
Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերուն, Հոգաբարձութեան անդամներուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան օրհնեալ տօներուն առթիւ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասին Հոգեւոր Համերգը՝ ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար՝ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբին անդամ Օրդ. Ռիթա Խէչօ, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «եկեղեցւոյ կրտսերաց դպրաց դասը այսօր մեզի ցուրտ բայց սքանչելի գիշերը պիտի յիշեցնեն եւ հրեշտակներու խումբին միանալով, իրենց հետ փառք պիտի երգեն Աստուծոյ եւ երկրին խաղաղութիւն ցանկան»։

Կրտսերաց դպրաց դասը իրենց մեներգներով ու խմբերգներով, Սուրբ ԾՆնդեան սիրելի երգերու սքանչելի ներկայացումով, ջերմացուցին բոլոր ներկաներուն սրտերը։ Աւարտին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան օրհնութեան եւ եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ. «Գերազանց ձեր երգեցողութիւնը մեզ այսօր տարաւ դէպի Բեթղեհէմ. Եւ չեմ ակնարկեր Երուսաղէմ շրջանին մէջ գտնուող քաղաքին՝ այլ այն հոգեւոր Բեթղեհէմին, ուր Աստուած միշտ ներկայ է։ Ձեր երգով, մեր սիրտերը դարձեալ փնտռեցին զԱստուած, ուզեցին աւելի սիրել զԱյն, գտնել ու երկրպագել Անոր»։ Հայր Սուրբը շեշտեց նաեւ, որ մարդու կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը պէտք է երգի նման միշտ հնչէ եւ լուսաւորէ։
Ապա, ներկայ բոլոր փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որ եկաւ շալակն իր ուսին, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ու բոլոր փոքրիկներուն նուէրներ բաժնեց։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մսուրի ու ծառի լուսաւորումը՝ ձեռամբ «Լարազ» ճաշարանի սեփականատէր Տէր եւ Տիկ. Տիգրան ու Անի Թորոսեաններու եւ իրենց զաւակներուն։ Հանդիսութեան իրենց գեղեցիկ նուագներով մասնակցութիւն բերին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբի անդամները, եւ շաքանակ պատրաստող ու բաժնող եռանդուն օրհնեալ եկեղեցւոյ կամաւորները։
Յետոյ, եկեղեցւոյ Յովնանեան սրահին մէջ, Տիկ. Արփի Սալիպեան տարեկան տօնավաճառին պաշտօնական բացումը կատարեց, ուր ներկաները տօնական մթնոլորտի մը մէջ, առիթ ունեցան ձեռք ձգել ձեռագործներ, յուշանուէրներ, հայկական խմիչքներ, տարազներ եւ համեղ ուտելիքներ։



