-4 ԳԴԱԿ
Անցեալին եկեղեցականներ իրենց գլուխը ցուրտէն պաշտպանելու համար գդակ կը գործածէին: Գդակը նախքան փակեղին գործածութիւնը, որպէս գլխանոց մաս կը կազմէր քահանայական սքեմին:
Գդակը սեւ թաւիշէ, բուրդէ կամ պարզ կտորէ շինուած կլոր գլխանոց մըն էր, որուն գործածութիւնը ընդհանրացած էր նոյնիսկ եկեղեցիներուն մէջ՝ ցուրտին պատճառով:
Այսօր քահանայ Հայրեր Միջին Արեւելքի մէջ գդակի փոխարէն փակեղ կը գործածեն որպէս գլխանոց:
Փակեղի գործածութիւնը Պոլսէն ժառանգուած է: Ներկայիս սակայն Պոլսոյ մէջ փակեղի գործածութիւնը դադրած է պետական արգելքով: Ան վերապահուած է միայն պատրիարք Հօր, երբ մասնաւոր այցելութեամբ ան դուրս կու գայ պատրիարքարանէն:
Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ գդակը ընթացիկ եւ սովորական գլխանոցն է եկեղեցականներուն: Կուսակրօն եկեղեցականներ եւս ոչ պաշտօնական առիթներու գդակն է որ կը գործածեն: Մանիշակագոյն գդակը վերապահուած է եպիսկոպոսներուն եւ կաթողիկոսին:Մինչեւ վերջերս Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին աւագ սարկաւագներու սքեմին մաս կազմող գլխանոցը գդակն էր, վերջին 50 տարիներուն ինչ ինչ պատճառներով սարկաւագները դադրեցան զայն գործածելէ: