ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՊԱՀՈՑ

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ  12.1-8:

Շաբաթ օրը  յարգելու հարցը.

Շաբաթ օր մը Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կ’անցնէր: Աշակերտները անօթեցած ըլլալով՝ սկսան հասկ փրցնել եւ ուտել: Երբ Փարիսեցիները ասիկա տեսան, ըսին Յիսուսի.

-Տե՛ս, աշակերտներդ ի՛նչ կ’ընեն. բան մը՝ որ մեր Օրէնքը կ’արգիլէ Շաբաթ օրով ընել:

Յիսուս պատասխանեց.

-Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան: Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն արտօնուած չէր իրեն եւ ոչ ալ իրեն հետ եղողներուն, այլ միայն քահանաներուն: Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրը Քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց: Ահա կ’ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ այս խօսքը. «Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ»,այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները, որովհետեւ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին:

Աւետարաններուն մէջ քանի մը դէպքեր յիշատակուած են, ուր Յիսուս մեղադրուած է Շաբաթ օրով «Հրաշք» կատարած ըլլալուն համար:Եբրայական Օրէնքին համաձայն շաբթուան եօթներորդ օրը՝ Շաբաթը, Աստուծոյ նուիրուած, հանգիստի եւ սուրբ օր կը համարուի: Քրիստոս բազմիցս կրկնած է, թէ Ինք է Տէրը Շաբաթին, սակայն Փարիսեցիները, Օրէնքի ուսուցիչները մերժած էին:

Քրիստոս, Հին Կտակարանին լաւատեղեակ ըլլալով, օրինակներ կը մէջբերէ ըսելով. «Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան: Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ: Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց» (Մտ 12.3-5):

Քրիստոս դիտաւորեալ այս օրինակները կու տայ, որովհետեւ Դաւիթ Մարգարէ՝ եբրայեցի ժողովուրդի պատմութեան մէջ պայծառ դէմքերէն է եւ Հին Կտակարանի նշանաւոր «Սաղմոսաց» գիրքին հեղինակն է, որու  սերունդէն պիտի ծնէր, Մեսիան՝ Փրկիչը: Իսկ քահանաները օրինակ էին Օրէնքի բծախնդիր գործադրութեան: Առաջինը՝ իբրեւ քաղաքական դէմք,թագաւոր եւ մարգարէ, իսկ երկրորդը՝ կրօնականներ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ, երկունք ալ մեղքի եւ սխալի մէջ ինկած էին, սակայն մեղք չէին համարեր անոնց «սրբապղծումը»:

Քրիստոս, պէտքը չունէր այս բաղդատականը ընելու, ինքզինք արդարացնելու համար: Բայց կ’ուզէր անպայման մատնանշել անցեալին մէջ կատարուած կարգ մը սխալներ, որոնք մինչեւ Յիսուսի ժամանակները կը շարունակուէին՝ եւ սխալ չէր համարուէր որովհետեւ Օրէնքի ուսուցիչներ էին զայն կատարողները: Իսկ Յիսուս ինքզինք եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելով, կ’ըսէ. «Ահա կ’ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս» (Մտ 12.6): Քրիստոս, որպէս յաւիտենական Աստուած, Հին Ուխտի մէջ Ի՛նք հաստատած էր Շաբաթ օրը Սուրբ պահելու Օրէնքը եւ դիտաւորեալ Շաբաթ օրով  հրաշքներ եւ բժշկութիւններ կը կատարէր, բացայայտելու համար որ Ինք աշխարհ եկած էր վերանորոգելու մարդկութիւնը, որոնք առաջին ստեղծագործութենէն ետք շեղած  եւ սխալի մէջ ինկած՝  եւ կորսնցուցած էին դէպի Աստուած տանող ճանապարհը:

Հետեւաբար, շաբթուան բոլոր օրերն ալ Աստուած շնորհած է մեզի Քրիստոսի օրինակով բարիք եւ ողորմութիւն գործելու: Յիսուս կ’ըսէ բոլորին բացայայտօրէն.

«Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» (Մտ 12.7), իսկ հայկական արածը կ’ըսէ «Հարկը կը լուծէ օրէնքը»:

Ողորմութիւնը, բարի սրտի պտուղ եւ ազնիւ զգացումներու՝ արտայայտութիւնն է: Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալ մէկդի թողունք փարիսեցիական օրէնքի տարրին կարչած կեղծաւոր հաւատացեալի ընթացքը, բանանք մեր սրտերը անկեղծօրէն յարաբերինք մեր շրջապատին հետ, միշտ գերագոյն եւ վեհ նպատակներ հետապնդելով:

