ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 14.13-21:
Հինգ հազարի կերակրումը.
Երբ Յիսուս Յովհաննէսի գլխատումը լսեց, առանձինը նաւակ մտնելով՝ այդտեղէն գնաց ամայի վայր մը: Շրջանի քաղաքներուն բնակիչները լսելով ասիկա, քալելով հետեւեցան իրեն: Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց:
Երեկոյեան, իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին.
-Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու:
Յիսուս ըսաւ.
-Իրենք պէտք չունին երթալու: Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը:
Անոնք ըսին Յիսուսի.
-Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ:
Յիսուս ըսաւ.
-Հո՛ս բերէք զանոնք:
Եւ հրամայեց որ ժողովուրդը նստեցնեն խոտին վրայ: Ապա առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին: Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին: Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մարնուկները չհաշուած:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, իմանալով «ճշմարտութեան ձայնին» Յովհաննէս Մկրտիչին գլխատումը կը տխրի եւ կ’ուզէ առանձնանալ: Նաւ բարձրանալով այդ տեղէն կ’երթայ ամայի վայր մը: Սակայն ժողովուրդը զինք հանգիստ չի ձգեր, աւետարանը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդնեը բժշկեց»(Մտ 14.14), որովհետեւ առանց հովիւի հօտի կը նմանէին:
Օրը կ’իրիկնանար, Յիսուս տակաւին երկնքի արքայութեան «Մարգարիտները» կը բաշխէր, կը քարոզէր ու կը բժշկէր, բոլորի հոգեկան եւ մարմնական ախտերը: Երեկոյեան աշակերտները ըսին Յիսուսի.«Ժամանակը ուշ է, արձակէ՝ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերէն իրենց համար ուտելիք գնելու»(Մտ 14.15): Յիսուս չուզեց արձակել ժողոխուրդը, ինք ուզեց կերակրել զանոնք: Ցոյց տալու համար իր սէրը եւ գուրգուրանքը, ու իր ամենակարող զօրութեամբ «հինգ հացերով եւ երկու ձուկերով», բոլորն ալ լիացուց աստուածատուր ուտելիքներով: Աւետարանը կ’ըսէ. «Ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիները եւ մանուկները չհաշուած» (Մտ 14.21):
Ս.Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ Քրիստոսի «ամայի վայր» ի մէջ հրաշագործելու գաղափարին մէջ աստուածային ծրագիր կը տեսնէ, որպէսզի ոեւէ մէկը չհամարձակի ըսելու թէ հաւանաբար օգտագործած են պահեստի ուտելիքներ:
Այդ օր Յիսուս առանց զննելու ժողովուրդին հաւատքը բժշկեց եւ կերակրեց բոլորը, որովհետեւ ժողովուրդին համար քաղաքը ձգել եւ վարդապետին հետեւիլը, մեծագոյն գրաւականն է եւ խօսուն վկայութիւնը անոնց հաւատքին: Յիսուս առատօրէն բաշխեց իր ողորմութիւնը եւ ընդունեց բոլորը համաձայն իր խոստումին, թէ«Ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յհ 6.37):
Յիսուս այս հրաշքով, հաստատեց թէ երկնաւոր Հայրը մեր աղօթքները կը լսէ եւ կը հոգայ մեր բոլորի կարիքները, նույնիսկ ամենադժուար պարագաներուն: Առիթով մը, Յիսուս կ’ըսէ.«Մի՝ մտահոգուիք եւ ըսէք.թէ ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք» (Մտ 6.31): Քրիստոս կը սպասէ որ մենք եւս գթասիրտ ըլլանք իրարու նկատմամբ իր օրինակին հետեւելով.«Գթասիրտ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ գթասիրտ է» (Ղկ 6.36):
Ս.ՊՕՂՈՍ՝ ԵՐԵՔՏԱՍԱՆԵՐՈՐԴ ՀԵԹԱՆՈՍԱՑ ԱՌԱՔԵԱԼ
Ս.Պօղոս առաքեալ, երբեմն կոչուած է Սօղոս կամ Սաւղոս (որ կը նշանակէ փոքր), Բենիամինի ցեղէն էր, ծնած Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքը, նաեւ Հռոմի քաղաքացի: Հայրը թունդ փարիսեցի,աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը, կը մասնագիտանայ, իմաստասիրութեան, ճարտասանութեան եւ գրականութեան ճիւղերու մէջ, ապա կ’ուղարկուի Երուսաղէմ հմտանալու Մովսիսական կրօնքի մէջ: Ան Երուսաղէմի մէջ կ’աշակերտի Գամաղիէլ անուն օրէնուսոյց մեծ վարդապետին:
Սօղոսի մէջ կը յայտնուի նախանձախնդիր եբրայեցիի մը ընթացքը, 26 տարեկանին կը դառնայ հրեական սինոտի անդամ: Սօղոս նորադարձ քրիստոնեաները հալածելու եւ ձերբակալելու արտօնութիւն կը ստանայ: Դամասկոսի քրիստոնեաները ձերբակալել երթալու, ճամբու ընթացքին յանկարծ սաստիկ լոյս մը կը փայլատակէ իր աչքերուն եւ գետին կ’զգետնէ զինք, ձայն մը կը լսուի որ կ’ըսէ.«Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես».Սաւուղ կը հարցնէ .«Ո՞վ ես, Տէ՛ր»,եւ ձայնը կը պատասխանէ.«Ես այն Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես»եւ ձայնը կը շարունակէ ըսելով. «Հիմայ ե՛լ, ոտքի՝ կանգնէ, որովհետեւ քեզի երեւցայ՝ որպէսզի քեզ ինծի օգնական դարձնեմ: Քեզ պիտի ազատեմ այս ժողովուրդին ձեռքէն, ինչպէս նաեւ հեթանոսներէն, որոնց մէջ պիտի ղրկեմ քեզ որպէսզի անոնց աչքերը բանաս, զանոնք խաւարէն դէպի լոյս եւ Սատանայի իշխանութենէն դրպի Աստուած դարձնես» (Գրծ 26.14-18): Այս դէպքէն վերջ Սօղոս կը դառնայ Քրիստոսի 13 րդ առաքեալը, քրիստոնէական հաւատքի ախոյեաններէն եւ եկեղեցւոյ պանծալի դէմքերէն:
Իր կոչումը երկինքէն ստացած Ս.Պօղոս առաքեալ կը քարոզէ աւելի քան վաթսուն եւ հինգ քաղաքներու մէջ: Ան որպէս քրիստոնէութեան հալածիչ Քրիստոսի հանդիպելէ ետք, վերստին կը ծնի եւ կը դառնայ՝ քրիստոնէութեան տարածիչ, զանազան չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք հռոմայեցի ըլլալուն համար խաչի մահուան չի դատապարտուիր, այլ՝ սուրով կը գլխատուի Հռոմի մէջ:
Անոր սրբազան նշխարները կը գտնուին Հռոմ իր անուան կառուցուած եկեղեցիներուն մէջ, իսկ մասամբ մըն ալ, սփռուած են աշխարհի տարածքին:
Ս.Պօղոս առաքեալ, իր քարոզութեան ընթացքին ունեցած է, գլխաւոր երեք ճամբորդութիւններ, եւ գրած՝ 14 նամակներ իր հաստատած եկեղեցիներուն:
Ս.Պօղոս առաքեալին դերը մեծ է քրիստոնէութեան ծաւալման մէջ, որովհետեւ ինք առաջին գաղափարը յղացողն էր, թէ քրիստոնէութիւնը հեթանոսներուն ալ պէտք է քարոզուի, եւ գործով ապացուցեց զայն աստուածային տնօրէնութեամբ յանձն առնելով այդ ծանր պաշտօնը՝ Աւետարանի քարոզութիւնը հեթանոսներուն:
Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան