Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին Ունեցաւ 13 Նոր Տրատու Անդամներ

Անդամագրութեան յանձնախումբի գնահատելի եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին ուրախութեամբ ողջունեց 13 նոր տրատու անդամներ։ Անոնք Կիրակի, 22 Փետրուար 2026-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հանդիպում ունեցան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչին, Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան ատենապետին ու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպումը սկսաւ անդամագրութեան յանձնախումբի բարի գալուստի խօսքով, ապա Հոգաբարձութեան ատենապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նոր անդամներուն՝ վստահեցնելով, որ իրենց ներկայութիւնը նոր շունչ եւ զօրութիւն պիտի բերէ եկեղեցւոյ կեանքին։

Ապա իր խօսքը փոխանցեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի։ Ան նախ բարձր գնահատեց յանձնախումբի նուիրուական աշխատանքը, շեշտելով, որ եկեղեցւոյ ընտանիքը կը հարստանայ եւ կը զօրանայ այն ատեն, երբ հաւատացեալներ գիտակից կերպով կը միանան եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համայնքային կեանքին։

Հայր Սուրբը ընդգծեց, թէ եկեղեցւոյ անդամ ըլլալը պարզ վարչական գրանցում մը չէ միայն, այլ հոգեւոր պատկանելիութիւն եւ պատասխանատուութիւն. Ան ըսաւ, թէ եկեղեցւոյ անդամ ըլլալը, տունի մը անդամ ըլլալու նման է․ տուն մը, ուր բոլորը պատասխանատու են սիրոյ մթնոլորտ ստեղծելու, աճեցնելու համերաշխութիւնը, եւ միասին աշխատելու՝ որպէսզի այդ տունը ամուր կանգնի հաւատքի հիմքերուն վրայ։

13 նոր անդամներու միացումը վկայութիւն մըն է, թէ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին կը շարունակէ ապրիլ, աճիլ եւ նորոգուիլ՝ հաւատացեալներու նուիրուած մասնակցութեամբ։ Թող Տէրը օրհնէ նոր անդամները եւ զօրացնէ զանոնք՝ հաւատքի, սիրոյ եւ ծառայութեան ուղիին վրայ։

Խմբանկարէն կը բացակային այն անդամները, որոնք չկրցան ներկայ գտնուիլ։