ՄԵԾՆ  ՆԵՐՍԷՍ  ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Ս.Ներսէս Հայրապետ թոռան թոռն էր Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչին, Յուսիկի զաւակը՝ Աթանագինէսի: Ծնած է 329 թուին եւ ուսումը ստացած՝ Կեսարիոյ մէջ: Ամուսնացած էր Մամիկոնեան ընտանիքէն՝ Սանդուխտի հետ եւ ունէր զաւակ մը՝ Սահակ (Պարթեւ): Ամուսնութենէն կարճ ժամանակ մը ետք կինը կը մահանայ, իսկ ինք կ’երթայ Կ.Պոլիս ուսումը շարունակելու: Հայաստան վերադարձին իրեն կը վստահուի արքունի դիւանապետի պաշտօնը: Փառէն Աշտիշատեցի կաթողիկոսի վախճանումէն ետք,օրուան Արշակ Բ. թագաւոր (345-368) յրամարագոյն անձը կը նկատէ հայրապետական աթոռ բարձրացնել Ներսէսը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր: 353 թուին, Ներսէս կը մեկնի Կեսարիա ձեռանդրութիւն եւ օծում կը ստանայ ապա կը ստանցնէ Հայոց Հայրապետական մականը:

Ս.Ներսէս կաթողիկոս, իր գահակալութեան շրջանին կը հանդիսանայ մեծ բարեկարգիչի տիտղոսին: 345 թ.Աշտիշատի մէջ ժողով մը կը գումարէ, որուն կը մասնակցին մեծ թիւով աշխարհականներ: Այս ժողովին որոշումներով Ս. Ներսէս հայաստանի զանազան գաւառներու մէջ կը հիմնէ, հիւանդանոցներ, ծերանոցներ, անկելանոցներ, որբանոցներ, կուրանոցներ եւ աղքատանոցներ՝ բոլոր կեդրոններուն մէջ կարօտեալներ կը խնամուին ձրիաբար: Կը կառուցէ հիւրանոցներ, որպէսզի պատսպարէ եւ հիւրընկալէ հիւրերն ու պանդուխտները: Հայ եկեղեցւոյ կրօնաւորներուն կեանքը կը կարգաւորէ եւ նոր վանքեր կը հիմնէ: Ամենուրէք դպրոցներ կը բանայ եւ ուսում կը ջամբէ նորահաս սերունդին: Հեթանոսական սովորութիւններով թաղման արարողութիւնները կ’արգիլէ, ինչպէս նաեւ կ’արգիլէ մերձաւոր ամունութիւնները, բարձրացնելով զայն եօթը պորտ հեռու: Աշտիշատի Ժողովին առնուած վերոյիշեալ որոշումները կը նպաստեն ո՛չ միայն եկեղեցական կեանքի պայծառացման, այլեւ ամբողջ հայաստանի յառաջդիմութեան:

Ս.Ներսէս Հայրապետ Արշակ Բ. ի հետ համագործակցաբար կ’առաջնորդեն հայոց երկիրը: Սակայն կը պատահին պահեր, երբ երկիրը քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւնները տարակարծութիւններ կ’ունեան իրարու հետ: Պատճառներէն մէկն էր Արշակաւան քաղաքի շինութիւնը, ուր թագաւորը հոն կը համախմբէ երկրի բոլոր յանցագործները եւ մեղապարտները, որոնք փախուստ տուած էին երկրէն: Ս. Ներսէս Հայրապետ կը մերժէ (Մեղապարտներու) քաղաքին գոյութինը, կը մերժէ նաեւ հոն կառուցուած եկեղեցիին օծումը կատարել, կ’առաջարկէ քանդել ամբողջ քաղաքը: Արշակ Բ. Թագաւոր, դաւադրաբար սպանել կու տայ նաեւ իր եղբօրորդին Գնէլը եւ կնութեան կ’առնէ անոր կինը Փարանձեմը: Արշակի վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութենէն դժգոհ, Ներսէս Հայրապետ, որպէս բողոքի նշան, կը հեռանայ ասպարէզէն:

Ս.Ներսէս կաթողիկոս իր քրիստոնէական փայլուն նկարագրին, իմաստութեան ու ջանասիրութեան շնորհիւ մեր պատմութեան մէջ ժառանգած է (Մեծ) տիտղոսը: Արժանացած է նաեւ (Հայոց Հայր) եւ (Սրտերու Լուսաւորիչ) կոչումներուն:

Մեծն Ներսէս Հայրապետ կը վախճանի 373 թուին, իր ետին թողելով՝ երկիւղած,աւանդապահ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ,մարդասէր, սրբակենցաղ, զգաստ, բազմակողմանի կատարեալ շնորհքներով օժտուած հայրապետ: Ան կը թաղուի Եկեղեաց գաւառի Թիլ աւանի մէջ:

Հայ եկեղեցին տարին անգամ մը յատուկ տօնախմբութեամբ կը պատուէ մեծ սուրբին յիշատակը: Մեծն Ներսէս Պարթեւ Հայրապետ հայ եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած է, որպէս (Ծերանոցներու) բարեխօս սուրբ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան