
Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի արարողութիւնը կը բաղկանայ չորս մասերէ.-
1- Պատրաստութիւն
2- Երախայից պատարագ կամ Պաշտօն Ճաշու
3- Հաւատացելոց պատարագ
4- Օրհնութիւն եւ արձակում
1. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Պատարագիչ քահանան եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ սաղմոսացութեամբ եւ աղօթքներով կը զգեստաւորուի եւ քահանայական թագը գլխուն՝ խնկարկու սարկաւագին առաջնորդութեամբ կը մտնէ եկեղեցի, մինչ դպիրները՝ կ’երգեն «Խորհուրդ Խորին» շարականը:
Ցած ձայնով կ’արտասանէ «Լուացից սրբութեամբ զձեռս իմ» սաղմոսը եւ կը լուայ իր ձեռքերը: Բարձրաձայն կ’աղօթէ ու կը խնդրէ Տիրոջ ողորմութիւնը: Հրապարակաւ կը խոստովանի իր մեղքերը Աստուծոյ, Ս. Աստուածածնին, բոլոր սուրբերուն ու նաեւ ներկայ հաւատացեալներուն առջեւ: Կը խնդրէ ժողովուրդէն, որ աղօթէ իրեն համար:
Եկեղեցւոյ քահանաներուն երիցագոյնը «Ողորմեսցի»ն կը կարդայ կամ գոց կ’արտասանէ եւ կ’արձակէ զինք իր մեղքերէն (քահանայի բացակայութեան սարկաւագ մը կամ դպիր մը կրնայ կարդալ այդ աղօթքը):
Հրապարակային խոստովանութենէն ետք, պատարագիչը սարկաւագին հետ փոխն ի փոխ սաղմոս արտասանելով կը բարձրանայ խորան, ուր կը խոնարհի Աստուծոյ առջեւ եւ կը համբուրէ Ս. Սեղանը (Խորանը):
Վարագոյրը կը գոցուի, դպիրներ օրուայ մեղեդին կ’երգեն, մինչ այդ պատարագիչը կը պատրաստէ հացն ու գինին յատուկ աղօթքներով եւ խնկարկութեամբ նշխարն ու գինին կը դնէ սկիհին մէջ, զոր կը զետեղէ խորհրդանոցին մէջ (խորանին պատին մէջ փորուած կամարաձեւ պատուհան մը, ուր կը պահուի սկիհը):
Խորհրդակատարութեան այս արարողութենէն ետք վարագոյրը կը բացուի: Քահանան բուրվառը կ’առնէ եւ խնկարկելով վար կ’իջնէ խորանէն սարկաւագին առաջնորդութեամբ ու կը սկսի Ս. Պատարագի թափօրը դպրաց դասի մասնակցութեամբ եւ օրուան պատշաճ շարականին երգեցողութեամբ:
Թափօրի ընթացքին պատարագիչը կը խնկարկէ՝ ժողովուրդին բաշխելով իր օրհնութիւնները ու եկեղեցւոյ շրջանը բոլորելէ ետք կրկին կը բարձրանայ խորան, բուրվառը կը յանձնէ սարկաւագին եւ պատրաստ կ’ըլլայ սկսելու համար Երախայից պատարագի կամ ճաշու պաշտօնի արարողութեան:
2. ԵՐԱԽԱՅԻՑ ԿԱՄ ՃԱՇՈՒ ՊԱՏԱՐԱԳ
Երախայից պատարագը հաւատացելոց պատարագէն առաջ կատարուող ճաշի արարողութիւնն է:
Այս պաշտամունքին նպատակն է ժողովուրդը վարժեցնել Աստուածապաշտութեան եւ զինել Աստուծոյ խօսքով: Այս արարողութեան ընթացքին կը կարդացուին Ս. Գրային հատուածներ եւ կը տրուի յաւուր պատշաճի քարոզ Աւետարանի ընթերցումէն ետք եւ Հաւատամքէն առաջ, թէեւ ներկայիս առհասարակ քարոզը կը տրուի «Հայր Մեր»ի երգեցողութենէն առաջ:
Երախայից Պատարագ կը կոչուի այս արարողութիւնը, որովհետեւ առաջին դարերէն սկսեալ յատկացուած էր առհասարակ երախաներու (չմկրտուած նորադարձ հաւատացեալներուն), որոնք պէտք ունէին քրիստոնէական դաստիարակութեան: Այդ անձերը Ճաշու Պաշտօնի աւարտին, սարկաւագի ազդարարութեան վրայ, դուրս կ’ելլէին եկեղեցիէն եւ գաւիթ երթալով, հոն կ’աղօթէին:
Ուրեմն թափօրէն յետոյ, երբ պատարագիչ քահանան խորան կը բարձրանայ, կը սկսի երախայից պատարագը: Յատուկ աղօթքներ, շարականներ, Սուրբ Աստուած, Հաւատամք, եւայլն, մինչեւ որ պատարագիչը արտասանէ «Տէր Աստուած օրհնեսցէ զամենեսեան» աղօթքը. հոս կը վերջանայ երախայից պատարագը:
Քահանան վար կ’առնէ իր գլխուն թագը ու իր ոտքերէն կը հանէ հողաթափները: Եթէ պատարագիչը Եպիսկոպոս է, իր վրայէն կը հանէ եպիսկոպոսական զգեստներն ու զարդերը եւ Տիրոջ առջեւ կը կանգնի իբրեւ պարզ քահանայ:
Այս միջոցին սարկաւագը կ’ազդարարէ ժողովուրդը (երախաներէն չմկրտուածներէն, թերահաւատներէն, ապաշխարողներէն իրենց գործած մեղքերուն համար ապաշխարանքին մէջ եղողներէն եւ անմաքուրներէն, որ ոչ ոք մօտենայ այս աստուածային Խորհուրդին): Հին ատեն սարկաւագին այս ազդարարութեան վրայ չմկրտուած անձերը, ապաշխարանքի մէջ եղողներ, թերահաւատներն ու իրենց մեղքերէն չարձակուած ու չմաքրուած մարդիկ եկեղեցիէն դուրս կ’ելլէին ու գաւիթին մէջ կ’աղօթէին, որովհետեւ հաւատացելոց պատարագին կրնային մասնակցիլ միայն այն հաւատացեալները, որոնք իրենց մեղքերէն արձակուած ըլլալով հոգեպէս պատրաստ կ’ըլլային Ս. Հաղորդութեան ճաշակումին:
Գ. Շարունակելի
ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Յհ 6.22-38)

Յիսուս՝ կեանքի հացը
Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձին գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ: Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն: Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար: Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին.
-Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Կ’ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փոխանակ կորստական ուտելիք փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ: Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ:
Անոնք հարցուցին.
-Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզած գործը կատարած ըլլանք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց:
Անոնք ըսին.
-Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես: Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է, «Անոնց երկնքէն հաց տուաւ ուտելու համար»:
Յիսուս անոնց ըսաւ.
-Ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ, երկինքէն իջած հացը չէր: Հայրս որ ձեզի կու տայ, երկինքէն իջած ճշմարիտ հացն է: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին:
Անոնք ըսին.
Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
-Ես եմ կեանքի հացը: Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ: Բայց հիմա ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար: Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց:
Ժողովուրդը, որ տակաւին չէր հասկցած Յիսուսի Տէր եւ Աստուած ըլլալը, Անոր զօրութեան ու կարողութեան ամբողջականութիւնը, երբ գտաւ զԻնք Կափառնաումի մէջ՝ զարմացած հարցուց.
-Վարդապե՛տ երբ եկար հոս:
Քրիստոս գուշակելով անոնց նիւթականացած մօտեցումը ամէն հարցի շուրջ, անուղղակիօրէն կը պատասխանէ, սորվեցնելով հոգեւոր ճշմարտութիւններ, որպէսզի միշտ փնտռեն յաւիտենական արժէքներ, մանաւանդ՝ ջանան «Ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27): Քրիստոս կ’ուզէ Իր մէջ փնտռեն ա՛յն հոգեւոր առաջնորդը, որ Իր աստուածային կարողութիւններով կրնայ յագեցնել անոնց հոգեկան քաղցն ու ծարաւը:
Քրիստոս յարատեւօրէն զԻնք լսողներուն ուշադրութիւնը դարձուց դէպի հոգեւոր եւ յաւիտենական արժէքները, որպէսզի անոնց մօտեցումը թէ՛ Իրեն եւ թէ նորակերտ եկեղեցւոյ նկատմամբ նիւթականացած չըլլայ, այլ՝ հաւատարմութեամբ քալեն եւ Իր իսկ առաքելութիւնը այս աշխարհի մէջ շարունակեն: Պօղոս Առաքեալ եւս կը թելադրէ Կորնթացիներուն հաւատքով ապրիլ, ինչպէս ինք եւ իր ընկերակիցները կ’ապրին. «Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական» (Բ.Կր 4.18):
Ահաւասիկ, Քրիստոսի վարդապետութեան մէջ բացայայտօրէն կը տեսնենք թէ ամէն վախճանի մէջ սկիզբ մը կայ, ամէն նիւթականի մէջ՝ աննիւթականը եւ տեսանելիին մէջ՝ անտեսանելին: Քրիստոս առակներով եւ յաճախ այլաբանական իմաստներով կը փորձէր հոգեւոր ճշմարտութիւններ փոխանցել: Մարդիկ յաճախ կեանքը բացատրող, կեանքին իմաստ տուող խօսքեր ունեցող մէկը կը փնտռեն: Նոյնպիսի հարցադրում մը ունեցաւ Պետրոս առաքեալ Յիսուսի ըսելով. «Տէր, որո՞ւն պիտի երթանք, յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս» (Յհ 6.68): Ինչպէս կը տեսնենք օրինակը Ղազարոսի քոյրերուն՝ Մարթայի եւ Մարիամի մէջ, Մարիամ երկիւղածութեամբ կ’ունկընդրէր Քրիստոսի կենսալից խօսքերը, իսկ Մարթա՝անտարբերութեամբ կը լսէր, կառչած մնալով նիւթականին:
Ընդհանուր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը, իրենց հոգեւոր հայեցողութեամբ, Տէրունական աղօթքին. «Զհաց մեր հանապազորդ» բաժնին մէջ երկու հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը մատնանշեն:
Ա. ոգեղէն հացը՝ Տիրոջ խօսքը, որ սննդարար է հոգիի մաքրութեան եւ ֆիզիքական առողջութեան, այլ խօսքով՝ «Երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին» (Յհ 6.33):
Բ. Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հացը, որ իր կենարար եւ սրբարար յատկութիւններով սատար կը հանդիսանայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգեւոր կեանքին, համաձայն մեր Տիրոջ խօսքին. «Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ» (Յհ 6.53):
Յիսուս վստահութիւն կը ներշնչէ բոլոր Իրեն դիմողներուն ըսելով. «Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ ես երկինքէն իջայ» (Յհ 6.37-38): Քրիստոս Իր այս խօսքերով անգամ մը եւս կը յիշեցնէ բոլորիս Աստուծոյ մարդասիրութիւնը եւ գթասրտութիւնը ի խնդիր մարդոց փրկութեան:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան