ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է
 

  

  Այս օրերուն դարձեալ կը լսուին ձայներ…։

   Դուք կը լսէ՞ք այն ձայնը, որ ես ալ կը լսեմ…։ Հրեշտակի աւետման ձայնը երկնային։ «Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2։11)։ Երկնային զօրքերու օրհնաբանութեան ձայները. «Փառք Աստուծոյ, Բարձունքներու մէջ»։ Հրեշտակներուն ականատեսի վկայութեան ձայները, օրհնաբանութեան եւ փառաբանութեան ձայները։

   Այս օրերուն, եւս կը լսենք զանգերու ղօղանջներ, երգչախումբերու կողմէ հնչող ծննդեան երգերու, օրհնութեան եւ փառաբանութեան ձայներ….։ Տօնախմբութեան շնորհաւորանքներ, մաղթանքներ եւ նոր յոյսի ակնկալութիւններ…։

 Յոյսի նոր ակնկալութիւննե՞ր…։ Ի՞նչ կը նշանակէ նոր յոյսի ակնկալութիւն ունենալ. կը նշանակէ աւելի լաւին ու լաւագոյնին ձգտումը ունենալ։ Հակառակ անոր, որ կ՚ապրինք անարդարութեամբ ու ատելութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ, ամէնուրէք կը տիրէ ցաւ, տառապանք, ատելութիւն, բռնութիւն եւ անօրէնութիւն…։ Սակայն, այս բոլորէն ետք կարելի՞ է տակաւին յոյս ունենալ։ Պատասխանը անշուշտ այո՛ է։

   Որովհետեւ 2000 տարի առաջ խաղաղ երեկոյ մը, Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, պարզ ու խոնարհ մսուրին մէջ ամփոփուեցաւ Անբաւելին երկնի եւ երկրի։ Աստուած կատարեց մեծագոյն հրաշքը, երկինքը երկիր իջաւ եւ երկիրը երկինք բարձրացաւ։ Աստուած մարդեղացաւ՝ մարդուն աստուածացնելու համար։ Աստուածորդին Բեթղեհէմի մսուրէն որպէս «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», որպէս «Նոր Արքայ» յոյսի ծնունդ դարձաւ: Քրիստոնեայ մարդուն համար յոյսը չմնաց այլեւս սպասում, այլ դարձաւ իրականութիւն։ Մարդիկ տեսան այդ յոյսը, եղան այդ յոյսին հետ եւ ապրեցան այդ յոյսին համար:

  Արդարեւ, այնտե՛ղ է՝ Բեթղեհէմի խոնարհ ու պարզ մսուրին մէջ, յաւերժօրէն ապրող յոյսը մարդկային:

   Եթէ կ՚ուզենք որ այդ յոյսը ներթափանցէ մեր կեանքին մէջ, պէտք է հետեւինք հովիւներուն, մոգերուն, խոնարհելու նորածին թագաւորին առջեւ։ Յոյսը հասանելի կ՚ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են երկրպագելու Նորածինին առջեւ։

  Այսօր մենք որքանո՞վ պատրաստ ենք խոստովանելու, որ մենք մեղաւորներ ենք եւ կարիքը ունինք Փրկիչի մը մեզ ազատագրելու այդ ծանրութենէն։

   Այսօր, մենք որքանո՞վ պատրաստ ենք վստահելու իրեն, որ Ինքն է «Հզօր Աստուածը», «խաղաղութեան Իշխանը», «արդարութեան Արեգակը» եւ «Յաւիտենական Թագաւորը»։

   Ամէն տարի տօնական այս օրերուն կը պատրաստուինք այցելել Բեթղեհէմ, հետեւիլ երկնակամարին վրայ փայլուն աստղին, ճանչնալ մսուրին մէջ խանձարուրով փաթթուած Յիսուս Մանուկը, տեսնելու փնտրտուքը մոգերուն, անոնց խոնարհումը եւ երկրպագութիւնը ու մանաւանդ նուէրներու ընծայումը «Նորածին Թագաւորին»։ Սակայն, առօրեայ հեւքին մէջ դարձեալ կը հեռանանք մսուրէն՝ մեր Փրկիչէն, կը հեռանանք փայլուն աստղի ուղղորդած ճանապարհէն, կ՚իյնանք խաւարի զնտանին մէջ եւ կը զրկուինք Լոյսի ներկայութենէն։

    Մեզմէ շատեր այս օրերուն կը զգան որ խաւարը ներխուժած է իրենց կեանքէն ներս, սիրելիի մը կորուստի պատճառով, հարազատի մը հիւանդութեան պատճառով, բարեկամի մը աշխատանքի չգոյութեան պատճառով եւ կամ այլ ընտանեկեան անհանգստացնող մտահոգութիւններու պատճառով։

  Այո՛, խաւարին մէջ, լոյսի չգոյութեան եւ կամ բացակայութեան պատճառով ամէն ինչ աւելի սարսափելի կը թուի եւ անհանգստացնող։ Երբ մանաւանդ ամէն ինչ անորոշութեան մէջ կը տուայտի եւ դէմ յանդիման կը գտնուինք զանազան դժուարութիւններու, նեղութիւններու, դժբախտութիւններու, փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու։

     Երբ դարձեալ փորձենք նայիլ Բեթհեմեան մսուրին, պիտի տեսնենք, որ կենդանիներու տաքուկ շունչով խանձարուրով փաթթուած Նորածին մանուկի ծնողներուն մօտ անորոշութիւն մը կը տիրէր…։ Մարիամն ու Յովսէփը չէին գիտեր թէ ի՞նչ կը սպասուէր իրենց, մէկ բան գիտէին, որ Աստուած կ՚առաջնորդէր զիրենք։ Գիտէին որ Աստուած իրենց հետ է։

   Այսօր եւս մեր անհատական, հաւաքական, ընտանեկան թէ ազգային ու եկեղեցական կեանքին մէջ դարձեալ անորոշութիւն կը տիրէ։ Այո՛, անորոշ է գալիքը, անորոշ է սպասուածը, ակնկալուածը, սակայն, պէտք է ունենանք հաւատքը, յոյսն ու գիտակցութիւնը, որ կայ Տէր մը, Փրկիչ մը, որ կ՚առաջնորդէ մեզ, կը հարթէ մեր ճամբան եւ հոգատար է մեր կարիքներուն։

   Գիտակցաբար առաւելութիւնը ունինք անորոշութեան մէջ վստահելու, որ Աստուած իր Միածին Որդիին միջոցով եկաւ օգնելու մեզի, մեր միտքերը մաքրելու եւ մեզ սրբութեան տաճար դարձնելու։ Եկաւ մեզ սնուցանելու, իբրեւ կենաց հաց բաշխուելու, նոր կեանք եւ փրկութիւն պարգեւելու։

   Ամրակուռ յոյսը ունինք, որ Աստուածորդին աշխարհ եկաւ մարդկային բոլոր անարդար կառոյցները քանդելու իր իսկ կեանքի օրինակով եւ իր Աստուածային սիրով ճզմելու քարացած սրտերը, լուսաւորելու մարդոց խաւարացած հոգիները, եւ վերականգնելու հոգիի թագաւորութիւնը՝ ուր կ՚իշխէ միայն խաղաղութիւնը, սէրն ու համերաշխութիւնը։

   Հետեւաբար, եկէ՛ք կուսական հրաշքով ծնած Փրկիչին, երկնաւոր գառնուկին կենդանացուցիչ կամքը կատարենք եւ իրեն հետեւինք, այն յոյսով որ Ինք կ՚առաջնորդէ մեզ։ Յոյսը ունենանք, որ ԱՆ ՄԵԶԻ ՀԵՏ է եւ պիտի առաջնորդէ մեզ ամէն ժամանակ։

  «Փառք Աստուծոյ Բարձունքներուն մէջ։ Թող խաղաղութիւնը տիրէ աշխարհի մէջ եւ համերաշխութիւնը մարդոց միջեւ»։

   Քրիստոսի՝ մեր Փրկիչին սէրը, խաղաղութիւնը եւ շնորհքը մեզի հետ ըլլայ, յաւիտեանս. Ամէն։

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ

Գանատայի Հայոց Թեմի