ՏՕՆ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (24.27-35)

Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը,արեւելքէն արեւմուտք: Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:

Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկընքէն աստղերը պիտի ինան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին: Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդիին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝զօրութեամբ եւ մեծ փառքով:

Երբ մեծաձայն փողը հնչէ,ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ,որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:

Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ:Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն,գիտէք թէ ամառը մօտ է:Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ: Վսատահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին:Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան,խօսքերս պիտի չանհետանան:

Աւետարանական այս հատուածը իր ամբողջութեամբ կը բացատրէ Մարդու Որդիին երկրորդ Գալուստը, այսինքն Քրիստոսի կրկին յայտնուիլը:

Իսկ Մարդու Որդի բացատրութիւնը գործածուած է մեր Տիրոջ Յիսուսի անձին համար:

Մարդու Որդիին Առաջին Գալուստը եղաւ խոնարհութեամբ ու զոհողութեամբ՝ փրկագործութեան խորհուրդը կատարելու եւ մարդկութիւնը երկրայինէն դէպի երկնային կեանքի առաջնորդելու:Յիսուսի երկրորդ գալուստը պիտի ըլլայ արդարները արքայութեան արժանացնելու,իսկ անհնազանդները, անհաւատները եւ չարերը յաւիտենական պատիժի ենթարկելու:

Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալստեան մասին, տասներորդ դարուն ծնունդ առած «Հազարամեայ Վարդապետութիւն» կոչուած շարժումը քրիստոնեաներուն սխալ կ’ուսուցանէր, որ հազար թուականին պիտի իրականանար Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը: Իսկոյն մարդիք պատրաստուեցան Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալուստը դիմաւորելու: Անցաւ հազար թուականը եւ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը տեղի չունեցաւ: Այսպէս, դժբախտաբար,մարդիկ տարբեր ժամանակներով կը ճշդէին Մարու Որդիին Երկրորդ Գալուստի թուականը: Բայց ո՞վ տուած է այդ իրաւունքը մարդ արարարածին ճշդելու Քրիստոսի երկրորդ Գալուստի թուականը եւ տարին, երբ աւետարանին մէջ յստակ Յիսուս կ’ըսէ. «Սակայն ո՝չ ոք գիտէ թէ ե՝րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը.ո՝չ երկինքի հրեշտակները, ո՝չ Որդին,բայց միայն՝ Հայրը» (Մտ 24.36):

Արդեօք մահկանացու մարդ արարածը իրաւունք ունի՞ ժամանակ սահմանելու անժամանակին, մարդկային մտքի տարողութենէն վեր եղող,ինչպէս պիտի ըսէր՝ աստուածայայտնութեան շարականագիրը . «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի: Ան Որ անբաւելի է երկնքի եւ երկրի մէջ,խանձարուրին մէջ բազմեցաւ»:

Աւետարաններու ամբողջ ոգին մեզի կ’ուսուցանէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը կայանայ,ճշմարտութեան,արդարութեան եւ սիրոյ սկզբունքներու վրայ, զորս Յիսուս զնոնք իրականացուց իր առաջին գալուստով, Իր գործերուն եւ խօսքերուն միջոցաւ:

«Աստուծոյ Թագաւորութեան»Գալուստը ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ,որ Յիսուս մօտալուտ ըլլալը յայտնեց մեզի: Քաջատեղեակ պէտք է ըլլանք,որ«Աստուծոյ Թագաւորութիւն»ը մենք է որ պիտի փնտռենք, ամէն բանէ առաջ եւ վեր: Ամբողջ մարդկութեան գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ միջոցներ որոնել, Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ ետքը սպասելու, «Աստուծոյ Թագաւորութեան» Գալուստին:

Աստուծոյ կամքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ. արդարութիւն,սրբութիւն եւ բարեգործութիւն: Սակայն ցաւօք սրտի հակառակը կը տեսնուի, անկարգութիւններու եւ անիրաւութիւններու հետեւանքով մարդիկ կը տառապին, այդ պատճառաւ ալ մարդոց մէջ կ’արմատանայ եսասիրութիւնը, անկարգութիւնը եւ այլամերժութիւնը: Եթէ իւրաքանչիւրս փոխանակ մեր կամքը իրագործելու, աշխատինք Աստուծոյ կամքը կատարել,այն ատեն աշխարհի վրայ ամէն ինչ հիմնովին բարեփոխուած կ’ըլլայ:Այսօրուան աւետարանական հատուածը մեզ կը հրաուիրէ «Աստուծոյ Թագաւորութեան»բնակիչը ըլլալու եւ հոն սպասելու Յիսուսի «Երկրորդ Գալուստը»: Հետեւաբար աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելով ,սպասենք մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին ,որ մեզի պիտի ըսէ.«Ապրիս,բարի եւ հաւատարի՝մ ծառայ,քանի փոքր բաներու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար,քեզի աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան» (Մտ25.21):

ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ

Խաչի տօներուն մէջ հանդիսաւորապէս կը նշուի, նաեւ Գիւտ Խաչի տօնը: 313 թուականին, Հռոմէական կայսրութեան կողմէ նշանաւոր Մելանոյի հրովարտակով, երբ կայսրութեան սահմաններէն ներս Քրիստոնեաներուն արտօնութիւն կը տրուի ազատ կերպով դաւանելու Քրիստոնէութիւնը, Երուսաղէմը կը դառնայ ուխտավայր,ամէն կողմերէն հաւատացելներ ուխտի կ’երթային, այցելելու Քրիստոսակոխ սրբավայրերը:

Երուսաղէմ ուխտի կու գայ նաեւ Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, Հեղինէ թագուհին, 327 թուականին: Բարեպաշտ Թագուհին Երուսաղէմի մէջ հետամուտ կ’ըլլայ Քրիստոսի Խաչափայտը տեսնելու, կը բարձրանայ Գողգոթա, որ այդ ժամանակ մոռացութեան վայրի վերածուած էր եւ կը գործածուէր որպէս աղբանոց: Բարեպաշտ Յուդա անուն Երուսաղեմացի Հրեայ մը ցոյց կու տայ Խաչին պահուած տեղը: Աղբերուն մէջէն դուրս կը բերուին երեք խաչեր, ստուգելու համար թէ որն է Յիսուսի Խաչափայտը, մեռած պատանիի մը դիակը կը մօտեցնեն խաչերուն, իսկոյն կը հասկցուի թէ երրորդն էր, որուն հպումով պատանին յարութիւն կ’առնէ:

Երուսաղէմի,Կիւրեղ Եպիսկոպոսը,որ այդ օրուան սուրբ տեղեղերու հայրապետն էր, կը բարձրացնէ Ս.Խաչը ի տես հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ կ’երկրպագեն եւ փառք կու տան: Այս եղելութեան պատմական յիշատակն է, որ կը կատարուի, ամէն տարի հոկտեմբեր 26ի մօտակայ կիրակին, «ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ»անուան ներքեւ:

ԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՇԷ «ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ» ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Քրիստոսի խորհրդական մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին, ուսուցումներուն ու առաքելութեան մէջ մեծ դեր եւ ներդրում ունեցած տասներկու առաքինազարդ վարդապետները արժանաւորապէս իրենց յիշատակի օրն ունեցած են Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ: Մեծամասնութեամբ եղած են տիեզերական Աթոռներու հայրապետներ, սակայն Վարդապետ կոչուած են, որովհետեւ ուղղափառ հաւատքի ճշգրիտ ուսուցումն ու ջատագովութիւնը նախադրած են քան իրենց դիրքը:

Արեւելեան եւ արեւմտեան եկեղեցիներու մտածողութեանց համադրումը համարուող 12 Վարդապետներն են.

1. Ռէթէոս Աթենացի: Ան ուսուցիչն ու առաջնորդը եղած է Դիոնիսիոս Արիսպագացիին:

2. Դիոնիսիոս Արիսպագացի (Աթենքի եպիսկոպոս): Ան Պօղոս առաքեալի ձեռամբ ստացած է եպիսկոպոսական կարգ եւ նշանակուած Աթենքի եպիսկոպոս: Անոր մասին հակիրճ արձանագրութիւն մը կը գտնենք Առաքեալներու Գործերը գիրքին մէջ (17.32-34):

3. Սեղբեստրոս Հռոմայ Հայրապետ: Ան կազմակերպած է Հռոմի եկեղեցին: Այստեղ կարեւորութեամբ շեշտենք, թէ Սեղբեստրոս Հայրապետին մասունքը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի մասունքներու հաւաքածոյին մէջ։

4. Աթանաս Աղեքսանդրացի (Աղեքսանդրիոյ Հայրապետ): Ան Նիկիոյ ժողովի սկզբունքները պաշտպանած է ընդդէմ արիոսականներու եւ եկեղեցւոյ կողմէ անուանուած է ուղղափառ հաւատքի սիւնը:

5. Կիւրեղ Երուսաղէմայ Հայրապետ: Ան գրած է «Կոչումն Ընծայութեան» անունը կրող աստուածաբանական ամենահին աշխատասիրութիւնը, որ 5-րդ դարուն թարգմանուած է հայերէնի:

6. Եփրեմ Խուրի Ասորի: Ան հեղինակած է բազմաթիւ հոգեւոր բանաստեղծութիւններ, աղօթքներ եւ մեկնողական աշխատանքներ:

7. Բարսեղ Կեսարացի: Ան եղած է Կեսարիոյ հայրապետ: Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ աղօթական կեանքի եւ վանական վարքի ջատագովը հանդիսացած է: Գրած է վանական կեանքի կանոններ, ինչպէս նաեւ պատարագամատոյց մը:

8. Գրիգոր Նիւսացի (Նիւսիոյ Հայրապետ): Ան Բարսեղ Կեսարացիի կրտսեր եղբայրն է: Մասնակցած է Կ. Պոլսոյ ժողովին: Գրած է «Յաղագս Բնութեան Մարդոյ» աստուածաբանական երկը:

9. Գրիգոր Աստուածաբան (Նազիանզացի): Եղած է Կ. Պոլսոյ հայրապետ: Նազիանզացին նախագահած է Կ. Պոլսոյ սուրբ ժողովին: Իր թողած աստուածաբանական բազմաթիւ աշխատանքներուն շնորհիւ ստացած է աստուածաբան մակդիրը՝ Յովհաննէս առաքեալի նման: Իբրեւ կրօնուսոյց եւ աստուածաբան դէմք անզուգական են անոր թողած հետքերն ու ազդեցութիւնը:

10. Եպիփան Կիպրացի (Սալամինիոյ Եպիսկոպոս): Անդադար քարոզած եւ պայքարած է արիոսականներուն եւ Որոգինէսի հետեւորդներուն դէմ: Իր գործերէն ամենանշանաւորը եղած է «Գիրք Հերձուածոց»ը, ուր կը խօսի հին թէ օրուան աղանդաւորներուն մասին:

11. Յովհաննէս Ոսկեբերան (Կ. Պոլսոյ Հայրապետ): Անոր համբաւը կայացած է իր մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութեանց, ինչպէս նաեւ անզուգական քարոզխօսութեան մէջ: Յովհան Ոսկեբերան հայրապետ բարեկարգած է կղերը, կանոնաւորած աղքատաց խնամքը եւ կառուցած բազմաթիւ բուժարաններ: Իր գրական աշխատանքներուն մէջ կան պատարագամատոյց մը եւ բազմաթիւ քարոզներ ու Աստուածաշունչի մեկնութիւններ:

12. Կիւրեղ Աղեքսանդրիոյ Հայրապետ: Ան նախագահած է Եփեսոսի ժողովին: Իր գաղափարներով ջախջախած է նեստորականութիւնը՝ «Միաւորեալ մի բնութիւն» բանաձեւով, որ նաեւ հիմը դարձած է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան