ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Կղ 2.8-3.17)
«Նոր մարդ եղէ՜ք ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենանք զինք ճանչնալ» (Կղ 3.10):
Ստեղծագործութեան պատմութեան առաջին տողերուն մէջ Աստուած կ’ըսէ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք» (Ծն1.26): Պօղոս առաքեալ այս բնաբանով թէ՛ կողոսացիներուն եւ թէ համայն մարդկութեան կ’առաջարկէ թօթափել հինը եւ Քրիստոսի միջոցով նորը հագնիլ: Իրականութեան մէջ, հին պատկերին վերականգնումն է, որ կը պահանջուի մարդ արարածէն: Աստուածաստեղծ պատկերը, որ մարդուս մէջ աղւաղուած է իրեն չպատկանող եւ չպատշաճող հանդերձներ հագուելով: Պօղոս առաքեալ այս նամակով կը սթափեցնէ կողոսացիները իրենց թմբիրէն՝ Քրիստոսի միանալու եւ Քրիստոսով սկզբնական բիւրեղութեան հասնելու: Հետեւաբար, «Նոր Մարդ» արտայայտութիւնը մեզի պիտի տանի նախամեղանչական վիճակին՝ աստուածաստեղծ պատկերին:
Այս բիւրեղացման հասնելու համար պայման է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Քրիստոսի եւ Անոր Երկրորդ Գալուտին վրայ, իւչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ո՛չ թէ երկրաւոր բաներու. Որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք, այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի» (Կղ 3.2-3):
Քրիստոս կ’երաշխաւորէ մեր հոգեւոր մաքրութիւնը, եթէ մենք մեր հին անձը, մեղքերով լեցուն անցեալը մոռնանք եւ կատարելապէս յանձնուինք Իրեն, արժանի կ’ըլլանք այն բոլոր բարիքներուն, զոր Քրիստոս վերապահած է Իր ընտրեալներուն համար:
Արդ, Քրիստոսի միանալով նոր մարդ պիտի դառնանք եւ պիտի ձերբազատուինք այն բոլոր իմաստասիրական տեսութիւններէն եւ սին խօսքերէն, որոնք կը վերաբերին այս աշխարհին, որովհետեւ Քրիստոս գլուխն է հոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն (Կղ 2.8-10):
Բնականաբար, երբ մենք կը փորձենք հրաժարիլ հին մարդէն եւ կը վերանորոգուինք Քրիստոսով, ինքնաբերաբար մեր մէջ պիտի յայտնուի աստուածային յատկանիշեր, որոնք վաղուց կորսնցուցած էինք մեր անհոգութեան պատճառով: Այդ շնորհքներուն յայտնաբերումով անուղակիօրէն մենք մեր մէջ պիտի տեսնենք զԱստուած եւ մեր հոգիի բիւրեղացման միջոցով պիտի ճանչնաք զԻնք:
Երբ նիւթական աշխարհին վերաբերող զանազան մանրամասնութիւններով կը զբաղինք, կը մոռնանք թէ՛ շատ աւելի այժմէական եւ անհրաժեշտ կարեւորութիւն եւ առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ մեզի համար, նոր մարդ դառնալու վերանորոգութեան աշխատանքը, գերագոյն օրինակ ունենալով Քրիստոսը:
Ուրեմն հետեւինք Յիսուս Քրիստոսի եւ Ան մեզի պիտի բացայայտէ Իր աստուածային դիմագիծը. Այն ատեն մենք պիտի լուսաւորուինք Անոր լուսեղէն էութեամբ եւ մեր հոգիները պիտի ջերմանան ու յաւիտենապէս պիտի արժանանաք իսկական երջանկութեան:
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 22.34-23.39:
Մեծ պահոց վեցերորդ Կիրակին կը կոչուի Գալստեան Կիրակի, այս կիրակին մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին Մեծ Պահոց առաջին հինգ կիրակիներու ընթացքին հաւատացեալները կը պատրաստէ կեանքի դժուարութիւնները դիմակալելու, որով կը ներկայացնէ նախամարդուն կեանքի գլխաւոր հանգրուանները: Սակայն վեցերորդ Կիրակիի խորհուրդը մեր դիմաց կը բանայ երկու հիմնական հարցեր.
ա. Յիսուս իր առաջին գալուստով եկաւ իբրեւ խաղաղութեան իշխան, Իր Մարդեղութեամբ փրկագործութեան խորհուրդը իրականացուց մեղաւոր մարդը փրկելու:
բ. Յիսուս իր երկրորդ գալուստով, պիտի ներկայանայ որպէս դատաւոր, դատելու համար ողջերը եւ ննջեցեալները:
Յիսուս իր առաջին գալուստով փրկութեան ծրագիրը աւետեց մարդկութեան, եւ քանդեց դժոխքի դռներն ու կապանքները:
Սակայն իր երկրորդ գալուստով, սարսափի պիտի մատնէ բոլոր անոնք, որոնք աստուածային պատգամներու նկատմամբ անհնազանդ եւ անտարբեր կեանք մը ապրած են: Քրիստոսի երկրորդ գալուստը երջանկութիւն պիտի պատճառէ, բոլոր անոնց որոնք Քրիստոսի յուսալով եւ յաւիտենական կեանքի ակնկալութեամբ ապրեցան այս աշխարհի վրայ, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ ըսելով. «Երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ» (Յհ 14.3):
Յիսուսի երկրորդ գալուստը ստոյգ իրողութիւն մըն է, խոստացուած եւ արձանագրուած Ս.Գրքին մէջ, Յիսուսի համբարձման օրը հրեշտակը առաքեալներուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ կեցեր երկինք կը դիտէք: Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 1.11):
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրորդ գալուստին մասին ըսաւ. «Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Ո՛րդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով» (Մտ 24.30):
Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը պիտի ըլլայ նաեւ յանկարծակի եւ անսպասելի կերպով: Յիսուս առիթով մը նորէն կը յիշեցնէ իր առաքեալներուն ըսելով.«Արթուն մնացէք եւ պատրաստ եղէք. որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր Տէրը երբ կու գայ», «Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ» (Մտ 24.42-44):
Մեր Տիրոջ՝Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստի գաղափարը կը հանդիսանայ քրիստոնէական հաւատքի առանցքը: Եթէ այս ճշմարտութիւնը դուրս բերենք մեր հաւատալիքներէն, մեր ամբողջ քրիստոնէական հաւատքն ու վարդապետութիւնը փուլ կու գայ: Ս.Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ՝մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը, իր նշանաւոր հաւատով խոստոանիմ աղօթքի 22 համարով. «Արդար Դատաւոր, երբ Հօրդ փառքով գաս՝ ողջերն ու մեռելները դատելու, դատաստանի մի՛ մտներ քու ծառայիդ հետ, այլ փրկէ՛ զիս յաւիտենական կրակէն, եւ երկնքի արքայութեանդ մէջ ինծի լսել տուր արդարներուն ուղղուած երանաւէտ կոչը. եւ ողորմէ՝ քու արարածներուդ եւ ինծի՛ բազմամեղիս»: Այս հաւատքով եթէ ընթանանք, աստուծահաճոյ կեանք մը ապրած կ’ըլլանք եւ ուրախութեամբ կ’արժանանանք եւ մեր կեանքին մէջ կը զգանք Քրիստոսի ներկայութիւնը:
Սիրելի հաւատացեալ Մեծ Պահոց Գալստեան Կիրակիի պատգամը մեզ կը հրաւիրէ ամեն ժամանակ պատրաստ ըլլալու, Տիրոջմով զօրանալու, ճշմարտութեամբ ամրապնդուելու: Աւետարանի համաձայն արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ ապրելու, հաւատքի վահանով զինուելու, որպէսզի կարողանանք վանել չարին արձակած բոլոր նետերը, որպէսզի ուրախութեամբ արժանի ըլլանք տեսնելու եւ դիմաւորելու Տիրոջ Երկրորդ Գալուստը:
ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ՝
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական քրիստոնէութեան վերանորոգիչն ու Հայ Եկեղեցւոյ կազմակերպիչն է: Ան որդին է Տրդատ թագաւորի հայրը՝ սպաննող Անակին ըստ աւանդութեան Տրդատ եւ Գրիգոր հօրենական կողմէ ազգականներ են: Ան փոքր տարիքէն կը փախցուի Կեսարիա եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ստանայ: Գրիգոր կ’ամուսնանայ Մարիամ անունով օրիորդի մը հետ եւ կը կազմէ քրիստոնէական ընտանիք, կ’ունենայ երկու զաւակ՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս, որոնք յետագային իրենց հօր կը յաջորդեն կաթողիկոսական գահ բարձրանալով: Իսկ Խոսրով թագաւրի սպաննութենէն ետք, անոր կրտսեր որդին՝ Տրդատը եւ դուստրը՝ Խոսրովիդուխը, կը փախցուին Հռոմ Դիոկղիտիանոս կայսեր մօտ:
Տրդատ կը մտնէ զինուորական ասպարէզ եւ շուտով կը դառնայ հռոմէական բանակի սպարապետ: Ան կ’որոշէ հռոմէական բանակի օժանդակութեամբ երթալ Հայաստան իր հօր գահին տիրանալու: Իր առաջարկը կը ներկայացնէ կայսեր, մեծ պատիւներու տիրանալէ ետք հսկայ բանակով մը կ’ուղղուի դէպի Հայաստան: Ճանապարհին Կեսարիա կը հանդիպի, հոն իրեն կը միանան բաւական թիւով հայեր, որոնց մէջ էր նաեւ Գրիգորը: Տրդատ իր բանակին շնորհիւ հայոց գահը կը վերականգնէ, իսկ Գրիգորը իրեն քարտուղար կը կարգէ: Յաղթանակէն ետք օր մը թագաւորը կ’որոշէ զոհ մատուցանել Անահիտ չաստուածուհիին, հաւատալով որ իր յաղթանակը կը պարտի չաստուածներուն: Տրդատ իր զոհը մատուցանելէ ետք, կը հրամայէ որ արքունիքի բոլոր անդամներն ու պաշտօնեաները զոհ մատուցանեն:
Գրիգոր կը մերժէ թագաւորին հրամանը ըսելով. «Ես տիեզերքը ստեղծող Աստուծմէ զատ ուրիշ որեւէ մէկուն չեմ երկրպագեր»: Տրդատ կը պատասխանէ.«Գրիգոր՝, Անահիտը մեր երկրին պատիւն ու ուրախութիւնն է, եթէ դուն անոր չերկրպագես, նեղութիւններու եւ տանջանքներու կ’ենթարկեմ քեզ»: Գրիգոր կը պատասխանէ. «Աստուծոյ օգնութեամբ պատրաստ եմ տոկալու ամէն տեսակի չարչարանքի եւ զրկանքի: Ես քրիստոնեայ մըն եմ եւ միայն ճշմարիտ Աստուծոյ կը հաւատամ եւ կ’երկրպագեմ»:
Տրդատ բարկանալով կը հրամայէ որ Գրիգորը բազում տանջանքներու ենթարկէն: Ըստ աւանդութեան, 12 տեսակ չարչարանքներ կը կրէ եւ Աստուծոյ հրամանով ողջ կը մնայ: Առաւօտ մը Տրդատի իշխաններէն մէկը իր քով գալով կ’ըսէ. «Տէր արքայ, այս Գրիգորը քու հայրդ սպաննող Անակին որդին է»: Տրդատ թագաւորի զայրույթը անսահման կ’ըլլայ, իսկոյն կը հրամայէ, որ Գրիգորը Արտաշատի մութ եւ խորունկ վիրապը նետեն: Գրիգոր Աստուծոյ հրամանով 13 տարը անվնաս կը մնայ Խոր Վիրապին մէջ: Ըստ աւանդութեան Աստուծոյ հրեշտակը կը յայտնուի բարեպաշտ կնոջ մը եւ կը թելադրէ օրական նկանակ մը նետել Խոր Վիրապ, որպէսզի Աստուծոյ ծառան Գրիգորը սնանի:
Հայ Առաքելական Ս.Եկեղեցին Մեծ Պահոց վեցերորդ շաբաթ օրը կը տօնախմբէ հայ ժողովուրդի Երկրորդ Լուսաւորիչի. «Մուտն ի Վիրապ»ի տօնը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան