ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻ
ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԻԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 4.25-30:
Ձեզի օրինակներով խօսիմ: Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրիներ կային Եղիայի օրերուն, երբ երեքուկէս տարի երկինքը չանձրեւեց եւ ամբողջ երկրին մէջ սաստիկ սով տիրեց: Բայց Եղիա անոնցմէ ոեւէ մէկուն չղրկուեցաւ, այլ ուղարկուեցաւ Սիդոնի մօտիկ Սարեփթա գիւղը բնակող այրի կնոջ մը: Նոյնպէս, Եղիսէ մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ բորոտներ կային, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը բժշկուեցաւ, այլ միայն Նէեման անունով Ասորի մը:
Այս ակնարկութիւնները լսելով՝ ժողովարանին մէջ գտնուողները բարկութեամբ լեցուեցան: Ելան, Յիսուսը քաղաքէն դուրս հանեցին եւ գահավէժ ընելու նպատակով զայն տարին մինչեւ կատարը այն լերան,որուն վրայ շինուած էր իրենց քաղաքը: Բայց Յիսուս անոնց մէջէն անցաւ գնաց:
Յիսուս դէպի Գալիլիա շրջագայութեան ընթացքին զանց կ’առնէ իր բնակավայրի՝ Նազարէթ քաղաքի այցելութիւնը, որովհետեւ վստահութիւն չունէր նազարէթցիներուն վրայ: Նազարէթցիները Յիսուսի մանկութիւնը եւ անշուք կեանքը տեսած ըլլալով, իր մասին շատ գաղափար չունէին եւ չէին ընդունիր, որ հիւսն Յովսէփի որդին կրնար Մեսիան ըլլալ: Սակայն Յիսուս պարտք համարեց անգամ մըն ալ հանդիպիլ անոնց եւ Աւետարանի քարոզութիւնը կատարել: Այդ նպատակով Ան Նազարէթ կու գայ եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օրը ժողովարան կ’երթայ, Նազարէթցիները կը հրաւիրեն զԻնք, որ օրուայ Սուրբ Գիրքը մեկնէ: Յիսուս կը բանայ Սուրբ Գիրքը եւ կը կարդայ Եսայի մարգարէութենէն որ կ’ըսէ. «Տիրոջ հոգին իմ վրաս է» (Ես 61.1-2): Յիսուսի կարդացած այդ հատուածը Իր մասին ըլլալը յայտնելէ ետք, կ’աւելցնէ, թէ անոր կատարումն ալ Իր վրայ եղած է ու այդ պահուն բոլորն ալ ափ ի բերան իրարու կը փսփսան թէ՝ «Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞» (Ղկ 4.22):
Նազարէթցիներուն սրտին մէջ հաւատք գոյութիւն չունէր, չէին ուզեր ընդունիլ, որ Յիսուս խոստացուած Մեսիան է: Յիսուսի խօսքերը լսելէ ետք հրաշք մը կ’ուզեն տեսնել Իրմէ, բայց Յիսուս չ’ուզեր գոհացնել զիրենք, այլ կ’ըսէ անոնց՝ ինծի պիտի ըսէք. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ» (Ղկ 4.23): Անոնք կը պատասխանեն ըսելով՝ուրիշներուն համար հրաշքներ գործեր ես, քու քաղաքիդ համար ալ ըրէ՛: Յիսուս կ’աւելցնէ ըսելով. «Մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի» (Ղկ 4.24): Այսպէս եղած է սկիզբէն ի վեր, օտարներ ընդհանրապէս մարգարէներէն աւելի՛օգտուած են քան իր համաքաղաքացիները: Յիսուս կը յիշեցնէ անոնց Հին Կտակարանէն դրուագ մը. «Եղիա մարգարէի ժամանակ երեքուկէս տարի երաշտ եղաւ եւ ընդհանուր սով տիրեց, իսրայէլացիներուն տուներէն ոչ մէկը բախտաւորուեցաւ Եղիայի ներկայութենէն, բայց միայն Սարեփթա բնակող օտարական Սիդոնացի կինը: Եղիսէի ատեն ալ բորոտութիւնը տարածուած էր իսրայէլացիներուն մէջ, եւ անոնցմէ ոչ մէկը սրբուեցաւ Եղիսէի հրաշքով, միայն ասորի Նէեմանը» (Գ.Թգ 17.8-16):
Յիսուսի տուած բացատրութիւնները նազարէթցիներուն համար արհամարհանք թուեցաւ: Յիսուս մերժեց հրաշք մը կատարել, որովհետեւ զանոնք անարժան կը նկատէր: Ներկաները բարկութեամբ Յիսուսի վրայ կը յարձակին, ժողովարանէն դուրս կը հանեն տանելով զԻնք մինչեւ լերան գագաթը, որուն ստորոտը շինուած էր Նազարէթ քաղաքը, որպէսզի գահավէժ ընեն ու սպանեն զԱյն: Սակայն Յիսուս կը ներէ իրենց եւ կը մեկնի հոնկէ, որովհետեւ պէտք էր աւարտէր իր տնօրինական գործունէութիւնը, եւ տակաւին չէր հասած իր փառաւորման եւ կամաւոր մահուան ժամանակը:
Քրիստոսի սպասումն էր, որ Նազարէթցիները հւատք ընծայէին Իրեն նկատմամբ, սակայն ափսո՜ս անոնց մերժողական դիրքորոշումը կ’ապացուցէր, թէ անգիտութեան թանձր խաւարը մթագնած էր անոնց միտքը, անհաւատութիւնը կարծրասիրտ դարձուցած էր զիրենք, մեղքը այնքան արմատացած էր անոնց մէջ, որ այլեւս Տիրոջ խօսքերը անծանօթ համարուելով կը գայթակղեցնէր զիրենք եւ կը դառնան Քրիստոսամերժ, խաւարասէր, չարին գործակից ու լոյսին թշնամի:
Սիրելի հաւատացեալ՝ եթէ Քրիստոս չներգործէ մեր մէջ, եւ չգիտակցինք որ միայն Իրմով կարելի է մեղքի ծովուն ալիքներէն փրկուիլ, ի զուր է մեր հաւատքը:
Հետեւաբար պէտք է բանանք մեր հոգիներու դռները, որպէսզի հոն հաստատուի
Քրիստոս, եւ Իր միջամտութեամբ ազատագրուինք մեղքի դատապարտութեան վճիռէն. (Յհ 8.36):
Աղօթենք, որ ամենակարողն Աստուած Իր սքանչելի լոյսը ծագեցնէ մեր վրայ, որպէսզի անոր ճառաքայթներով լուսաւորէ մեզ եւ անգիտութեան խաւարը հեռացնէ մեր հոգիի աչքերէն, ճանչնալու Աստուծոյ փառքը Յիսուս Քրիստոսի ընդմէջէն. (Բ.Կր 4-6):
ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ
Եղիա մարգարէն, եբրայեցի ժողովուրդին ամենապիղծ եւ չար թագաւորին՝ Աքաաբի օրերուն, իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ մարգարէ, բոլորին կոչ կ’ուղղէր դարձի գալու կենդանի Աստուծոյ: Ան մերժուած էր իր քաղաքացիներէն: Հակառակ այս վիճակին, ան չէր դադրեր իր նուիրական առաքելութիւնը կատարելէ: Մարգարէին գլխաւոր մտահոգութիւնն էր մարդոց հոգիներէն փարատել անհաւատութեան մշուշը, որպէսզի հաւատքի լուսաշող ճանապարհէն ընթանան եւ առաջնորդուին դէպի արդարութիւն եւ աստուածպաշտութիւն:
Եղիա մարգարէն Տիրոջ տնօրինումով կը ղրկուի Սամարիա՝ մոլորած ժողովուրդին մէջ, որպէսզի սորվեցնէ եւ հաստատէ Աստուած պաշտելու անհրաժեշտութիւնը, որ երաշխիքն է փրկութեան: Աստուած Եղիա մարգարէին միջոցաւ ժողովուրդին մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ ցոյց կու տար:
Տիրոջ հրամանով, Եղիա մարգարէն ժողովուրդը իր շուրջը հաւաքելով կը բարձրանայ Կարմեղոս լեռ, Բահաղի մարգարէներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին ցոյց տալու, թէ Տէրն է միակ Աստուածը: Տասներկու քար կը հաւաքէ, Յակոբի որդիներու ցեղերուն թիւով, եւ ատոնցմով զոհասեղան կը սարքէ, վրան փայտ կը դնէ եւ հորթ կը զոհէ: Յետոյ կը հրամայէ զոհասեղանին վրայ ըսելով. «Չո՛րս սափոր ջուրով լեցուցէք, ու թափեցէք ողջակէզին վրայ եւ փայտերուն վրայ» (Գ.Թգ 18.34), ապա կը սկսի աղօթել:
Մարգարէին աղօթքէն ետք երկինքէն կրակ կ’իջնէ, որ ողջակէզը, փայտերը, քարերն ու հողը կ’այրէ եւ ջուրն ալ կը սպառէ: Ժողովուրդը այս երեւոյթը տեսնելով, երեսի վրայ կ’ինայ ու կ’ըսէ. -«Եհովան է միակ Աստուածը» (Գ.Թգ18.39):
Աւետարանին մէջ կը կարդանք, Քրիստոսի այլակերպութեան ընթացքին Հին Կտակարանեան երկու մեծ՝ Մովսէս Օրէնք եւ Եղիա հաւատք խորհրդանշող մարգարէներ կ’երեւին Յիսուսի. (Մտ 17.1-4):
Եղիա մարգարէն, իր կեանքի աւարտին, իրեն յաջորդ՝ Եղիսէ մարգարէին հետ Յորդանան գետին մօտ կը կանգնին եւ ահա հրեղէն կառք մը ձիերով զինք կը բարձրացնեն դէպի երկինք: Ան իր վերարկուն կը ձգէ Եղիսէին, որպէսզի շարունակէ կատարել մարգարէական պաշտոնը (Դ.Թգ 2):
Հայ Առաքելական Ս.եկեղեցին Հոգեգալուստէն ետք առաջին կիրակին կը յիշատակէ Եղիա մարգարէին տօնը: Եղիա մարգարէն միակ սուրբն է, որ կը յիշատակուի կիրակի օրով:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան
ՀՈԳԵՒՈՐ ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Եթէ երբեք մենք գիտնանք վստահիլ ո՛չ թէ մեր ստացած կամ մեր ունեցած միջոցներուն, այլ՝ Աստուծոյ, Աստուած Ինք անհնարը կը դարձնէ հնարաւոր: Աստուած Ինք բոլոր փակուած դռները կը բանայ մեր դիմաց: Եւ այնպէ՛ս լայն կը բանայ կարելիութիւններու դուռը մեր դիմաց, որ մեր ճղճիմ ու մենաւոր ձայնը կը վերածուի հսկայ ու զօրեղ համանուագի, եւ այդ համանուագը կը նուաճէ բոլոր ունկնդիր սրտերը, մանաւանդ եթէ այդ սիրտը Նարեկացիի բացատրութեամբ ըլլայ կամքի բուրվառ մը, որուն մէջ Աստուծոյ խունկը գայ ճենճերելու աստուծոյ կարօտի կրակին վրայ:
Զարեհ Արք. Ազնաւուրեան