ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական յատուկ արարողութիւն՝ նուիրուած 21-րդ դարու բոլոր նահատակներուն։

Յիշեալ արարողութեան մասնակցելու համար Պապը պաշտօնական հրաւէր ուղղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներու պետերուն։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին, արարողութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան։ Այս առիթով սրբազան հայրը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Պապին։

Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ նամակ յղեց Լեւոն ԺԴ. Պապին՝ ողջունելով անոր վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան նոր մղում տալու հրամայականը եւ յայտնեց մօտ ապագային Վատիկանի մէջ հանդիպում ունենալու կարելիութիւնը։