ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 18.10-14:
Կորսուած ոչխարին առակը.
-Զգո՜յշ, մի՛արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկնքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս: Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար:
Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը ոչխարները լերան վրայ եւ չ’ե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը: Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի՛ կ’ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ իննսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն: Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, մարդոց հանդէպ Հօր Աստուծոյ ունեցած անսահման սէրն ու հոգածութիւնը անգամ մը եւս կ’արտայայտէ «Կորսուած Ոչխարին» առակով: Իսկական Հովիւը կը ճանչնայ իր ոչխարները, կը սիրէ զանոնք, գիշեր ու ցերեկ կը հսկէ անոնց վրայ եւ մէկ ակնարկով կը հաշուէ զանոնք: Իսկ եթէ նկատէ որ անոնցմէ մէկը կորսուած է՝ անմիջապէս ճիգ կը թափէ զայն գտնելու. մինչեւ իսկ լերան վրայ կը ձգէ իննսունինն առանձին եւ կ’երթայ կորսուածը գտնելու: Երբ գտնէ զայն աւելի կ’ուրախանայ, քան իննսունինն, որոնք չեն կորսուած: Յիսուս առակը կ’աւարտէ ըսելով. «Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկնքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի» (Մտ 18.14):
Ինչո՞ւ Աստուած կորսուած ու գտնուած հոգիի մը համար աւելի կ’ուրախանայ, քան իննսունինը, որոնք չեն կորսուած: Արդեօ՞ք մէկը իննսունինէն աւելի՞ արժէք ունի..: Այստեղ Յիսուս ըսել կ’ուզէ թէ հոգիի արժէքը թիւին մէջ չէ, այլ՝ էութեան: Մէկը իննսունինին չափ արժէք ունի Աստուծոյ համար, որովհետեւ մէկով է որ կ’ամբողջանայ իննսունինին ուրախութիւնը:
Մարդու հոգիին արժէքը կարելի չէ բաղդատել նիւթականի եւ թիւի հետ: Հոգին տիեզերքէն աւելի արժէքաւոր է, այդ է պատճառը, որ իրաւ հովիւը կը ձգէ իննսունինը եւ կ’երթայ յաւիտենական արժէք ունեցող «Կորսուածը» գտնելու:
Նիւթականացած այս աշխարհին մէջ, մարդիկ ընդհանրապէս չեն գիտակցիր իրենց հոգիի արժէքին, մարմինը խնամելէ ու գեղցկացնելէ, ինչպէս նաեւ հարստանալէ եւ վայելելէ զատ ուրիշ բանի մասին չեն մտածեր, եւ երբեմն ալ կը մոռնան, թէ հոգի մը ունին, որուն համար օր մը հաշիւ պիտի պահանջուի իրենցմէ: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ կամ ինքզինքին վնասէ» (Ղկ 9.25):
Մոլորած ոչխարները գտնելու համար, այսօր առաւել եւս կարիքը ունինք քաջ ու անձնուէր հովիւներու, որոնք սիրայօժար կերպով յանձն կ’առնեն դժուարութիւններն ու վտանգները:
Իննիսունինը ոչխարները ձգել եւ կորսուածին ետեւէն երթալ կը նշանակէ Քրիստոսի նման Խաչ բարձրանալ կորսուած «աւազակը» գտնելու եւ փրկելու. (Ղկ 23.39-41):
Ներկայ մարդկային ընկերութեան մէջ մոլորածներու թուային աճը շրջուած է, համեմատած առակին, գուցէ իննսունինն մոլորած են եւ միայն մէկը՝ հաստատ կը մնայ իր կոչումին վրայ: Որո՞ւն հասնիլ, ո՞ր մէկը փնտռել…: Հովիւներու թիւը քիչ է, սակայն պարտաւորութիւնները շատ են:
Յիսուս կ’ըսէ «Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի» (Մտ 18.14): Կորսուիլ չի նշանակեր անպայման մէկը իր տունը եւ հարազատները լքել եւ հեռանալ, «Անառակ Որդիին» նման, այլ «Անառակ Որդիին» մեծ եղբօր նման տան մէջ մնալով հանդերձ՝ մոլորեալ մտքով, հոգիով, նկարագրով, զգացումով կը մերժեն գտնուած եղբայրները: Յիսուսի ակնարկած «Հովիւ»ը միայն եկեղեցականները չեն, այլ՝ ծնողներ, ուսուցիչներ, դաստիարակներ եւ պատասխանատուներ: Այսօր մեր զաւակներուն մեծամասնութիւնը կը կարծենք թէ տուներէն ներս են, դժբախտաբար սակայն անոնք կորսուած կամ կորսուելու վտանգին ենթարկուած են: Մոլորած են մտքով, հոգիով եւ կենցաղով, քմահաճութեան զոհերը դառնալով: Մոլորած են համացանցի եւ հեռատեսիլի վնասակար ալիքներուն մէջ, այլասեռած են, ո՞ւր են իսկական հովիւները փրկելու համար մոլորուածները: Այսօր ծնողք-զաւակ փոխ յարաբերութիւն, ընտանիքի անդամներու միջեւ երկխօսութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի: Ազգովին պարատւոր ենք միջոցներ որոնելու, թէ ինչպէ՞ս պէտք է փնտռենք եւ տուն վերադարձնենք եւ ուղղենք մեր զաւակները, դէպի տոհմիկ եւ քրիստոնէական արժէքներուն: Մեր բոլորի խղճի պարտքն է, քաջ հովիւի բարձր գիտակցութեամբ, փնտռել մոլորած զաւակները:
Առակին եզրակացութիւնը հրաշա՜լի դաստիարակիչ դաս մը ունի տալիք, Յիսուս կ’ըսէ. «Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկնքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի» (Մտ 18.14): Հոգելոյս, Զարեհ Սրբազան կ’ըսէ. «Հետեւաբար, ամէն մէկ հաւատացեալ կոչումը ունի նմանելու Երկնաւոր Հօր, որ բոլորին փրկութիւնը կ’ուզէ»:
ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷ
Եսայի մարգարէն, մարգարէներու բոլոր ձիրքերը իր մէջ բովանդակող, անձնազօհ եւ Աստուծոյ հնազանդ, ինչպէս նաեւ բանաստեղծական հանճար ունեցող մարգարէ մըն է:
Եսայի անունը թարգմանաբար եբրայերէնէ կը նշանակէ՝«Տէրը կը փարկէ»: Այս անունին հոմանիշն է նաեւ «Յիսուս» անունը:
Անոր գործունէութիւնը, Երուսաղէմի մէջ, տեւած է վաթսուն տարի: Տէրը զինք կանչած է, քսան տարեկանին, իսկ վախճանումը՝ խոր ծերութեան մէջ պատահած է: Եբրայական գրականութեան համաձայն մարգարէն սղոցուելով նահատակուած է, Յությի անօրէն թագաւորին՝ Մանասէի օրերուն:
Մարգարէին գիրքը յստակ երկուքի բաժնուած է, առաջին մասը երեսունինը գլուխներէ կը բաղկանայ, իսկ երկրորդը՝ քառասունէն վաթսուն:
Առաջին մասին մէջ արձանագրուած կը գտնենք այն մարգարէութիւններն ու պատմական դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած էին, երբ Եսայի մարգարէ պաշտօնին վրայ էր եւ միջամուխ՝ տիրութեան քաղաքական գործերուն պատգամներ փոխանցելու:
Երկրորդ բաժինը, ան իր կեանքի վերջին տարիներուն գրած է, երբ կը սկսի մարգարէանալ ապագան: Եսայի այս բաժինով, ֆիզիքական ազատութիւնը յիշելով չի բաւականանար, այլ կ’աւետէ Մեսիայով գալիք ազատութեան՝ եւ Աստուծոյ հոգեւոր թագաւորութեան հաստատման մասին:
Եսայի մարգարէն նշանաւոր է իր տեսիլքով, անոր տրուեցաւ Տէրը տեսնելու շնորհքը իր Փառքի Աթոռին վրայ, Սէրովբէներով ու Քերովբէներով նկարագրուած: Տեսիլքի ընթացքին ան բարձրաձայն կ’աղաղակէ ըսելով, որ ինք պղծաշրթունք մարդ է եւ կ’ապրի պիղծ մարդոց մէջ: Աստուծոյ հրեշտակը անմիջապէս կը սրբագործէ մարգարէին շրթները, որպէսզի Եսայի կարողանայ մարգարէանալ, Սուրբ Կոյս Մարիամի Ս.Հոգւոյ միջոցաւ յղանալու եւ աշխարհի Փրկիչը ծնելու մասին:
Եսայի մարգարէ արժանաւորապէս կը կոչուի«Աւետարանիչ Մարգարէ»: Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը անոր գիրքը կոչած են «Աւետարան ըստ Եսայեայ», որովհետեւ կը պատմէ Մեսիայի ծնունդը, տնօրինական կեանքն ու առաքելութիւնը, մեղսաքաւիչ մահը, ամենայաղթ յարութիւնն ու յաւիտենական թագաւորութիւնը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան