
Նիկիոյ առաջին Տիեզերական Սուրբ Ժողովին 1700 ամեակի տօնախմբութեան ծիրին մէջ, 28 եւ 29 Նոյեմբեր 2025-ին, Նիկիա պատմական քաղաքին մէջ տեղի ունեցան երկօրեայ հանդիսութիւններ, ինչպէս նաեւ համագումար ու աղօթք՝ մասնակցութեամբ քրիստոնեայ զանազան եկեղեցիներու։ Յիշեալ ձեռնարկներուն ներկայ եղան եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ ի մասնաւորի` Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը ու Տիեզերական Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Պարթոլոմէու Ա.ը։
Սոյն պատմական յոբելենական հանդիսութիւններուն հրաւիրուած էր նաեւ Ն․Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Անոր օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ հանդիպումներուն։ Այս առիթով, սրբազան հայրը Հայրապետին եղբայրական ջերմ ողջոյնները փոխանցեց Պապին ու Տիեզերական Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ` ներկայ հոգեւոր պետերուն։
Նշենք, որ վերոյիշեալ հոգեւոր պետերու շարքին ներկայ էր նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան։