը: Եւ որովհետեւ Հոգեգալուստն ալ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Յարութենէն յիսուն օր ետք, ուստի «Պենտեկոստէ» բառը սկսած է գործածուիլ նաեւ Հոգեգալուստի համար:

Հոգեգալստեան դրուագը, նկարագրուած է Գործք Առաքելոց Գրքին մէջ, ուր կ’ըսուի «երբ Պենտեկոստէի օրերը վերջացան , անոնք ամէնքն ալ միասին հաւաքուած էին վերնատան մէջ» (Գրծ 1.15): Յանկարծ երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ եւ կրակի նման լեզուներ երեւացին, որոնք իջան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ, ամէնքն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներ: Եւ երբ անոնց «ուժգին» ձայնը լսելի դարձաւ, բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ վերնատան շուրջը, բոլորը ապշեցան տեսնելով առաքեալները, որոնք կը խօսէին զանազան լեզուներ:

Ներկաներուն մեծ մասը, որ տարբեր քաղաքներէն եկած էին, շփոթած զիրար կը հարցնէին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս, իսկ ոմանք ալ ծաղելով կ’ըսէին, թէ գինովցած են (Գրծ 2.13): Սակայն առաքեալները գինովցած չէին, այլ լեցուած էին Սուրբ Հոգիով:

Հոգեգալուստով տէրունական տօները իրենց աւարտին կը հասնին:

Հայ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիի գալուստը կը տօնէ ութ օր շարունակ, ինչպէս՝ Ս.Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօները, որովհետեւ Յիսուսի մկրտութեան պահուն, երբ Սուրբ Հոգին յայտնուեցաւ, զԻնք տարաւ անապատ, ուր քառասուն օր ու քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ ապրեցաւ: Ա՛յս է գլխաւոր պատճառը Հոգեգալուստը պահքով տօնելու:

Սուրբ Հոգիի գալուստով առաքեալները զանազան պարգեւներու արժանացան, նախ մաքրուեցան մեղքերէն, ստացան սքանչելագործութեան կարողութիւնը, քարոզելու համարձակութիւնը, ստացան իմաստութիւն ու բոլոր մարգարէութիւններուն եւ Սուրբ Գիրքերուն գիտութիւնը: Անոնք անբաժանելիօէրն միացան Քրիստոսի, որովհետեւ խաչելութեան ժամանակ հեռացած էին Յիսուսէ, իսկ Սուրբ Հոգիի գալուստէն ետք բոլորն ալ Անոր կրկին միացան եւ կենաց բանին քարոզիչը եւ տարածիչը դարձան:

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 14.25-31:

Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի:

Քրիստոսի խաղաղութիւնը
 

-Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք: Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ’երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»: Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ’երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է: Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախ քան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք: Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի: Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ:

Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն:

Քրիստոս կանուխէն յայտնած էր Իր առաքեալներուն, թէ մխիթարիչ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Երուսաղէմի սահմաններէն դուրս գալով պիտի տարածուի համայն աշխարհի մէջ: Ուղիղ վարդապետութեան ուսուցումը, ճշմարիտ աստուածգիտութեան լոյսին սփռումը եւ հոգիներու փրկութեան պատգամին փոխանցումը: Սուրբ Հոգիին շնորհաբաշխ ներկայութիւնը այսպէս իրականացաւ. Քրիստոսի եկեղեցին ունեցաւ տիեզերական հանգամանք:

Եսայի Մարգարէն Սուրբ Հոգիին մասին կ’ըսէ .«Իմաստութեան ու հանճարի հոգին, գիտութեան ու Աստուծոյ վախի հոգին» (Ես 11.2): Սոյն մարգարէութիւններուն իրականացումը կը տեսնենք առաքեալներուն քարոզութեան եւ գործունէութեան ընդմէջէն: Գործք Առաքելոցի հեղինակ՝ Ղուկաս Աւետարանիչ հաղորդական նկարագրականով եւ բծախնդիր ներկայացումով կը հաստատէ վերեւ նշուած մարգարէութեան իրականացումը:

Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուով հանգչեցաւ վերնատան մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն վրայ, եւ այդ էջքը հանդիսացաւ Աւետարանի քարոզութեան հիմնակէտը:

Կրակը կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին: Առիթով մը Յիսուս ըսաւ. «Եկայ կրակ ձգելու երկրի վրայ» (Ղկ 12.49): Հոս ակնարկուածը Սուրբ Հոգին է: Նոյն հաստատումը կը գտնենք Պօղոս առաքեալի մօտ երբ կ’ըսէ.«Սուրբ Հոգիին կրակը մի՛ մարէք ձեր մէջ» (Ա.Թս 5.19): Ասոր կողքին կրակը կը խորհրդանշէ.

ա- Ս.Հոգիով զօրացում եւ նախանձախնդիր ծառայութիւն: Առաքեալներուն համարձակ վկայութիւնը պերճախօս օրինակն է անոնց ջերմեռանդ ծառայութեան:

բ- Սէր: Աստուծոյ սէրը անմար հուր է, ինչպէս իմաստունը կ’ըսէ.«Շատ մը ջուրեր չեն կրնար սէրը մարել» (Երգ 8.7):

գ- Սրբութիւն: Սրբապղծութիւն նկատուած հեթանոսութիւնը՝ փուշերու նման կրակը պիտի նետուէր եւ անոր փոխարէն հաւատքի սերմեր պիտի ցանուէր:

Առանց Սուրբ Հոգիի բարեբեր ազդեցութեան կարելի չէ աստուածապաշտ, աստուածասէր եւ մարդասէր դառնալ: Ան է հաւատքին ողնասիւնը եւ հոգեւոր պաշտամունքին ակնաղբիւրը:

Անով է որ՝

ա- Աստուծոյ սէրը տեղ կը գտնէ մեր սիրտերուն մէջ.(Հռ 55):

բ- Աստուծոյ հայրութիւնը կը դաւանինք.(Հռ 8.15):

գ- Հօր Աստուծոյ կ’աղօթենք.(Հռ 8.26):

դ- Աստուծոյ փառքը կ’արտացոլացնենք.(Հռ 3.18):

Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին ձայնը կը հաղորդէ Աստուծոյ ժողովուրդին: Ասոր համար եկեղեցիէն ներս կրակը խորհրդանշող սպասներ կը գործածուին օրինակ՝ կանթեղ, մոմ, բուրվառ….: Իսկ Մկրտութեան եւ Դրոշմի սրբազան եւ կենդանարար խորհուրդներով ընծայեալը կը դառնայ տաճար եւ բնակարան Սուրբ Հոգիին:

Սուրբ Հոգիով նորոգուած եւ վերստին ծնած անձ մը.

-Կը դառնայ ազատ եւ համարձակ:

-Աստուծոյ Օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն դէմ չի գործեր:

-Կը դառնայ գիտակից եւ երկիւղած:

Զգուշութեամբ կը մտածէ, կը խօսի եւ կը գործէ, որպէսզի չարին յաղթէ եւ չի մեղանչէ:

-Կը դառնայ արթուն եւ աղօթող:

-Կը գիտակցի իր ներկայ վիճակին, որ նախապէս Պօղոս Առաքեալի նման Քրիստոսի դէմ էր, իսկ այժմ Քրիստոսի հետ՝ մեղքի եւ անարդարութեան դէմ:

Սիրելի՛ ընթերցող.

Այսպիսի փոփոխութիւն մը ունեցա՞ծ ես արդեօք: Եթէ այո է պատասխանդ՝ ուրեմն ընդունէ Սուրբ Հոգին, ճանցիր Քրիստոսը, եւ յանձնուիր Աստուծոյ եւ լսէ Տիրոջ ձայնը, որ իւրաքանչիւրիս կ’ըսէ.«Հաւատարիմ եղիր ինծի, նույնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ» (Յյտ 2.10):

Թող որ հրեղէն Սուրբ Հոգին հրդեհէ մեր խաւարապատ էութիւնը, որպէսզի դառնանք լոյսի եւ Սուրբ Հոգիի որդիներ՝ ու փրկութեան ժառանգորդներ:

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ – ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ

Պենտեկոստէն հրէական տօն մըն էր: Սինայի անապատին մէջ երբ Ասուծոյ կողմէ Մովսէս Մարգարէին կը յանձնուի «Տասնաբանեայ Պատուիրանները», այսինքն Օրէնքներու տուչութեան տօն: Հին Կտակարանի մէջ Սինա լերան վրայ Տէրը կրակին եւ ամպին մէջէն կ’երեւի Մովսէսին: Իսկ Նոր Կտակարանին՝ վերնատան մէջ հրեղէն լեզուներով կը հանգչի առաքեալներուն վրայ: Սինա լերան վրայ Աստուած եբրայեցի ժողովուրդին յատուկ Օրէնքներ կը յանձնէ Մովսէսի միջոցաւ: Իսկ քրիստոնէական Պենտեկոստէն կը յատկանշուի , որ փրկութեան աւետիսը կը քարոզուի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, իրենց սեփական լեզուներով: Նոր Պենտեկոստէն տօնն է նոր եկեղեցւոյ ,որ սկսաւ տարածուիլ եւ յառաջդիմել, շնորհիւ հրեղէն լեզուներով զօրացած եւ աստուածգիտութեամբ օժտուած առաքեալնե-րուն: Գործք Առաքելոց գիրքը ինքնին բաւարար է ցոյց տալու թէ ինչպէս առաքեալները քրիստոնէական կրօնքը կարողացան ամբողջ աշխարհին փոխանցել: Երկչոտ, պարզ այդ ցկնորսները Սուրբ Հոգին ստանալէ ետք, հերետոր եւ ճարտասան քարոզիչներու վերածուեցան,որոնց դիմաց ոչ մէկ ոյժ կարողացաւ դէմ կենալ, կայսրերն անգամ խոնահեցան եւ մկրտուելով Սուրբ Հոգիի շնորհքները ստացան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան