ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ

 ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ
 

«Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ» (Բ.Տմ 2. 15-26):

Սուրբ Պօղոս առաքեալ Հռոմի բանտէն իր սիրելի աշակերտ՝ Տիմիթիոսի գրած երկրորդ նամակին մէջ, իր վերջին խրատները կը փոխանցէ եւ հայրական սրտի անհուն սէրն ու օրհնութիւնը կ’ամփոփէ վերոյիշեալ բառերուն մէջ. «Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ»:

Սրբազան կտակ մը, որ իւրաքանչիւր մարդ անհատի կեանքի նշանաբանն ու նպատակը պէտք է դառնայ:

«Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ» կը նշանակէ.

ա- Աստուծոյ աչքին հաճելի եւ աստուածահաճոյ կեանք մը ապրիլ:

բ-Ճշմարտութեամբ խօսիլ եւ արդարութեան պաշտպան հանդիսանալ:

գ- Մաքուր պահել սիրտն ու հոգին:

դ- Կեանքի ընթացքին պայքարիլ բարութեան ու սրբութեան յաղթանակին համար:

«Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ»ը դժուարին առաքելութիւն մըն է, որ յարատեւ աշխատանք ու զոհողութիւն կը պահանջէ: Այս իսկ պատճառով, առաքեալը կ’ըսէ. «Ջանա՛»:

Ջանալ, ասինքն՝ ջանք թափել, ամէն կարելին ընել, պայքարիլ ու զոհուիլ, որովհետեւ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար՝ հարկ է ամէն վայրկեան հեռանալ մեղքէն, ուրանալ մեր եսը, հրաժարիլ մոլութիւններէն եւ ապրիլ միայն Աստուծոյ փառքին համար:

«Ընտիր ըլլալ» Աստուծո՛յ աչքին եւ ոչ թէ՝ մարդոց:

Մարդկային ընկերութեան մէջ հզօր եւ ակնյայտ է մարդահաճ ըլլալու տենչը: Մարդիկ փառքէ եւ պատիւէ շլացած՝ ամէն ինչ կ’ընեն մարդոց աչքին «ընտիր» եւ հաճելի թուալու համար: Կը ստեն, կը կեղծեն, կ’անիրաւեն ու կը հափշտակեն:

Կը կեղծեն իրենց սէրն ու ժպիտը, հաւատարմութիւնն ու անկեղծութիւնը: Կը հրաժարին իրենց արժանապատուութենէն, կը լռեցնեն իրենց մէջ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ձայնը. Կը քծնին ու կը շողոքորթեն միայն մարդոց հաճութիւնը շահելու համար:

Կարելի է կեղծաւորութեամբ խաբել մարդիկ, սակայն կարելի՞ է խաբել զԱստուած: Մենք ի՞նչ որ ենք մեր խղճին ու Աստուծոյ առջեւ՝ այն ենք:

Կեղծելով՝ ճշմարտութենէն ոչինչ կրնանք փոխել: Ուստի ջանանք ընտիր ըլլալ Աստուծոյ աչքին եւ ոչ թէ՝ մարդոց:

Ի՞նչ փոյթ եթէ մարդիկ մեզ այպանեն, նախատեն կամ դատապարտեն, երբ հաշտ ենք Աստուծոյ հետ:

Ի՞նչ փոյթ եթէ աղքատութեամբ, զրկանքով ու տառապանքով անցնին մեր օրերը, երբ մաքուր ու գոհունակ սիրտով փառք կու տանք Աստուծոյ եւ արդար աշխատանքով կը շահինք մեր հացը:

Մարդիկ ինչ ուզեն թո՛ղ ըսեն մեր մասին, կարեւորը՝ Աստուծոյ ըսածն ու մտածածն է: Նոյնիսկ եթէ բոլորը մեզ մոռնան, մենք յիշենք թէ կարեւորը Աստուծոյ աչքին միշտ ընտիր ըլլալն է: Մենք եւ Աստուած մի՛շտ միասին. Մեր սէրը՝ յաւիտեան Իր սիրով շաղախուած թող ըլլայ: Ինչպէս որ Ս.Ներսէս Շնորհալի երգած ու ըսած է. «Սէր անուն Յիսուս սիրով քո ճմլեայ սիրտ իմ քարեղէն» Ամէն:

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ

Բանաստեղծ, երաժիշտ, աստուածաբան, Ներսէս Շնորհալի միջնադարեան Հայաստանի Կիլիկեան հոգեւոր-մշակութային դպրոցի ամենափայլուն եւ համաքրիստոնէական քաղաքակրթութեան մեծագոյն ներկայացուցիչն է:

Ներսէս Շնորհալին Պահլաւունիներու նշանաւոր իշխանական տոհմէն է, Գրիգոր Մագստրոս Պահլաւունիի ծոռը, իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի որդին: Ուսանած է Սեւ լեռան վանքերէն մէկուն մէջ, ապա հիմնական կրթութիւնը ստացած է Քեսունի Կարմիր վանքի վարդապետարանէն, ուսումը աւարտելէ ետք, կուսակրոն քահանայ ձեռնադրուած, ապա քանի մը տարի ետք՝ եպիսկոպոս:

Քաղաքական անհանգիս մթնոլորտի մէջ, որպէս օգնական եւ խորհրդատու, միշտ ալ եղած է 18 տարեկանին կաթողիկոս կարգուած եղբոր՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսի կողքին:

Չափազանց հարուստ, բազմաժանր ու բազմաբովանդակ է Շնորհալիի գրական ժառանգութիւնը, որ մեզի հասած է գրեթէ լռիւ: Ան գրած է արձակ (ճառեր, թուղթեր, մեկնութիւններ) եւ չափածոյ (տաղեր, շարականներ, հանելուկներ) եւ երկեր: Շնորհալիի արձակ գործերուն պսակումը կը հանդիսանայ (ընհանրական թուղթերը), որ նորընտիր կաթողիկոսի անդրանիկ կոնդակն է,՝ ուղղուած հայ ժողովուրդի ժամանակակից Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան, աշխարհական խաւին, ուր կը դրսեւորուի կենցաղական ու բարոյական հարցեր: Պատմական արժէքաւոր վաւերագրական ու գրական երկ, որ մինչ օրս կը պահէ իր այժմէականութիւնը: Գրուած են կուռ տրամաբանութեամբ եւ դիւանագէտի հմտութեամբ պարզ, յստակ ու հասկնալի լեզուով:

Շնորհալի հայ քնարերգութեան մէջ առաջին չափածոյ պատմութեան, պատմահայրենասիրական ողբի, տիէզերական երկի, չափածոյ ներբողականի, ուղերձի ու մաղթանքի հեղինակն է: Ան նաեւ մեր առաջին մանկագիրն է, մանկավարժական-ուսուցողական բանաստեղծութեան հիմնադիրը կը նկատուի: Գրած է չափածոյ խրատներու երկու շարք՝ հետեւելով հայոց այբուբենի տառերու յաջորդականութեան,ինչպէս նաեւ 300-էն աւելի չափածոյ հանելուկ-առակներ՝ հանելուկներուն տալով գրական առանձին ստեղծագործ առանձին ժանր հայ գրականութեան մէջ:

Շնորհալի Հայրապետ նաեւ մեծագոյն շարականագիրը կը համարուի հայ եկեղեցւոյ մէջ: Ան հեղինակ է հարիւրաւոր օրհներգներու, որոնք հարստացուցած են հայ եկեղեցւոյ ժամերգութիւններու երգերը, Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը, խորացած է հոգեւոր երգերու ազգային բովանդակութիւն ու հայրենասիրական ոգի եւ կատարելագործուած երաժիշտութիւն,բարեկարգած եւ ճոխացուցած եկեղեցական ծէսը եւ արարողութիւնները:

Ա.Շարունակելի:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան

              «ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՝ ԲԱԶՄԱՇՆՈՐՀ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ»

Միջնադարեան մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան ու շարականագիր Ներսէս Շնորհալիի (Ներսէս Դ. Կլայեցի Կաթողիկոսի (1166-1173) վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ ՅՈՒՆԵՍԿՈՅԻ կողմէ ընդգրկուած է, հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2023 թուականի օրացոյցներու մէջ յիշատակումով:

Այս առթիւ Երեւանի Ս.Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանը՝ որպէս միջնադարեան հայ գրականութեան գրաւոր մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոն, այս յոբելինականի առթիւ կը ծրագրուի շարք մը միջոցառումներ, որուն ընդմէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ՝ «Ներսէս Շնորհալի՝ բազմաշնորհ հայրապետը» խորագրով միջազգային գիտաժողով, որու նպատակն է վեարժեւորել եւ լուարձակի տակ բերել ու նորովի գնահատել Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մատենագիտական ժառանգութիւնը բացառիկ դերն ու նշանակութիւնը հայ միջնադարեան գրականութեան եւ մշակոյթի մէջ:

Կայանալիք գիտաժողովը կարեւոր եւ արդիւնաւէտ հարթակ պիտի հանդիսանայ, համախմբելով հայ եւ օտար անուանի հայագէտներ, երիտասարդ եւ աւագ սերունդի հետազոտողներ, անդրադառնալու Շնորհալիի թողած բազմաբնոյթ եւ բազմաշերտ մատենագրական ժառանգութեան, համաքրիստոնէական ու համամարդկային գաղափարներուն, գնահատելու Հայրապետին ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ նոր չափանիշներ եւ ուղղութիւներ տալու «Շնորհալիագիտութեան» մասնագիտութեան:

Գիտաժողովը կը կայանայ 21-23 Յունիս 2023-ին, Երեւանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի դահլիճէն ներս, Հայաստան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան