Տեառնընդառաջի տօնը համաձայն աւետարանական հատուածին, Յովսէփ եւ Մարիամ քառասնօրեայ Յիսուս Մանուկը Տաճար կը տանին Աստուծոյ ընծայելու, Մովսիսական օրէնքի թելադրութեամբ: Ղուկասու Աւետարանը կ’ըսէ. «Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը Երուսաղէմ տարին՝ Յիսուս Մանուկը, Տիրոջ ընծայելու համար» (Ղկ.2.22-31): Այդ օրերուն, Սիմէոն անունով արդար եւ աստուածավախ մարդ մը կար, Սուրբ Հոգին իրեն յայտնուած էր ըսելով. «Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնի»: Այդ օր Սուրբ Հոգին զինք առաջնորդած էր տաճար: Երբ ծնողքը Յիսուս Մանուկը տաճար բերին, որպէսզի օրէնքի թելադրութիւնը կատարեն, Սիմէոն իր գիրկը առաւ փոքրիկը եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ըսելով. «Այժմ ո՜վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ արձակէ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի, որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն՝ որպէս լոյս հեթանոսներուն լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու»:
Տեառնընդառաջի տօնը մեզի համար քրիստոնեաներուս կը խորհրդանշէ Քրիստոս, որպէս լոյս աշխարհի, ինչպէս Սիմէոն Ծերունին կ’ըսէ. «Աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու» (ՂԿ 2.30-32): Քրիստոս Ի՛նքն է Ճշմարիտ Լոյսը: Հետեւաբար, Տեառնընդառաջի տօնին միշտ նկատի պէտք է ունենաք, որ օրուայ տօնակատարութեան շեշտը եւ իմաստը դրուի Քրիստոսէ ճառագայթող լոյսին վրայ: Տօնին նախօրեակին՝ Փետրուարի 13 ին, երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ժամերգութեան կը կատարուի նախատօնակ, ինչպէս նաեւ հրավառութիւն: Մայրեր իրենց նորածին զաւակները կը բերեն Եկեղեցի, որպէսզի զանոնք եկեղեցւոյ խորանին ընծայեն: Իսկ աւարտին շրջաբակին մէջ խարոյկ կը վառէն Խորանէն վառուած կանթեղի մոմով: Տեառնընդառաջին «Սիմէոն եւ Ծերուն» անուն կրողներու անուանակոչութեան տօնը կը նշուի:
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան
