ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՀՍԿՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի Հսկումի արարողութիւնը, որուն աւարտին խորհրդածութիւնը կատարեց “Ազնաւորեան” դպրաց դասի անդամներէն Տիկ. Թալին Մահսէրէճեան։

Ան իր խօսքը հիմնեց Յովհաննու Աւետարանի 10.11-16 համարներուն վրայ, եւ հրաւիրեց մօտենալու Քրիստոսի, վստահելու Անոր առաջնորդութեան եւ մեր կեանքով վկայելու այն Հովիւին մասին, որ «իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար»։

Խորհրդածութեան առանցքը Քրիստոսի յայտարարութիւնն էր՝ որպէս Իրաւ եւ Բարի Հովիւ, որ «իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար»։ Տիկ. Մահսէրէճեան մատնանշեց, թէ Քրիստոսի սէրը զոհաբերական սէր է՝ սէր, որ վտանգի պահուն չի հեռանար, այլ կը մնայ եւ կը փրկէ։

Ան բացատրեց «վարձկան հովիւ»ի եւ Իրաւ Հովիւին տարբերութիւնը եւ զգօնութեան կոչ ուղղեց մեր օրերու «գայլերէն», որոնք մոլորեցուցիչ գաղափարներ, ճշմարտութիւնը խեղաթիւրող ուսուցումներ կամ մշակոյթներ կրնան ըլլալ, որոնք մեղքը կը ներկայացնեն որպէս ազատութիւն։

Խորհրդածութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ այն մխիթարական ճշմարտութիւնը, թէ Քրիստոս մեզ կը ճանչնայ անձնապէս՝ մեր անունով, մեր տկարութիւններով եւ մեր վէրքերով։ Ան չի մերժեր մեզ մեր անկումներուն պատճառով, այլ կը բժշկէ, կը բարձրացնէ եւ ապաշխարութեան ճանապարհ կը բանայ։

Խորհրդածութիւնը աւարտեցաւ ակն մտածումով, թէ Քրիստոս կը մտահոգուի իր հօտէն «դուրս եղողներուն» մասին. Սակայն թէեւ ներս բերողը Ինքն է, մենք կոչուած ենք ըլլալու Անոր գործիքները՝ սիրով, ճշմարտութեամբ եւ կենդանի վկայութեամբ առաջնորդելու ուրիշները դէպի Իրաւ Հովիւը։