ՏՕՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ, ՀՆՈՑ ԵՒ ՆՈՐՈՑ, ՅԱՅՏԻՑ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏԻՑ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (8.17-21)։

«Չկայ ծածուկ բան մը որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան մը՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ: Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ինչպէս կ’ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի»:
 

Յիսուսի մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ: Լուր տուին իրեն ըսելով. «Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ’ուզեն քեզ տեսնել»: Յիսուս ըսաւ. «Մայրս ու եղբայրներս անոնք են որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն»:

Ղուկաս աւետարանիչ Սերմնացանի առակը պատմելէ ետք, մեզի կը փոխանցէ Քրիստոսի խորհրդաւոր մէկ խօսքը. «Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ» (Ղկ8.17):
 

Առաջին ակնարկով պիտի կարծուի, թէ հակասութիւն կայ Յիսուսի խօսքերուն եւ իրականութեան միջեւ, որովհետեւ բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ մարդկային կեանքէն ներս անվերջանալի ծածուկ երեոյթներ կան: Աշխարհի վրայ հսկայական նուաճումներ կը կատարուին եւ ի յայտ կու գան ճշմարտութիւններ, որոնք ծածկուած էին, բայց այժմ՝ մարդոց սեփականութիւնն է:
 

Օրինակ, քսաներրորդ դարը յատկանշուած է, որպէս գիտութեան եւ լուսաւորութեան դար: Աթոմական ուժերու գիւտը, անջրպետային մարզէն ներս տիեզերանաւերը, որոնք թռիչք ունեցան դէպի երկնային ոլորտներ, նորանոր ծածուկ յայտնութիւններ արձանագրեցին ապշեցնելով մարդկութիւնը: Այս բոլոր ճշմարտութիւնները իրականութիւններ են, թէեւ ծածկուած էին մարդոցմէ, բայց ի վերջոյ յայտնուեցան: Թագունը պիտի յայտնուի եւ գաղտնիքը պիտի գիտցուի, որպէս ճշմարտութիւն, որմէ կարելի չէ խուսափիլ:
 

Երբեմն ներքին ծալքերուն եւ գաղտնիքներու նկատմամբ, Տէրը մեզի կը բացայայտէ մարդոց տկարութիւնն ու անգաղտնապահութիւնը:
 

Մարդկային մեր բնազդով երբեմն գաղտնիքներ, որոշ գործեր եւ սովորութիւններ կ’ունենաք եւ զանոնք կը փորձենք ծածկել մեր նմաններէն, գիտենալով հանդերձ անոնց հետեւանքները: Իմաստութիւնը կ’ըսէ, իր կեանքին մէջ գաղտնիք ունեցող մարդը միշտ տխուր կ’ըլլայ,իսկ երջանիկ է ան, որ գաղտնիք չունի: Երբեմն մարդիկ կը համարձակին նոյնիսկ գիտակցելու, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ է միշտ եւ կը ներգործէ մեր խիղճի ձայնին ընդմէջէն: Այս երեւոյթին դիմաց մարդ էակը միշտ կը գիտակցի, որ օր մը իր թաքուն գործերը անպայման երեւան պիտի ելլեն: Մեր Տէրը կ’ըսէ. գաղտնի գործերը խաւարի մէջ կը գործուին, ուրեմն միշտ լոյսի մէջ գործենք, որպէսզի կարենանք մեր կեանքն ու գործերը վայելել: Մեր Տէրը մեզի կ’ուսուցանէ թէ, լոյսն ու գործը պէտք է անբաժանելի մասերը ըլլան մարդկային կեանքին, այս իմաստով Քրիստոս կ’ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ ան պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ’ռաջնորդէ» (Յհ 8.12):
 

Աստուծոյ կամքը գաղտնի մնացած էր մարդոցմէ մինչեւ Քրիստոսի գալուստը:
 

Կը կարծուէր, որ եբրայեցիներն էին միայն Աստուծոյ ընտրեալները,որոնց պիտի շնորհուի Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Սակայն մեր Փրկչին գալուստով ի յայտ եկաւ, թէ այլ փոքր ածուներ եւս կան,որոնք պիտի արժանանան Աստուծոյ սիրոյն եւ երկնքի արքայութեան:
 

Եսայի մարգարէ Քրիստոսէ առաջ նոյն այս մտածումը տարբեր եղանակով կը ներկայացնէ մեզի, երբ կ’ըսէ. «Իրապէս դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, ո ՞վ Իսրայելի Փրկիչ Աստուածը» (Ես 45.15): Յիրաւի, Հին Կտակարանի մէջ այդպէս էր Աստուած, միշտ ինքզինք ծածկող էր, որովհետեւ մարդկութեան իմացականութիւնը, բանականութիւնը եւ իմաստութիւնը,պատրաստ չէին Աստուծոյ յայտնութիւնները ընկալելու: Եսայի մարգարէն շատ լաւ գիտէր, որ ֆիզիքական աչքերով չէ, որ ի յայտ կու գայ աստուածային յայտնութիւնները, այլ հաւատքի՝աչքերով եւ աղօթքով է,որ Աստուած կը յայտնուի, մեր կեանքին մէջ: Ան մեզի ցոյց կու տայ շատ մը բաներ, որ մենք չենք տեներ: Եթէ մեր հաւատքի աչքերը բաց ըլլան, այն ատեն մենք ամէն ինչ կը տեսնեք յայտնապէս:


Աւետարանական այս հատուածը մեզի կը յիշեցնէ Կայէնի եւ Աբէլի պատմութիւնը, երբ Ասուած Կայէնին կը հարցնէ. «Ո՞ւր է եղբայրդ» (Ծն 4-9): Կայէն կը կարծէր թէ խաւարի մէջ գործած իր արարքը ծածուկ պիտի մնար, սակայն ոչ այդպէս չեղաւ, պատմութիւնը յստակ է, գիտենք թէ Աստուծոյ աչքը ինչպէս հալածեց Կայէնին: Աբէլի մահուան հեղինակը Կայէնն էր, ներկայ մարդկային կեանքէն ներս Կայէններ շատ են, որոնց պէտք է հարցնել նոյն հարցումը, որ Աստուած հարցուց Կայէնին:
 

Աստուծոյ խօսքը մեզի կ’ըսէ, օր պիտի գայ,որ այս աշխարհի վրայ գաղտնիք պիտի չմնայ, ամէն բան պիտի բացայայտուի: Հետեւաբար՝Քրիստոնեային աւագ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ,իրականացնել եւ կատարել Աստուծոյ կամքը ու ծրագիրները:
 

Աստուծոյ նկատմամբ հաւատք ունենալը կարելի չէ գիտական կամ թունաբանական հաշիւներով ձեռք բերել, այլ՝ մաքուր եւ անկեղծ հոգիով, բարի գործերով եւ վեհ զգացումներով: Ուրեմն հետեւինք Քրիստոսի օրինակին, ինչպէս որ ինք գործադրեց երկնաւոր Հօր կամքը, նոյնիսկ մեծ խորհուրդի Խաչին վրայ զոհագործուած պահուն, ըսաւ. «Հայր,Քու կամքդ թող ըլլայ» (Մտ 26.42):
 

ՏՕՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ, ՀՆՈՑ ԵՒ ՆՈՐՈՑ, ՅԱՅՏԻՑ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏԻՑ

Սուրբ կը նշանակէ արդար եւ աստուածահաճոյ: Սուրբերը այն անձերն են, որոնք սուրբ հռչակուած են Եկեղեցւոյ կողմէ: Եկեղեցին սուրբ կ’անուանէ առաքինի, ազնիւ քրիստոնէական հաւատքին իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մեծ ծառայութիւններ մատուցած անձերը:

Սուրբ ըլլալ կը նշանակէ մաքրակրօն ըլլալ, յատկացուած եւ բաժնուած ըլլալ աշխարհային ապրելակերպէն եւ մտածելակերպէն:
 

Սրբութիւն կը նշանակէ անձնուրացութիւն, նուիրում եւ Քրիստոսով փոխակերպուած կեանք մը ապրիլ:
 

Սրբութիւնը ընթացք մըն է, որ կը սկսի այս երկրէն եւ կը շարունակուի մինչեւ յաւիտենականութիւն:

Հայ Եկեղեցին ամէն տարի կ’ոգեկոչէ սուրբերու անմար յիշատակը: Մեր Եկեղեցւոյ մէջ կան տօնելի եւ յիշատակելի սուրբեր: Տօնելի սուրբերը անոնք են,որոնք ժամերգութեան եւ պատարագի միջոցին կը յիշատակուին, իսկ յիշատակելիներուն կեանքի եւ մահուան պատմութիւնը կը կարդացուի միայն առօրեայ (Յայսմաւուրք)ի միջոցով:Կան անշուշտ սուրբեր, որոնք անծանօթ են մեզի, այդ պատճառով հաստատուած է «Ամենայն Սրբոց, Հնոց եւ Նորոց, Յայտից եւ Անյայտից» տօնը, որ կ’ընդգրկէ Քրիստոնէական Ընդհանրական Եկեղեցւոյ համար սուրբեր:

Այս առթիւ սուրբգրային պատգամը կ’ըսէ. «Պատուկան է Տիրոջ աչքին իր սուրբերուն նահատակութիւնը»։ Բոլոր Սուրբերուն տօնը իր մէջ կը պարփակէ յիշատակը այն սուրբերուն, որոնց մահուան թուականը անյայտ է մեզի եւ որոնք մարտիրոսաց տօներու եւ պահքի յատկացուած օրեր չունին: Սուրբերու նահատակութեան կամ մահուան յիշատակէն անկախ կը տօնախմբուին նաեւ անոնց կեանքին կամ յիշատակին կապուած որեւէ իրողութիւն,որ քրիստոնէութեան համար ունի իր յատուկ կարեւորութիւնը:

Մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, նաեւ կը յիշատակուին օտար սուրբեր, որոնց մասին մեզի տեղեկութիւններ փոխանցուած են այն ժամանակաշրջանէն, երբ տակաւին ընդհանրական եկեղեցին չէր բաժնուած, այսինքն մինչեւ հինգերորդ դար: Այս մէկը կ’ապացուցէ թէ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր ջերմ քրիստոնէական եւ եղբայրական սիրոյ հոգիով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
 

Սակայն արեւմտեան ցամաքամասերու վրայ, հակական եւ քրիստոնէական գեղեցիկ սովորութիւններ այլափոխուած են, հեթանոսական ու սատանայապաշտական սովորութիւններ առաւել արժէւորուած եւ մտած են տուներէն եւ հաստատութիւններէն ներս: Հայկական եւ քրիստոնէական խորհրդանիշներ փոխուած են սնամէջ դդումով՝ եւ երեխաները փոխանակ հրեշտակներու նմանցնելու, զանոնք կը զգեստաւորեն վհուկներու եւ ոճրագործ մարդակերներու հագուստներով:
 

Սիրելի ժողովուրդ հայոց, այսօր մենք 21րդ դարուն մէջ ենք, չբաւարաուինք հպարտանալ մեր փառաւոր անցեալով եւ ինալ օտարամոլութեան ճահիճին մէջ, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի կորուստ, այլ տէր կանգնինք մեր արժէքներուն ու տոգորուինք հայկական եւ քրիստոնէական առաքինի շնորհներով

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան