Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2026-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Ս. Յովհաննէս Կարապետի (ծանօթ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ անունով) ծննդեան տօնը կը յիշատակէ։
Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին իրենց զաւակին ծնունդը, որ Յովհաննէս կոչուեցաւ, ինչպէս Գաբրիէլ հրեշտակապետը հրահանգած էր։ Դրացիներ ու հարազատներ, որոնք հաւաքուած էին այս իւրայատուկ մանուկին ծնունդը տօնելու, անոր ապագային մասին հարց տուին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս մանուկը»։
Ամիսներու լռութենէ ետք իր ձայնը վերագտած ըլլալով, Զաքարիա ըսաւ.
«Եւ դուն, զաւա՛կս, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝ անոր ճամբան պատրաստելու, որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին, թէ պիտի փրկուին՝ իրենց մեղքերուն ներում գտնելով. որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ, եւ յայտնուի մեզի, որ խաւարի մէջ եւ մահուան շուքին տակ կը մնայինք, որպէսզի մեր ոտքերը դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ» (Ղկ. 1.76-79):
Ս. Յովհաննէս Կարապետ կարեւոր դեր մը կը խաղայ չորս Աւետարաններուն մէջ։ Ան կապուած է Յիսուսի առաքելութեան սկզբնաւորութեան հետ ու կը համարուի Յիսուսի «նախակարապետ»ը։ Մկրտած է իրենց մեղքերէն ապաշխարողները եւ քարոզած գալուստը անոր, որ իրմէ աւելի մեծ պիտի ըլլար եւ որ պիտի մկրտէր ո՛չ թէ ջուրով, այլ Սուրբ Հոգիով։ Մատթէոսի Աւետարանի երրորդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ Յովհաննէս կը դժկամակի մկրտել Յիսուսը, բայց կը խոնարհի Անոր կամքին առջեւ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Ս. Յովհաննէս Կարապետը կը նկատէ քրիստոնէութեան հաւատքի երեք գլխաւոր միջնորդներէն մէկը՝ Աստուածամօր եւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հետ։
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան