ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 12.12-23:

Յաջորդ օրը, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առիթով Երուսաղէմ եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, արմաւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը դիմաւորելու ելաւ, բարձրաձայն աղաղակելով.

«Ովսաննա՜ օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով, Իսրայէլի թագաւորը»:

Յիսուս էշ մը գտնելով՝ նստաւ անոր վրայ, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.-

«Մի՛ վախնար, ո՜վ Երուսաղէմ, Սիոնի՛ աղջիկ. ահա թագաւորդ քեզի կու գայ իշու մը աւանակին վրայ նստած»:

Յիսուսի աշակերտները այս բոլորը չհասկցան ատենին, բայց երբ Յիսուս փառաւորուցաւ՝ այն ատեն յիշեցին, թէ այս կատարուածները Յիսուսի համար գրուած էին եւ իրենք այդ գրուածն էր որ կատարեցին: Բոլոր անոնք որոնք Յիսուսի հետ էին՝ երբ անիկա Ղազարոսը կանչեց գերեզմանէն եւ զայն մեռելներէն յարուցանեց, այդ մասին վկայութիւն կու տային: Այդ իսկ պատճառով Երուսաղէմ գտնուողները բոլորն ալ զինք դիմաւորելու ելան, որովհետեւ լսած էին, թէ ի՛նչպէս անիկա յարութեան հրաշքը գործած էր: իսկ Փարիսեցիները իրարու կ’ըսէին.

-Կը տեսնէ՞ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. Ահա ամբողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի:

Փառաւորումի ժամը հասած է:

Տօնին առիթով կարգ մը Յոյներ ալ եկած էին Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ երկրպագելու: Անոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդա քաղաքէն էր, եւ աղաչելով ըսին.

-Տէր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել:

Փիլիպպոս եկաւ Անդրէասին ըսաւ եւ երկուքը միասին Յիսուսի ներկայացուցին անոնց խնդրանքը:

Յիսուս պատասխանեց անոնց.

-Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ:

Յիսուս իր երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին Երուսաղէմ կու գայ իշու մը վրայ նստած: Յիսուսի անասունին վրայ նստած Երուսաղէմ մուտքը կը խորհր-դանշէ հեթանոս ժողովուրդի մեղքի կապանքներէն ազատ արձակուելուն, եւ դէպի վերին Երուսաղէմ արդարացած առաջնորդուելուն ու երկնային արքայութիւնը արժանանալուն:

Ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորէր Քրիստոսը՝ աղաղակելով. «Ովսաննա՜ Օրհնեալ ըլլայ ան որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Յհ 12.13): Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան հայրապետ կ’ըսէ. «Երբ երեխաները կ’օրհներգէին, հրեշտակները զԱստուած կը փառաւորէին, եւ երբ Յիսուս աւանակին վրայ նստաւ, հրեղէն Քերովբէներուն կառքը իր փառքով լեցուեցաւ»:

Մարգարէական գիրքերուն մէջ նախագուշակուած է, որ ի լրումն ժամանակին Աստուած «Մեսիա»մը պիտի ղրկէ, իր ժողովուրդը ազատելու եւ փրկելու իր թշնամի- ներէն:

Յիսուսի ժամանակակից սերունդը գիտէր եւ կ’ըսպասէր ակնկալուած «Մեսիան», բայց անոնք շփոթի մէջ էին եւ չէին կրցած զանազանել «Մեսիա»ի եւ «Ազատարար»ի գաղափարները, առաջինը զիրենք պիտի ազատէր մեղքի կապանքներէն, իսկ երկրորդը՝ հռոմէական կայսրութեան գերութենէն:

Եբրայեցի ժողովուրդը հռոմէական կայսրութեան ենթակայ ըլլալով, Յիսուսի մէջ տեսան այն թագաւորը որ պիտի ազատագրէր զիրենք, հաստատելով երկրաւոր թագաւորութիւն մը: Անսահման սիրով եւ շահադիտական յոյսերով Քրիստոսը դիմաւորող ժողովուրդը, քանի մը օրեր ետք, Պիղատոսի դիմաց պիտի աղաղակէին ըսելով.«Խա՛չը հանէ, Խա՛չը հանէ զայն» (Ղկ 23.21): Այդպէս ալ եղաւ որովհետեւ Քրիստոս իրենց ցանկութիւններուն յագեցում եւ գոհացում չտուաւ: Յիսուս առիթով մը իրենց ըսած էր.«Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»(Յհ 18.36):

Եբրայեցի ժողովուրդի երեւակայութեան մէջ, կար խոստացուած եւ սպասուած «Մեսիայի»գաղափարը,որ միեւնոյն ատեն Թագաւոր ու Մարգարէ էր եւ պիտի հաստատէր Դաւիթի անկեալ աթոռն ու թագաւորութիւնը՝ անոնց շնորհելով անկախութիւն ֆիզիքական թշնամիներէն: Սակայն անոնք այս սպասումով ու նախապաշարումով կը մօտենային Քրիստոսի:

Եբրայեցի ժողովուրդին հայացքը նիւթական էր, անոր ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր միայն ֆիզիքապէս ձերբազատուիլ հռոմէական կայսրութեան գերութենէն եւ ամէն գնով տիրանալ անկախութեան: Մինչ Քրիստոս եկած էր որպէս խաղաղութեան Իշխան զիրենք ազատելու եւ փրկելու մեղքի կապանքներէն:

Մարդկային ապերախտութեան ամէնէն ցայտուն օրինակն է Եբրայեցիներուն կատարածը Քրիստոսի նկատմամբ, ականատես ըլլալէ ետք Անոր կատարած բազում բժշկութիւններուն, հրաշքներուն եւ անսահման սիրոյն ու ողորմութեան մարդկութեան հանդէպ՝ խաչը հանեցին զԻնք:

Պոլսոյ Պատրիարք՝ Շնորհք Արք. Գալուստեան, իր հեղինակած Աւագ Շաբաթ գրքին մէջ կ’ըսէ, Քրիստոսի կամաւոր զօհագործումը Խաչին վրայ. «Գերագոյն փաստն է Աստուծոյ անսահման սիրոյն եւ մարդոց անյատակ ապերախտութեան:

Յիսուսի Մատնութեան եւ մարդուն վատութեան:

Քրիստոսի Չարչարանքներուն եւ մարդուն Չարութեան:

Անմեղին դատապարտութեան եւ մեղապարտին Փրկութեան:

Անոր Խաչելութեան եւ մեր Ազատութեան:

Անմահին մահուան եւ մահկանացուին Անմահութեան:

Լոյսի Թաղման եւ խաւարեալներուն Յարութեան»:

Յիսուս Իր վերջին աղօթքով կ’եզրափակէ եւ Հօր Աստուծմէ կը խնդրէ ըսելով.

«Արդա՛ր Հայր, թէեւ աշխարհը քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ.եւ ասոնք ալ գիտցան թէ դուն ղրկեցիր զիս: Քեզ ճանչցուցի անոնց եւ պիտի շարունակեմ ճանչցնել, որպէսզի անոնց մէջ ըլլայ այն սէրը որով զիս սիրեցիր եւ ես ըլլամ անոնց մէջ» (Յհ 17.25-26):

«Սէր եւ Յիսուս, իրարու հոմանիշ եզրեր են, ինչպէս մեր Շնորհալին կ’երգէ. «Սէր անուն Յիսուս, սիրով քով ճմլեա սիրտ իմ քարեղէն»: Սիրով սկսած էր Յիսուս Իր հրաժեշտի խօսքը եւ սիրով կ’աւարտէ Իր Քահանայական աղօթքը»(Ա.Շաբաթ, էջ 128-129):

ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Ս. Յարութեան տօնին եօթներորդ Կիրակին ծանօթ է Երկրորդ Ծաղկազարդ անունով: Այդպէս կոչուած է երկու պատճառներով.

ա- Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն Յինանց օրերուն կը կարդացուին չորս աւետարանները լրիւ: Կարգը այնպէս մը դասաւորուած է, որ այս Կիրակիին կը հանդիպին Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին աւետարանական ընթերցուածները:

բ- Ազգային աւանդութեան համաձայն, Համբարձման չորրորդ օրը կը զուգադիպի Յիսուսի յաղթական մուտքը վերին Երուսաղէմ: Ըստ այդ աւանդութեան, մեր հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ,իր Խոր Վիրապ բանտարկութեան ընթացքին կը վայելէ այցելութիւնը երկնային հրեշտակի մը, որ կը սրտապնդէ զինք իր անյոյս վիճակին մէջ, բանտին խաւար մթնոլորտը լուսաւորելու:

Կը պատահի որ Համբարձման չորրորդ օրը հրեշտակը կը բացակայի: Յաջորդ օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը հարցնէ պատճառը: Հրեշտակը կը պատասխանէ՝ թէ ամէն տարի Քրիստոսի երկինք յաղթական վերադարձը փառաւորելու համար, ինը օրեր շարունակ հանդէսներ կը սարքուին հրեշտակներու ինը դասակարգերուն կողմէ: Յիշեալ հրեշտակը պատկանելով չորրորդ դասուն, պարտաւոր եղած է այդ օրը իր խումբին հետ ըլլալու, հանդիսադրելու համար Յիսուսի երկինք մուտքի չորրորդ օրը:

«Ո՞վ է այս փառաւոր արքան:

Կարողութեամբ հզօր Տէրն է ան,

Տէրը,պատերազմի մէջ անխորտակելի:

Բացէ՛ք ձեր յաւիտենական դռները,

Եւ փառքի արքան թող ներս մտնէ» (Սղ 23.8-9):

Հրեշտակները այս երկխօսութիւնը կը կատարեն,Սաղմոսներէն առնուած, երբ Քրիստոս կը համբառնայ վերին Երուսաղէմ: Այդ օրը երկնային զօրքերուն համար ցնծութեան տօն կը հռչակուի, որ կը կոչուի նաեւ (Երկրորդ Ծաղկազարդ):

Առաջին Ծաղկազարդով կը յիշատակուի Տիրոջ մուտքը դէպի երկրային Երուսաղէմ, իսկ երկրորդ Ծաղկազարդով կը յիշատակուի Տիրոջ մուտքը դէպի վերին Երուսաղէմ: Առաջին Ծաղկազարդին Յիսուս կը փառաւորուի որպէս Դաւիթի Որդի, իսկ երկրորդ Ծաղկազարդին՝ որպէս Աստուծոյ Որդին:

Երկրորդ Ծաղկազարդի տօնախմբութիւնը սահմանած է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին եղբայրը՝ Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան