ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՔԻՆԿՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ին, հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Օնթարիօ Նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեանց եւ Երեսփոխաններու տարեկան խորհրդաժողովը։

Խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեանի աղօթքով։

Աղօթքէն ետք, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան փոխանցեց Ազգային Վարչութեան խօսքը։ Տիկին Ատենապետը ողջունեց մասնակից երեսփոխաններու ու հոգաբարձուներու ներկայութիւնը եւ գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնը։

«Մարդոյժի պատրաստութեան առաջնահերթութիւնը բոլորիս պատասխանա-տուութիւնն է։ Բոլորս միասնաբար պարտաւոր ենք ապահովել, որ մարդոյժի պարաստութիւնը ըլլայ շարունակական եւ նպատակաուղղուած», ըսաւ Տիկին Ատենապետը։

Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը կատարեց խորհրդածութիւն մը, ուր ներկայացուց՝ «Քրիստոսով մէկ մարմին» նիւթը։ Հայր Սուրբի ընտրած բնաբանն էր. «Ապրինք ճշմարտութեան համաձայն, սիրով, եւ հետզհետէ աճինք Քրիստոսի հետ մեր միութեան մէջ, որովհետեւ ի՛նքն է գլուխը, որ մարմինը իր բոլոր մասերով ներդաշնակ միասնութեամբ մը իրարու կը կապէ, բոլոր յօդերու օգնութեամբ։ Եւ երբ իւրաքանչիւր մաս պէտք եղածին պէս կը գործէ՝ մարմինը կ՚աճի եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ» (Եփեսացիս 4:15-16):

Խորհրդածութենէն ետք, Ազգային Վարչութեան Անդամներէն Պարոն Յակոբ Պուլկարեան ներկայացուց՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաքելութիւնը՝ Սփիւռքի ժամանակակից միջավայրին մէջ» նիւթը։ Պարոն Յակոբ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան ու մարտահրաւէրներուն մասին։

Ապա, ներկաներուն բաժնեց խումբերու եւ իւրաքանչիւր խումբի տրամադրեց նիւթ մը, որպէսզի խորհրդածեն։ Ներկայ Երեսփոխաններն ու Հոգաբարձուները խորհրդածելէ ետք տուեալ նիւթերուն մասին, իւրաքանչիւր խումբի ներկայացուցիչ ներկայացուց իր խումբէն բխած եզրակացութիւնը։

Երկրորդ ներկայացումը կատարեց Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, ներկայացնելով «Վասն Ինքնաճանաչման» նիւթը։ Հայր Սուրբի նիւթը ներկայացումն էր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նոր լոյս տեսած՝ «In Search of Self-Understanding» գիրքին։

Հայր Սուրբի ներկայացումէն ետք, Ազգային Վարչութեան Անդամ՝ Բարեշնորհ Թորոս Սրկ. Պապիկեան ներկայացուց՝ «Հոգաբարձութեան դերը Եկեղեցւոյ այսօրուան կեանքին մէջ» նիւթը։ Թորոս Սարկաւագը իր ներկայացման մէջ անդրադարձաւ Ազգային Սահմանադրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան, Գանատայի Հայոց Թեմի վարչական գործունէութեան, Հոգեւոր Հովիւներու եւ հոգաբարձական կազմի անդամներու համագործակցութեան ու իւրաքանչիւրին պարտականութիւններուն մասին։

Աւարտին, Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը եզրափակեց խորհրդաժողովը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնն ու գնահատանքը։

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Հայր Գեղարդի «Պահապանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