«ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ» ՇԱՐՔ

ԽԱՉՔԱՐ

Խաչքարը իւրայատուկ է Հայց. Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:

Քարին վրայ քանդակուած խաչն է ան, որ անցեալին յատկապէս եկեղեցիներուն եւ վանքերուն շուրջ գտնուող գերեզմանները կը զարդարէր, որպէս դամբանաքար:

Խաչքար քանդակելու արուեստը այնքան զարգացած է Հայաստանի մէջ, որ նկարագրային բնոյթ եւ մասնաւոր դիմագիծ տուած է հայ ժողովուրդին:

Խաչքարերու գեղեցկագոյնները կը պատկանին Մոմիկ մեծ վարպետին, որուն ստեղծագործ հանճարէն եւ ճարտար գրիչէն ծնունդ առած են այնպիսի խաչքարեր, որոնք կարծես քարին վրայ ասեղնագործուած մետաքսեայ կերպասներ ըլլային:

Խաչքարերը այսօր լոկ գերեզմանաքարեր չեն, այլ արուեստի գործ՝ գեղեցիկ յուշարձաններ, որոնց մենք կը հանդիպինք եկեղեցիներու որմերուն վրայ, որպէս յուշակոթող, կը տեսնենք եկեղեցիներու շրջափակին կամ մշակութային կեդրոններուն մէջ, որոնք յիրաւի հայ մշակոյթին եւ քանդակագործութեան փառքը կը ներբողեն: Օտարներ մեծ հիացմունքով կը գնահատեն խաչքարերու արուեստը: