Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՔԵՐՄԷՍ 2025

Ուրբաթ 15 եւ Շաբաթ 16 Օգոստոս 2025-ին, Ս. Աստուածածնայ Տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյս Տարեկան Քերմէսը, Հայ Կեդրոնի շրջաբակին մէջ:

Սոյն քերմէսի գեղարուեստական բաժինով ներկաները խանդավառեցին երգիչներ՝ Կարօ Կապուտակեան եւ Ճորճ Սարգիսեան: Երեկոյի համադամ ճաշերը պատրաստեց Հայ Կեդրոնի «Համով Հոտով» ճաշարանը: Երեկոն նախագահեց Գերաշնորհ ՏԷր Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին: Ներկայ էին Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ Միքայէլեան, Արժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեան եւ Հոգաբարձութեան անդամներ ու սարկաւագներ:

Պաշտօնական խօսքով հանդէս եկաւ Սրբազան Հայրը, շնորհաւորեց Ս. Աստուածածնայ Ուխտի Օրը, ապա ողջունեց ներկաներուն մասնակցութիւնը, խրախուսելով զիրենք ըլլալ միշտ եկեղեցւոյ կողքին: Սրբազանը յատուկ գնահատանք յայտնեց երեկոն կազմակերպողներուն եւ մեծ թիւով կամաւորներուն եւ այցելեց Kids Zone-ը: Ապա, միացաւ մատաղ պատրաստող կամաւորներուն եւ գնահատեց անոնց կատարած աշխատանքը:

Ներկայ էին մեծ թիւով պետական ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնք առանձին հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգաբարձութեան անդամներուն հետ: