Ի՞ՆՉ Է ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՕՆԸ.-
Դպիրներու պաշտօնն է Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարել, կարդալ օրուան սաղմոսները, մարգարէական գիրքերը եւ առաքելական թուղթերը:
Ի՞ՆՉ Է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ.-
Ժողովուրդին պարտականութիւնն է ուշադրութեամբ հետեւիլ արարողութեան, մեղմօրէն ձայնակցիլ դպիրներու երգեցողութեան, աղօթել Աստուծոյ եւ խնդրել Անոր ողորմութիւնը իր եւ պատարագիչին համար: Իսկ Ս. Հաղորդութեան մօտենալ հաւատքով, երկիւղածութեամբ եւ յարգանքով: Ինչպէս նաեւ իր աղօթքներուն կողքին, կարողութեանը համեմատ իր նիւթական մասնակցութիւնը բերել, որպէսզի հաւատքի կողքին բարի գործ մը կատարած ըլլայ Աստուծոյ առջեւ:
ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՆ ՈՒ ԴՊԻՐՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՇԱՊԻԿՆԵՐ ԿԸ ՀԱԳՆԻՆ.-
Եկեղեցական շապիկը Քրիստոսի անմեղութեան եւ սրբութեան խորհրդանիշն է: Իւրաքանչիւր սարկաւագ կամ դպիր շապիկ հագնելով իր վրայ զգեցած կ’ըլլայ Քրիստոսը: Եկեղեցական շապիկը արտաքին նշան մը կամ ցուցանիշ մըն է սարկաւագներուն եւ դպիրներուն՝ սրբութեամբ ծառայելու եւ զգուշութեամբ քալելու համար Աստուծոյ տան մէջ:
Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ԵՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐԱՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՆԵՐՔԵՒ ԴՐՈՒԱԾ Ս. ՍԵՂԱՆԸ.-
Եկեղեցւոյ խորանը կը խորհրդանշէ երկինքը, իսկ Ս. Սեղանը՝ Աստուծոյ գահը, սրբարանը, ուր Յիսուս քաւութիւն ըրաւ եւ յաւիտենական բարեխօսութիւն կ’ընէ հաւատացեալներուն համար: Խորան կը նշանակէ վրան: Իսկ լուսեղէն խորան կը կոչուի երկինքը, ուր կը գտնուի Աստուծոյ գահը:
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎԱՌՈՒՈՂ ՄՈՄԵՐԸ ԵՒ ԿԱՆԹԵՂՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԼՊԼԱՑՈՂ ՁԷԹԸ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿ ԵՆ.-
Վառուող մոմերը կը յիշեցնեն Հին Ուխտի շրջանին զոհուող կենդանիներու այրող ճարպերը, իսկ ձէթը՝ երկրի բերքէն մատուցուած ընծաները: Նոյն ատեն անոնց լոյսերը կը խորհրդանշեն Քրիստոսի Աւետարանին լոյսին ճաճանչները:
Ի՞ՆՉ Է ԽՈՒՆԿԻՆ ԵՒ ԽՆԿԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ.-
Աստուծոյ խունկ մատուցանելը նշանակ է սրտի խորերէն վեր բարձրացող ջերմեռանդ աղօթքի, որ հաճելի է Աստուծոյ առջեւ. ու նաեւ՝ յարգանքի եւ օրհնութեան արտայայտութիւնն է մարդուն իր Արարիչին հանդէպ:
Ժողովուրդին խնկարկելը նշանակ է Աստուծոյ շնորհաց բաշխումին, զոր կը կատարէ պատարագիչ քահանան Թափօրի ատեն իր օրհնութեան աղօթքներով միատեղ: Պատարագի ընթացքին ալ երբ պատարագիչը մէջ ընդ մէջ օրհնութիւն կը բաշխէ, սարկաւագը, որպէս սպասաւոր Ս. Սեղանի եւ օգնական քահանայի, անոր հետ միասին կը դառնայ դէպի ժողովուրդը եւ կը խնկարկէ:
Սարկաւագին կողմէ քահանային կատարուած խնկարկութիւնը յարգանքի արտայայտութիւն է Աստուծոյ ծառային՝ դեսպանին հանդէպ:
Բ. Շարունակելի
ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԸ

Առաջաւորաց Պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին կողմէ: Մեզի հասած պատմական տեղեկութիւններուն համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէ ետք եւ Տրդատ թագաւորը բժշկելէ ետք, Կեսարիա կը մեկնի եւ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Ղեւոնդիոսի ձեռամբ, վերադարձին կը պատուիրէ բոլոր ժողովուրդին հինգ օր ծոմ պահել, որուն շնորհիւ բոլորն ալ կ’ազատին իրենց հոգեկան եւ մարմնական ախտերէն, որմէ ետք կը մկրտէ ժողովուրդը եւ պալատականները: Առաջաւորաց Պահքը իր բնույթով ամէնէն խստակեացը կը համարուի: Ան ժողովրդական բացատրութեամբ աւանդութիւն դարձած է կոչել Ս. Սարգիսի Պահք, քանի որ Առաջաւորաց Պահքի յաջորդող շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը (որովհետեւ Ս. Սարգիս նահատակուած է Առաջաւորաց Պահքի առաջին օրը Պարսից Շապուհ արքայի կողմէ): Ուստի Առաջաւոր կը կոչուի ոչ թէ սուրբին նահատակութեան պատճառով, այլ վերեւ յիշուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ: Առաջաւորաց Պահքը, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, կու գայ Մեծ Պահքէն երեք շաբաթ առաջ եւ յատուկ է մեր Եկեղեցւոյ: Հայ Եկեղեցին տէրունի տօներէն, սուրբերու յիշատակութիւններէն բացի ունի նաեւ ապաշխարութեան կամ պահոց շուրջ 158 օրեր: Պահոց օրերը իրենց կարգին երեք տեսակ են.
1-Օրապահք՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ:
2-Շաբաթապահք՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ: Բացի Ծննդեան պահքէն (եօթը օր), մնացած շաբաթապահքերը. Առաջաւորաց, Եղիական, Լուսաւորիչի, Վարդավառի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման, Խաչվերացի, Վարագայ Խաչի, Ս. Յակոբի:
3-Յատուկ պահքեր.Մեծ պահք եւ Յիսնակ:
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան