ԱՒԵՏԱՐԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 22.34-23.39:
Մեծ պահոց վեցերորդ Կիրակին կը կոչուի Գալստեան Կիրակի, այս կիրակին մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին Մեծ Պահոց առաջին հինգ կիրակիներու ընթացքին հաւատացեալները կը պատրաստէ կեանքի դժուարութիւնները դիմակալելու, որով կը ներկայացնէ նախամարդուն կեանքի գլխաւոր հանգրուանները: Սակայն վեցերորդ Կիրակիի խորհրդը մեր դիմաց կը բանայ երկու հիմնական հարցեր.
ա.Յիսուս իր առաջին գալուստով , եկաւ իբրեւ խաղաղութեան իշխան, Իր Մարդեղութեամբ փրկագործութեան խորհուրդը իրականացուց մեղաւոր մարդը փրկելու:
բ.Յիսուս իր երկրորդ գալուստով, պիտի ներկայանայ որպէս դատաւոր, դատելու համար ողջերը եւ ննջեցեալները:
Յիսուս իր առաջին գալուստով փրկութեան ծրագիրը աւետեց մարդկութեան, եւ քանդեց դժոխքի դռներն ու կապանքները:
Սակայն իր երկրորդ գալուստով, սարսափի պիտի մատնէ բոլոր անոնք, որոնք աստուածային պատգամներու նկատմամբ անհնազանդ եւ անտարբեր կեանք մը ապրած են: Քրիստոսի երկրորդ գալուստը երջանկութիւն պիտի պատճառէ, բոլոր անոնց որոնք Քրիստոսի յուսալով եւ յաւիտենական կեանքի ակնկալութեամբ ապրեցան այս աշխարհի վրայ, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ ըսելով.«Երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ»(Յհ 14.3):
Յիսուսի երկրորդ գալուստը ստոյգ իրողութիւն մըն է, խոստացուած եւ արձանագրուած Ս.Գրքին մէջ, Յիսուսի համբարձման օրը հրեշտակը առաքեալներուն ըսաւ.«Ինչո՞ւ կեցեր երկինք կը դիտէք: Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 1.11):
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրորդ գալուստին մասին ըսաւ.«Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Ո՛րդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով»(Մտ 24.30):
Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը պիտի ըլլայ նաեւ յանկարծակի եւ անսպասելի կերպով: Յիսուս առիթով մը նորէն կը յիշեցնէ իր առաքեալներուն ըսելով.«Արթուն մնացէք եւ պատրաստ եղէք. որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր Տէրը երբ կու գայ», «Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ»(Մտ 24.42-44):
Մեր Տիրոջ՝Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստի գաղափարը կը հանդիսանայ քրիստոնէական հաւատքի առանցքը: Եթէ այս ճշմարտութիւնը դուրս բերենք մեր հաւատալիքներէն, մեր ամբողջ քրիստոնէական հաւատքն ու վարդապետութիւնը փուլ կու գայ: Ս.Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ՝մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի երկրորդ Գալուսը, իր նշանաւոր հաւատով խոստոանիմ աղօթքի 22 համարով. «Արդար Դատաւոր, երբ Հօրդ փառքով գաս՝ ողջերն ու մեռելները դատելու, դատաստանի մի՛ մտներ քու ծառայիդ հետ, այլ փրկէ՛ զիս յաւիտենական կրակէն, եւ երկնքի արքայութեանդ մէջ ինծի լսել տուր արդարներուն ուղղուած երանաւէտ կոչը. եւ ողորմէ՝ քու արարածներուդ եւ ինծի՛ բազմամեղիս»: Այս հաւատքով եթէ ընթանանք, աստուծահաճոյ կեանք մը ապրած կ’ըլլանք եւ ուրախութեամբ կ’արժանանանք եւ մեր կեանքին մէջ կը զգանք Քրիստոսի ներկայութիւնը:
Սիրելի հաւատացեալ Մեծ Պահոց Գալստեան Կիրակիի պատգամը մեզ կը հրաւիրէ ամեն ժամանակ պատրաստ ըլլալու, Տիրոջմով զօրանալու, ճշմարտութեամբ ամրապնդուելու: Աւետարանի համաձայն արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ ապրելու, հաւատքի վահանով զինուելու, որպէսզի կարողանանք վանել չարին արձակած բոլոր նետերը, որպէսզի ուրախութեամբ արժանի ըլլանք տեսնելու եւ դիմաւորելու Տիրոջ Երկրորդ Գալուստը:
ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ՝
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ
Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական քրիստոնէութեան վերանորոգիչն ու Հայ Եկեղեցւոյ կազմակերպիչն է: Ան որդին է Տրդատ թագաւորի հայրը՝ սպաննող Անակին ըստ աւանդութեան Տրդատ եւ Գրիգոր հօրենական կողմէ ազգականներ են: Ան փոքր տարիքէն կը փախցուի Կեսարիա եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ստանայ: Գրիգոր կ’ամուսնանայ Մարիամ անունով օրիորդի մը հետ եւ կը կազմէ քրիստոնէական ընտանիք, կ’ունենայ երկու զաւակ՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս, որոնք յետագային իրենց հօր կը յաջորդեն կաթողիկոսական գահ բարձրանալով: Իսկ Խոսրով թագաւրի սպաննութենէն ետք, անոր կրտսեր որդին՝ Տրդատը եւ դուստրը՝ Խոսրովիդուխը, կը փախցուին Հռոմ Դիոկղիտիանոս կայսեր մօտ: Տրդատ կը մտնէ զինուորական ասպարէզ եւ շուտով կը դառնայ հռոմէական բանակի սպարապետ: Ան կ’որոշէ հռոմէական բանակի օժանդակութեամբ երթալ Հայաստան իր հօր գահին տիրանալու: Իր առաջարկը կը ներկայացնէ կայսեր, մեծ պատիւներու տիրանալէ ետք հսկայ բանակով մը կ’ուղղուի դէպի Հայաստան: Ճանապարհին Կեսարիա կը հանդիպի, հոն իրեն կը միանան բաւական թիւով հայեր, որոնց մէջ էր նաեւ Գրիգորը: Տրդատ իր բանակին շնորհիւ հայոց գահը կը վերականգնէ, իսկ Գրիգորը իրեն քարտուղար կը կարգէ:
Յաղթանակէն ետք օր մը թագաւորը կ’որոշէ զոհ մատուցանել Անահիտ չաստուածուհիին, հաւատալով որ իր յաղթանակը կը պարտի չաստուածներուն: Տրդատ իր զոհը մատուցանելէ ետք, կը հրամայէ որ արքունիքի բոլոր անդամներն ու պաշտօնեաները զոհ մատուցանեն: Գրիգոր կը մերժէ թագաւորին հրամանը ըսելով.«Ես տիեզերքը ստեղծող Աստուծմէ զատ ուրիշ որեւէ մէկուն չեմ երկրպագեր»: Տրդատ կը պատասխանէ.«Գրիգոր՝, Անահիտը մեր երկրին պատիւն ու ուրախութիւնն է, եթէ դուն անոր չերկրպագես, նեղութիւններու եւ տանջանքներու կ’ենթարկեմ քեզ»: Գրիգոր կը պատասխանէ.«Աստուծոյ օգնութեամբ պատրաստ եմ տոկալու ամէն տեսակի չարչարանքի եւ զրկանքի: Ես քրիստոնեայ մըն եմ եւ միայն ճշմարիտ Աստուծոյ կը հաւատամ եւ կ’երկրպագեմ»:
Տրդատ բարկանալով կը հրամայէ որ Գրիգորը բազում տանջանքներու ենթարկէն: Ըստ աւանդութեան, 12 տեսակ չարչարանքներ կը կրէ եւ Աստուծոյ հրամանով ողջ կը մնայ: Առաւօտ մը Տրդատի իշխաններէն մէկը իր քով գալով կ’ըսէ.«Տէր արքայ, այս Գրիգորը քու հայրդ սպաննող Անակին որդին է»: Տրդատ թագաւորի զայրույթը անսահման կ’ըլլայ, իսկոյն կը հրամայէ, որ Գրիգորը Արտաշատի մութ եւ խորունկ վիրապը նետեն: Գրիգոր Աստուծոյ հրամանով 13 տարը անվնաս կը մնայ Խոր Վիրապին մէջ: Ըստ աւանդութեան Աստուծոյ հրեշտակը կը յայտնուի բարեպաշտ կնոջ մը եւ կը թելադրէ օրական նկանակ մը նետել Խոր Վիրապ, որպէսզի Աստուծոյ ծառան Գրիգորը սնանի:
Հայ Առաքելական Ս.Եկեղեցին Մեծ Պահոց վեցերորդ շաբաթ օրը կը տօնախմբէ հայ ժողովուրդի Երկրորդ Լուսաւորիչի.«Մուտն ի Վիրապ»ի տօնը:
Ս.ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ
«ՅԻՍՈՒՍ ՈՐԴԻ»
«Յիսուս Որդի», Շնորհալիի ստեղծագործական այս երկը հասցէագրուած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու ծանօթ եւ գիտակից ընթերցողներուն: Ըստ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին՝ որ կ’ըսէ. «Այս գրութիւնը Շնորհալիի ժամանակէն, մինչ օրս իր այժմէականութիւնը պահած է, օգտակար եւ յիշատակի արժանի է»: Իսկ Մանուկ Աբեղեան կ’ըսէ.« Մարդկային հոգին շարժող եւ Ս.Հոգիին հետ հաղորդակցութեան մղող ոյժ մը ունի այս երկը»: Գրուածքը կը նպատակադրէ զգաստութեան հրաուիրել մարդ արարածը, անոր մէջ արթնցնելով աստուածային սէրը, որ ստեղծագործութեան ընթացքին տրուած է մարդուն: Շնորհալին կը դիմէ Աստուծոյ, հայցելով իր գթութիւնը եւ սէրը, որպէսզի փրկուի եւ վեր կանգնի փորձութենէ, բարձրանալու դէպի Աստուած: Անշուշտ հիմնական նպատակ ունենալով հաւատացեալը հրաուիրել խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան:
Ստեղծագործութեան մէջ ակնյայտ է, տիեզերքի արարչագործութենէն մինչեւ վերջին դատաստանի օրուայ պատմութիւնը, այլ կերպով կը միտի յիշեցնել մարդկութեան անցեալը եւ ներկան ըստ քրիստոնէական պատկերացումներու: Այս մտայղացումները խոր տեղ գրաուած են երկին մէջ, մարդու էութիւնը, սկսած Ադամէն, դարեր շարունակ չէ փոխուած, ան հակուած է դէպի չարը, դէպի երկրային վայելքները: Շնորհալին հանդէս կու գայ ամբողջ մարդկութիւնը մեղքէն դուրս բերելու ճիգերով: Հայցելով Աստուծոյ գթութիւնը ոչ միայն իր, այլեւ բոլորին փրկութիւնը: Պատմելով Աստուածաշնչական դրուագներ, ցոյց տալով մարդկութեան, թ՝է ինք հետամուտ է ընթերցողին բարոյակրթութեան, ուստի կը պատուիրէ.
Քաջ իմանալ զիմաստ բանին,
Որ ամբարեալ կան ի սոսին:
Քերթուածի յիշատակարանին մէջ Շնորհալին շարք մը խնդիրներուն հետ մէկտեղ հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ նաեւ իր երկին նպատակին, ուր կ’ըսէ.
Սոյնպէս եւ ես յայս յարակայ
Զայս մաղթանաց բան խօսեցայ,
Թէպէտ եւ ոչ յիս ազդէ սա,
Սակայն արթնոց մաքրիչ մնայ:
Շնորհալի Հայրապետ խորապէս համոզուած է, որ բանաստեղծութիւնը իր յուզական լիութեամբ կարո՛ղ է ազդել ընթերցողին վրայ, ուր կ’ըսէ.
Զմիտս անմաքուրս աշխարհական,
Որ ըստ ալեաց ծըփման,
Սա՛ վեր բերէ հրոյ նման,
Որպէս բնութիւնն է վերնական:
Զանձն ըզգածեալ եւ հոգեկան
Ի պատճառէ ինչ տրտմական
Սա՛ ներգործէ ուրախական
Ի թախծութեանցըն հիւթական:
Եւ որք արբեալ են թըմբրական,
Ըմպողք գինւոյն յիմարական,
Սովաւ զարթնուն եւ զգաստանան,
Թէ ընթեռնուն մըտառական:
Որք Աստուծոյ տեսոյն բաղձան,
Գերագունին լուսոյն ցանկան,
Սորին թեւօք վերասլան,
Մերձին ի տիպն անտեսական:
Աշխարհաբարի վերածեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան