ՎԷՃ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 22.24-30:
 

ՎԷՃ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը: Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Ազգերու Թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ: Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս: Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը: Անշուշտ որ սեղան բազմողը: Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ: Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին, եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ: Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի եւ առաքելութեան մէջ, առիթները եւ իրավիճակները կը ծառայեցնէր Աւետարանի՝ բարի լուրին քարոզութեան համար:

Ղուկասու Աւետարանի վերոյիշեալ հատուածը կը ներկայացնէ մարդկային ընկերութեան մէջ յարաբերութիւններու նոր եղանակ մը, որ աշխարհիկ մօտեցումներէն եւ չափանիշներէն ամբողջովին կը տարբերի:

Մարդիկ, որոնք բնախօսական եւ հոգեբանական նախադրեալներէ մեկնելով կը փորձեն մեծնալ, մեծութեան ըմբռնումէ մը կ’առաջնորդուին: Անոնք այսօրուան կեանքը կ’ապրին նիւթապաշտ եւ յաճախ բարոյազուրկ ըմբռնումներով, ուր «մեծնալը» իրականացնելը կ’արդարացնէ որդեգրուած «օգտագործելի միջոցները»:

Այսպիսի նիւթի մը շուրջ արտայայտուեցաւ Յիսուս, մասնաւորաբար իր աշակերտներուն, երբ անոնք կը վիճէին թէ իրենց մէջէն ով մեծ կամ առաջին պիտի նկատուի:

Տէրը անմիջապէս համեմատութիւն մը կը դնէ «ազգերու թագաւորներուն», «սեղան նստողներուն», որոնք «կը տիրեն», կը կեղեքեն եւ բռնութեամբ կ’իշխեն իրենց հպատակներուն վրայ, սակայն կեղծաւորաբար «բարերար» կը կոչուին եւ նոր ընկերութեան կամ մարդկութեան կեանքը կազմակերպող առաքեալներուն միջեւ «ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ», որոնք քանի մը յատկանիշերով տարբեր են ու աւելի արժէքաւոր «պզտիկի պէս» եւ սպասաւորի պէս» ըլլալ: Անշուշտ լաւագոյն դաստիարակութիւնն ու քարոզը անձի մը օրինակն է, իսկ մեր Տէրը անմնացորդ ծառայութեամբ երկնքի թագաւորութիւնը փորձեց հաստատել երկրի վրայ:Աւելին, իր աշակերտներուն, մեզի կը յիշեցնէ եւ կը խորանայ, որ եթէ հաւատարիմ մնանք այս սկզբունքին իր թագաւորութեան բնակիչ դարձնէ մեզ իրեն հետ ապրելու յաւիտեան:

Ասօր, տարուան առաջին օրերուն, մտածենք ժամանակը արժեւորելով անպիսի ձեւերու եւ միջոցներու մասին, որոնցմով կարենանք Տիրոջ կամքը կատարել՝ խոնարհելով, ծառայելով, անձնուիրաբար ու սիրով, ամբողջ մարդկութեան բարօրութեան, հոգեւոր աճման ու զարգացման ի խնդիր:

ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Կրկին կանգնած ենք Նոր Տարուան շեմին: Պահ մը հարց տանք մենք մեզի, ի՞նչ է, որ տարին «Նոր» կը դարձնէ: Իսկական Նոր Տարին կը սկսի միայն այն ժամանակ, երբ Աստուած մեզի շնորհէ. «Նոր Սիրտ» եւ «Նոր Հոգի»: 

Եզեկիէլ մարգարէութեան մէջ կը կարդանք.«Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ մարմիններէն քարեղէն սիրտերը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ: Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու գործադրէք: Եւ պիտի բնակիք այն երկիրներուն մէջ, որ ձեր հայրերուն տուի ու դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ (Եզ 36.26-28):

Առանց սրտի ու հոգիի նորոգութեան կարելի չէ Նոր Տարի տօնել եւ ապրիլ: Կարելի չէ Նոր Տարի տօնել առանց Քրիստոսով նոր մարդ դառնալու: Պօղոս Առաքեալ մեզի կը յանձնարարէ ըսելով. «Եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանք՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփ 4. 24): Նոր Տարին կը դառնայ նոր տարի, երբ թոյլ տանք, որ Աստուծոյ Հոգին. «Նոր իւղով», մեզ օծէ. (Սղ.92.10): Այն իւղով, որ մեզի կը շնորհէ աստուածային օրհնութիւններ:

Սիրելի հարազատներ «Նոր Տարուայ» առթիւ հրաուիրուած ենք բոլորս «Նոր Տարին» դիմաւորելու եւ տօնելու, նոր որոշումով, այդ որոշումը պէտք է ըլլայ դարձ դէպի Քրիստոս, եւ վստահիլ մեր կեանքերը Քրիստոսին:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան