ԱՆՄԻՏ ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԱՌԱԿԸ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (12. 13-31)

ԱՆՄԻՏ ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԱՌԱԿԸ

Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.

-Վարդապե՛տ, ըսէ եղբօրս, որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի:

Յիսուս պատասխանեց.

-Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժնարար կարգեց ձեր վրայ:

Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց.

-Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն,որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն:

Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ
 

Հարուստ մարդ մը կար,որուն արտերը առատ բերք տուին: Անիկայ կը մտածէր ու կ’ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց: Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ:Պիտի քակեմ շտեմարաններս,աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս: Ապա ես ինծի ըսեմ.

-Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս,հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»: Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»:

Եւ Յիսուս եզրակացուց.

-Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց,որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն,փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու:

Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ըսեմ ձեզի.-Մի մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՛ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար՛ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: Որովհետեւ կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը,եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը:Դիտեցէք ագռաւներուն,որոնք ո՛չ կը սերմանէն,ո՛չ կը հնձեն,ո՛չ շտեմարաններ ունին եւ ո՛չ ալ ամբարներ ունին,սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք: Իսկ պիտի չկերակրէ՞ ձեզ,դուք՝ որ իր աչքին թռչուններէն գերազանց էք: Մտահոգուիլը կանգունով մը կ’երկարէ՞ ձեր հասակը: Եթէ նուզագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք:դիտեցէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ’աճի դաշտի շուշանը: Ո՛չ կ’շխատի, ո՛չ կը հիւսէ: հաւատացէք,որ նույնիսկ սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ: եթէ աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ խոտը՝ որ այսօր դաշտին մէջ է եւ վաղը կրակը պիտի նետուի, ձեզ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞, թերահաւատնե՛ր: Հետեւաբար,մի՛ մտահոգուիք ո՛չ ձեր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ,որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են: Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք: Այլ ուզեցէք Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի:

Աւտարանական այս հատուածով, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը յիշեցնէ մեզի թէ, մարդ արարածը անդադար կը պայքարի ապահովելու իր կեանքը եւ կարելի եաղած չափով զանազան միջոցներով զայն երկարաձգելու:Մէկ օր աւելի ապրիլն ու կեանքը վայելելը կարծէք յաղթանակ մըն է մարդուն համար:

Սակայն երկար ապրելու եւ կեանքը վայելելու այս տենչը,յաճախ նպատակի վերածած ենք եւ ամէն միջոցի կը դիմենք նիւթական բարիքներ ու հարստութիւն ամբարելու, հաւատալով թէ անոնցմէ կախեալ է մեր կեանքը: 

Նիւթապաշտութեան այս արշաւին մէջ,մարդ կը դառնայ անձնասէր ու ագահ.չի մտածեր անկարներուն,կարօտեալներուն ,հիւանդներուն եւ ոչ իսկ իր հարազատներուն որոնք իր օժանդակութեան կարիքը ունին.կը մոռնայ զինք շրջապատող աշխարհը եւ գերին կը դառնայ նիւթին ու վաղանցուկ վայելքներուն:

Յիսուս յստակօրէն կ’ըսէ. «Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն»(Ղկ 12.15): «Կեանք»բառը գործածելով Յիսուս հիմնական երկու ճշմարտութեան կ’ակնարկէ.

ա-Մարդու մը կեանքի տեւողութիւնը կախեալ չէ իր նիւթական ստացուծքներէն:

Հարստութիւնը, փաստօրէն չի կրնար մարդուս կեանքը երկարել կամ կեանքի ապահովութիւն պարգեւել,որովհետեւ անակնկալ պատահարներ եւ արկածներ որեւէ մէկ վայրկեան կրնան սպառնալ անոր:

Եթէ մեր յոյսը մեր ունեցածին վրայ դնենք՛շուտով յուսախաբ կ’ըլլանք,նման անմիտ հարուստին,որ հակառակ տարիներու ամբարած բարիքներուն,չկրցաւ վայելել,որովհետեւ մէկ գիշերուայ մէջ հոգին աւանդեց:

Ուրեմն,տարիներու վրայ երկարող հարստութիւն ապահովելով՛ մեր կեանքի օրերը չվատնենք:Դաշտերու մէջ ապրող թռչունները կերակրող Աստուած մեզ ալ կրնայ կերակրել:

բ-Մարդու մը «արժէքը» կախեալ չէ իր ունեցած հարստութենէն:

Փառքն ու վայելքը,հարստութիւնն ու ճոխութիւնը չեն կրնար մարդուս արժէք ու գեղեցկութիւն տալ եւ ոչ ալ արժանիքը աւելցնել, որովհետեւ մարդու մը իսկական արժէքը հոգիին, համեստութեան եւ արժանապատուութեան մէջ է,որոնք կ’արժէորեն իր կեանքը թէ երկրի եւ թէ երկնքի մէջ:

