ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՐԿՆԱՒՈՐ, ԶԵԿԵՂԵՑԻ ՔՈ ԱՆՇԱՐԺ ՊԱՀԵԱ։

Եղիցի Լոյս
.Ես անկենդան Ղազարոսը իսկ ինք` կենսատուն
.Ես հաւատուրաց Թովմասը եւ ինք` միշտ հաւատարիմը
.Ժամանակիս երբեմնի յետադիմութեան յառաջդիմութիւնը
.Բողբոջ ծաղկումիս արեւն ու ջուրը
.Դողդոջ քայլերուս յենարան ցուպը
.Նախապաշար արձագանգներուս իրապաշտ ձայնը
.Անապատ հոգւոյս դրախտաբոյր Եդեմը
.Անջրդի խոպանութեանս ջրատու հոսկը
.Անշունչ հոգւոյս Աստուածշունչ խօսքը
.Պարծենկոտ գիտութեանս` խոնարհ իմաստութիւնը
.Եւ ահա Ժամանակիս անմիջական ներկան
եւ միշտ յաւերժը…