Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ին, Խաչվերացի տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի ընկերակցութեամբ խումբ մը հաւատացեալներ այցելեցին Քէպէգ քաղաք։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

Ուխտագնացութեան սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ընկերակիցներուն հետ այցելեց Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրին, ուր հոգեհանգստեան կարգ կատարեց ի յիշատակ հայ ժողովուրդի բոլոր ննջեցեալներուն եւ յատկապէս Կոմիտաս Վարդապետի Հոգւոյ խաղաղութեան համար։
Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քէպէգի Chapelle Montmartre Canadien կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայութիւնը Քէպէգաբնակ ժողովուրդին։ Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Օրիորդ Սեդա Թէլեանին եւ Տիար Ժան Մկրտիչեանին, որ երկար տարիներ համադրած են այս այցելութիւնը եւ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Քէպէգի համայնքի զաւակները առիթ ունեցան մտերմիկ զրոյց ունենալու Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ուխտաւորներուն հետ։
Օրը իր աւարտին հասաւ նաւապտոյտով, ուր մասնակիցները առիթ ունեցան վայելելու Աստուծոյ ստեղծած բնութիւնն ու անոր բարիքները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