Եթէ թագաւորներ,իրենց ամբողջ փառքին մէջ, չկրցան Աստուծոյ հագցուցած շուշանին պէս զարդարուիլ, կ’արժէ՞ ուրեմն հագուստի ու զարդարանքի համար այդքան ժամանակ վատնել:

Ճշմարիտ գեղեցկութիւնն ու վայելչութիւնը աստուածային շնորհքներ են,որոնք կը զարդարեն մարդու հոգին ու զայն շուշանէն աւելի գեղեցիկ եւ պայծառ կը դարձնեն:

Այսօրուան աւետարանական պատգամն է, որ նիւթական հարստութիւններն ու բարիքները նպատակի չվերածենք, այլ միմիայն միջոցի՝ ապրելու եւ ապրեցնելու,ուրախանալու եւ ուրախացնելու եւ միշտ զԱստուած փառաւորելու:

ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ ՍՈՒՐԲԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ

Սուրբ Գրիգոր սքանչելագործ եղած է մեծահռչակ սուրբ մը, զորս յարգուած է, թէ արեւելքի եւ թէ արեւմուտքի մէջ: Ծնած է երրորդ դարու վերջերը, Պոնտոսի Նոր Կեսարիա քաղաքը: Հեթանոս ծնողքի զաւակ էր,բայց շնորհիւ Կեսարիոյ Փերմիլիանոս արքեպիսկոպոսին կը ստանայ քրիստոնէական կրթութիւն,եւ ուսումնասիրելէ ետք Հին եւ Նոր Կտակարանները կը մկրտուի ու քրիստոնեայ կը դառնայ:Ան աշակերտած է նաեւ Որոգինէսին:

Մեկնելով Աղեքսատրիա կը հետեւի իմաստասիրական եւ արտաքին գիտութիւններու,եւ կը ճանչցուի որպէս եզակի ուսանող շնորհիւ իր հմտութեան եւ պայծառամտութեան:

240 ին,եկեղեցական կը ձեռնադրուի եւ իր շրջանին Եպիսկոպոսը կը դառնայ:Ան կը մասնակցի Անտիոքի տեղական ժողովին: Այդ շրջանին Նոր Կեսարիոյ մէջ փոքր թիւով քրիստոնեաներ կը գտնուէին: Ս.Գրիգորի օրով քրիստոնէութեան թիւը աճ կ’ունենայ, շրջանի կռապաշտները դարձի կը բերէ եւ քրիստոնեայ կը մկրտէ զանոնք։ Տիրոջ հանդէպ իր ունեցած հաւատքին շնորհիւ՝դեւերը կը սարսափին իրմէ:

Ան կը կոչուի Սքանչելագործ՝ աստուծային զօրութեամբ իր կատարած բազմաթիւ եւ բազմապիսի հրաշքներուն համար:

Ս.Գրիգոր Կեսարիոյ մէջ կառուցել կու տայ եկեղեցի մը որ մինչեւ օրս գոյութիւն ուի: Ան գրած է բազմաթիւ ճառեր ուղղափառ հաւատքի եւ սուրբ վարքի մասին, ինչպէս՝ «Ի Ծնունդն Քրիստոսի»,«Յաւետիս Աստուածածնի», «Ներբողեան ի Ս.Ստեփանոսի», «Երկոտասան Գլուխք Նզովից»:

Իր աստուածահաճոյ գործունէութեամբ կրցաւ քրիստոնէութիւնը տարածել եւ հեթանոսներու թիւը նուազեցնել Նոր Կեսարիոյ մէջ:Ան իր կեանքի վերջին վայրկեաններուն իսկ աղօթեց այն սակաւաթիւ հեթանոսներուն համար,որպէսզի անոնք եւս դարձի գան: Սուրբը աւանդելով իր հոգին վախճանեցաւ 270 թուին:
 

 

Ս.Նիկողայոս (Սանթագլոզ) զաւակն էր բարեպաշտ ծնողներու՝ Եպիփանի եւ Նունէի:Մանուկ հասակէն յայտնի կը դառնայ իր հրաշագործութիւններով: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի իր մօրեղբօր համանուն, Նիկողայոսի ձեռամբ: Կը մասնակցի Նիկիոյ Ս.Ժողովին:Մանուկներու հանդէպ ունեցած իր մեծ սիրոյն՝ կը նկատուի մանուկներու պաշտպան Սուրբը: Ան ծանօթ է իբրեւ նաւակոծեալներուն ազատարար եւ Սքանչելագործ պաշտպան Սուրբը:

Վախճանած է չորորդ դարուն:Իր աճիւնները փոխադրուած են Իտալիոյ Պառի քաղաքը,որու վրայ տաճր մը կառուցուած է, զորս կը կրէ իր անունը:

Այսօր, մեզմէ կը պահանջուի վերադառնալ մեր արմատներուն, հետեւելով սուրբերու օրինակին, որպէսզի ըլլանք. «Լոյսի որդիներ» լուսաւորելով մեր շրջապատը:

                                                                                        Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան