ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

Աստուածայայտնութիւնը, երկինքը, երկիրը եւ մարդկութիւնը ստեղծող Աստուծոյ մարդ արարածին յայտնուիլն է, իրեն յատուկ ձեւերով, նախ դրախտին մէջ դէմ յանդիման նախածնողաց՝ Ադամին եւ Եւային, յետոյ անկէզ մորենիին միջոցով երկրաւոր ու երկրածին Մովսէս մեծ մարգարէին, անոր ճամբով մարդկութեան յայտնելով իր կամքը՝ Օրէնքը: Աստուածայայտնութեան վախճանական նպատակը մարդու փրկութիւնն է:

Դարերու ընթացքին «բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով» Աստուած ինքզինք յայտնեց մարդկութեան «մարգարէներուն միջոցով» (Եբր 1.1) եւ անոնց բերնով մարդը մեղքին ու մահուան կապանքներէն փրկելու խոստումը տուաւ:

Երբ մարդ արարածը անզօր գտնուեցաւ մեղքին ու չարին դիմաց, Աստուած մարդասիրական ու հայրախնամ միջամտութեամբ մը իր ստեղծած մարդկային մարմինէն մարմին առաւ Ս.Կոյս Մարիամէն, զայն վերածեց Աստուածածի, եւ կատարելապէս ծնաւ Յիսուս Քրիստոսով:

Աստուածածշունչ Մատեանը, Հին եւ Նոր Կտակարաններով, մեզի կը ներկայացնէ ազատարար կամ փրկիչ Աստուծոյ յաճախակի աջակցութիւններն ու օժանդակութիւնները իրեն վստահած՝ Աստուծոյ ամենակարողութեան հաւատացող հաւատացեալներուն, յատկապէս մարդու տրամաբանութեան համար անկարելի նկատուող կացութիւններու մէջ, ինչպէս Կարմիր ծովէ անցնիլը, անապատին մէջ ջուրէն եւ ուտելիքէն զրկուած հաւաքականութիւն մը Ժայռէն բխած զուլալ ջուրով եւ երկինքէն թափուող մանանայով կերակրելը, իսկ մարգարէական գրականութեան մէջ, յատկանշական դրուագներ են, Դանիէլի գիրքին վկայութեամբ, «երեք մանուկները» հնոցին մէջէն ազատագրելը եւ նոյինքն Դանիէլ մարգարէն առիւծներու գուբէն անվնաս դուրս բերելը:

Ներկայ կեանքին մէջ, երբ մասնաւորաբար մեր երկիրը աննկարագրելի ու ահաւոր փորձութիւններէ կ’անցնի, պատերազմական իրավիճակ, քանդումները, սպանութիւնները, քորոնա ճահրի սպառնալիքները, շատ մը նմանութիւններ կը գծեն Դանիէլի մարգարէութեան երեք հաւատացեալ մանուկներուն՝ Սեդրակին, Միսաքին եւ Աբեդնագովին հետ, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պարտադրած պաշտամունքին դէմ կանգնեցան յայտարարելով իրենց բաձարցակ հաւատքը «երկնքի մէջ բնակող» Աստուծոյ հանդէպ, հաւատք մը, որ լեցուն է խոր եւ գիտակից համոզումով, թէ անասելի դժուարութիւններու մէջ անգամ միակ փրկիչը նոնինքն մեր երկնաւոր Աստուածն է:

Դրուագը կը նկարագրէ, թէ թագաւորը հրահանգեց զանոնք «եօթանապատիկ» բորբոքած կրակի հնոցին մէջ այրել, որպէսզի անոնց հետքն իսկ չմնայ, միակ ճշմարիտ Աստուծոյ անոնց պաշտամունքը խափանուի, սակայն ի զարմացումն բոլորին անոնք հրաշալի կերպով կը վերապրին եւ թագաւորը անձամբ կը տեսնէ իր աչքերով, որ երեքի փոխարէն հնոցին մէջ չորս անձնաւորութիւններ կը շարժին. «չորրորդին տեսքը Աստուծոյ Որդիի» նմանութեամբ է (Դն 3.92), որ երեքին կեդրոնը եւ շուրջը կանգնած, զանոնք կը պաշտպանէ ստոյգ այրումէն՝ մահէն: Իսկ երեքը, որոնք իրենց հաւատքը քաջաբար յայտարարած էին թագաւորին առջեւ, հիմա կրկին բոցերուն մէջ կը կատարեն անհատական ու հաւաքական խոստովանութիւն. Յետոյ, գօտեպնդուած Տիրոջ ներկայութենէն՝ փրկագործական յայտնութենէն, փառաբանութեան մասնակից կը դարձնեն ամբողջ ստեղծագործութիւնը:

Օրհնաբանութեան այս պատկերը մեր տիրոջ Ս.Ծննդեան պարագաները կը յիշեցընէ: Երբ անոր մայրը զինք ծննդաբերելու համար յարմար բնակավայր չունէր եւ մսուրի մէջ ծնաւ, իսկ հովիւները երկնային հրեշտակներուն օրհնաբանութեանց ու Աստուծոյ փառքին լուսափայլ յայտնութեան ականատես եղան (Ղկ 2.1-15):

Մարգարէական այս տեսիլքը զարմանալի զուգորդում մը ունի միջին արեւելքին եւ մանաւանդ հայերենիքի հետ, եւ բոլորիս կարեւոր թելադրութիւններ կը բերէ, երբ հայ աշխարհն ու հայ եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի Ս.Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը կը տօնախմբեն:

Այս տարուան հոգեւոր խօսքն ու պատգամը փափաքեցանք կացութեան համապատասխանող իրավիճակին անդրադարձող աստուածաշնչական խորհրդածութեամբ մը ունենալ եւ յուսադրուած բացուող տարուան՝ «Խաղաղութեան տարի» ըլլալու իրականութենէն. Երեք մանուկներուն նման մենք եւս հրաւիրուած ենք անոնց նկարագիրով ու կեցուածքով դիմել մեր երկնաւոր Փրկիչին, որպէսզի մեզ բազմիմաստ ու բազմագոյն հնոցի բոցերէն ազատէ եւ առաջնորդէ մշտական խաղաղութեան ու յարաճուն ուրախութեան: Երեք մանուկներու դէպքին մէջ հիմնական երկու գործոններ անհրաժեշտօրէն նկատի ունենանք.-

ա- Աղօթել եւ գործել, որոնք զիրար կը համալրեն, այսինքն՝ աղօթք առանց գործի եւ գործ առանց աղօթքի ու երկնային օրհնութեան, մեր բոլոր տեսակի ծրագիրները դատապարտուած պիտի մնան ձախորդութեան: Մեր գործը աղօթախառն ու լուրջ ըլլայ:

բ- Հաւատալ Փրկիչին ազատարար կարողութեան եւ փրկութիւնը ունենալ ապաշխարութեամբ, սխալները, յանցանքները, մեղքերը ճանչնալէ եւ հրաժարելէ յտոյ, այսինքն՝ նորոգուիլ փրկութեան յոյսով, հաղորդուիլ Փրկիչին հոգեւոր ազատութեամբ եւ գործել արդարութեան ու խաղաղութեան, յաջողութեան եւ յաղթանակին հասնելու համար. Հաւատացեալին մէկ այլ ու մնայուն պարտքն է փառաւորել իր Տէրն ու Փրկիչը կեանքի բոլոր պայմաններուն եւ կացութեանց մէջ՝ անվախօրէն:

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս.Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին հրաւիրուած ենք վերանորոգելու մեր յոյսը հանդէպ Անոր, որ մեզ «փրկեց, կը փրկէ եւ պիտի փրկէ» (Բ. Կր 1.10), եւ միասիրտ ու միախորհուրդ գործել խաղաղութեան հաստատման համար, «որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտ5.9): Եթէ երեք մանուկները, անոնց հետ բոլոր վաւերական հաւատացեալները,աղօթքով յաղթահարեցին ճնշուածութիւնը, յուսահատութիւնը, ընկրկումն ու նահանջը, մենք եւս անձանձրոյթ ու մշտատեւ աղօթքի գործունէութեամբ եւ փառաբանական ծառայութեամբ, ինչպէս որ երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքը, յոյսով, սիրով լեցուած հաւատացեալներուս նուիրումը եւ փառաւորեն մեր երկնաւոր Փրկիչը:

Այս առթիւ յանուն Թորոնթոյի Ս.Աստուածածին Հայց.Առաքելական Եկեղեցւոյ ընտանիքին, յոյսով լեցուն խաղաղութեան տարի մը կը մաղթենք ամբողջ աշխարհին, բայց յատկապէս Հայաստանի, Արցախի,Միջին արեւելքի մեր համայնքներուն եւ ի սփիւռս աշխարհի հայութեան:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս.Ծնունդ: Քրիստոս Ծնաւ եւ Յատնեցաւ,Ձեզ եւ Մեզ Մեծ Աւետիս:

Օրհնեալ է Յատնութիւնն Քրիստոսի:

Շ.Ա.Ս

Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին

850րդ Ամեակին Առիթով (1102-1173)

Այս տարի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը շնէ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին 850 ամեակը։ Ներսէս Շնորհալի (նաեւ կը կոչուի Կլայեցի կամ Երգեցող) Հայրապետ, իր անթառամ դրօշմը թողած է մեր եկեղեցւոյ մէջ իր գեղարուեստական-բանաստեղծական բեղուն գործունէութեամբ։ Սոյն յօդուածաշարքով պիտի ջանանք մեր ընթերցողներուն ծանօթացնել այս անկրկնելի եկեղեցականին կեանքն ու գործունէութիւնը՝ յուսալով որ իր տիպարը պարուրէ մեր հաւատաւոր ժողովուրդը, եւ ներշնչէ զիրենք հաւատքով, վերանորոգ նուիրումով եւ Քրիստոնէական վառ ապրումներով։

Շնորհալի Մեծ Հայրապետը ծնած է Կիլիկիոյ Տլուք գաւառի Ծովք ամրոցը։ Ան սեռած է Պահլաւունի իշխանաւոր տոհմէն։ Մօրը կողմէ Գրիգոր Մագիստրոսի թոռն էր։ Ներսէս ունէր երկու կրտսէր եղբայրներ՝ Վասիլը եւ Շահանը, որոնք դարձան զինուորականներ, իսկ ինք եւ իր աւագ եղբայրը, Գրիգորը, ընտրեցին հոգեւորականութիւնը։

Շնորհալին իր աւագ եղբօր՝ Գրիգորին հետ, ստացած է իր նախնական ուսումը Քեսունի մօտ, Սեւ լերան վրայ գտնուող՝ Կարմիր Վանքէն (1105-1116 կաթողիկոսանիստ եղած է այս վանքը)։ Իրենց ուսումը կը ստանան Գրիգոր Վկայասէր եւ Բարսեղ Անեցի (1105-1113) Կաթողիկոսներու օրով։ Երկու եղբայրները կ՚աշակերտին նշանաւոր Ստեփանոս Գիտնական Վարդապետին։ Բարսեղ Անեցիի անակնկալ մահէն ետք, Ներսէսին եղբայրը, Գրիգորը, կ՚ընտրուի կաթողիկոս երբ հազիւ 20 տարեկան էր։ Գրիգորի կաթողիկոսական շրջանը երկարագոյնն է մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ (1113-1166)։

Ներսէս Շնորհալիին ժամանակակից եւ ազգագան` Գրիգոր Մագիստրոս (990-1059), Պահլաւունի Վասակ Զորավարին որդին էր։ Գրիգոր Մագիստրոսը, իր կարգին նաեւ, հմուտ լեզուաբան մըն էր, մասնագիտանալով յունական գրականութեան եւ արեւելեան լեզուներու մէջ։ Անոր իշխանութեան ներքեւ գտնուող Թոնդրակի մէջ, երբ Թոնդրակացի հերձուածներ իրենց Ղազար աղանդապետին ղեկավարութեամբ սկսան զօրանալ ու արշաւել ժողովուրդի վրայ, Մագիստրոս հրապարակային խրատականներով, եւ ապա զօրքով առաջքը կ՚առնէ անոնց տարածումին։

Ներսէս Շնորհալին իր եկեղեցական կարգերը կը ստանայ իր եղբօրմէն (սարկաւագութիւն եւ քահանայութիւն)։ 16 կամ 17 տարեկանին Ներսէս ձեռնադրուած է որպէս կուսակրօն քահանայ, իսկ երեսուն տարեկանը չբոլորած՝ ան արդէն ձեռնադրուած էր եպիսկոպոս։ Ան իր կաթողիկոս եղօր աջակիցը կը դառնայ, հանդիսանալով որպէս կաթողիկոսական փոխանորդ այլազան գործերու մէջ։ Ներսէս Շնորհալին նաեւ մեծ դեր ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացումին։

Կլայ շրջանը, որմէ կը ծագի «Կլայեցի» անուանումը, Եփրատ Գետին մերձակայքը կը գտնուի։ Քաղաղական խռովութիւններու պատճառով, Ներսէս իր եղբօր Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսին հետ կը հաստատուի Ծովք, ապա Հռոմկլայ (որ կը նշանակէ յոյներու բերդ)։ Այսպիսով, թափառական Հայրապետական Աթոռը կը հաստատուի Հռոմկլայ ուր կը մնայ մօտաւորապէս մէկ ու կէս դար, բաղդատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ։

Տարօն Սրկ. Հալլաճեան

Հայր Մեր, Որ Երկինքէն Արցախը Կը Դիտես

Հայր մեր, որ երկինքէն Արցախը կը դիտես,
Սուրբ թող նկատուի անունդ բոլորին կողմէ:
Արքայութիւնդ թող շողայ մեր արիւնլուայ աշխարհին վրայ:
Առատութիւն թող տեղայ մեր դատարկ հողին վրայ:
Վեհ կամքդ թող կատարուի երկրի վրայ, ինչպէս կ՛իրագործուի երկնքի մէջ:
Ամէնօրեայ հաց ու ջուր տրամադրէ Արցախի ժողովուրդին,
Եւ առողջութիւն ու սնունդ պարգեւէ անոնց, որոնք պէտք ունին:
Ներէ իրենց սխալները, ինչպէս իրենք կը ներեն թշնամիին յանցանքները:
Մի՛ տանիր զիրենք դէպի փորձութիւն, որպէս յուսահատութիւն կամ չարամտութիւն,
Այլ փրկէ զիրենք չար գործերէ, ծրագիրներէ, անձերէ ու մտածումներէ:
Անծայրածիր համբերութիւն բաժնէ անոնց` որպէս գալիքին խոստում,
Բազմացուր իրենց անվախութիւնը, քաջալերէ առ Աստուած վստահութիւնը:
Ազատէ Արցախի ժողովուրդը տաժանակիր այս հանգրուանէն,
Զօրացած` յառաջանան երկրային դժոխքի կրակներէն:
Քու ձեռքդ բռնած` թող նորոգուին ժպտերես,
Անսանձ գոհունակութիւն թող ծաղկի անոնց սրտերէն ներս:
Հիմա կը խնդրենք, սակայն, Դուն ես Ամենագէտ,
Այս թէեւ չտեսնենք երկրի վրայ, կ՛աղօթենք տեսնել արքայութենէդ ներս,
Որովհետեւ Քեզի կը պատկանի արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ յաւիտենական փառքը: Ամէն:

Լոռի Պէրպէրեան