ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամէն տարի Ծաղկազարդի տօնին նախորդ Շաբաթ օրը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Ղազարոսի յարութեան յիշատակը:

Յիսուս երբ օր մը Երիքով կը գտնուէր, լսեց Մարթայի եւ Մարիամի եղբօր Ղազարոսի մահը եւ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթնցնեմ զինք» (Յհ 11.11): Երբ բեթանիա կը հասնի իր աշակերտներուն ընկերակցութեամբ,Ղազարոսին քոյրը՝ Մարթա լալով կը մօտենայ Քրիստոսի եւ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ» (Յհ 11.12): Յիսուս կը պատասխանէ. «Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յհ 11.23): Մարթա կը պատասխանէ. «Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ» (Յհ 11.24): Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպետեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ըսածիս (Յհ 11.25-26): «Այո՝, Տէ՜ր, պատասխանեց Մարթա, կը հաւատամ թէ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր» (Յհ 11.27):

Մարթայի հետ ունեցած երկխօսութենէն Քրիստոս շատ գոհ կը մնայ, որովհետեւ այս զրոյցով Մարթայի ներսիդին գտնուած թերահաւատութիւնը կը վերածուի հաւատքի խոստովանութեան, Մարթա ըսել կ’ուզէ՝. «Ինչպէ՞ս չեմ հաւատար, Տէր իմ, միշտ ալ հաւատացած եւ խոստովանած եմ, թէ դուն բոլորիս սպասուած Մեսիան ես, Օծեալ Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհի փրկութեան համար պիտի գայիր»:

Ո՞ւր դրիք զայն կ’ըսէ Յիսուս յուզուած: Երկու քույրերը կ’առաջնորդեն զինք Ղազարոսի գերեզմանը: Հսկայ ամբոխ մը կը հետեւի անոնց: Յիսուս կը հրամայէ որ վերցնեն գերեզմանին քարը: Յետոյ կը մօտենայ, աչքերը երկինք կը բարձրացնէ ու կ’ըսէ.

«Հա՜յր, շնորհակալութիւն քեզի՝ որ լսեցիր զիս: Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս, բայց ինչ որ այսօր կ’ըսեմ՝ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ’ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յհ 11.41-42): Ապա բարձր ձայնով կը կանչէ. «Ղազրոս, դո՛ւրս եկուր» (Յհ 11.43): Յանկարծ գերմարդկային երեւոյթ մը կը պարզուի՝ իսկոյն մեռեալը կը հնազանդի եւ գերեզմանէն դուրս կ’ելլէ:

Ղազարոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ բոլոր քրիստոնեաներուն յարութինը՝ հանդերձեալ կեանքին մէջ: Քրիստոս կը փորձէ մարդոց հոգիէն վանել մահուան սարսափը, հաստատելով հոգիի անմահութեան գաղափարը: Այս արարքով Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ, թէ մահուան իմաստը կեանքին մէջ է: Անոնք որոնք գիտեն կեանքէն դէպի կեանք երթալ, իրենց հոգիին մէջ ունին Քրիստոսի խոստացած կեանքը, որովհետեւ ինք ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Իսկ ժամամուտի շարականը կ’ըսէ. «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց»:

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Մեծ Պահոց եօթներորդ Կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ, որ կը ներկայացնէ Յիսուսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ, եւ ժողովուրդական խանդավառ ընդունելութիւնը «Ովսաննա՜, օրհնութիւն ի բարձունս, օրհնեալ որ գաս յանուն Տեառն» (Ղկ 19.38):

Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը մաս կը կազմէր Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին: Աստուած Զաքարիա մարգարէին բերնով ըսած էր. «Երուսաղէմին ըսէք.-Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (Մտ 21.5): Կանխաւ ըսուած մարգարէութիւնը իրականացաւ Քրիստոսով. «Պէտք է որ իրականանային Մովսէսի Օրէնքի գիրքին, մարգարէական գիրքերուն եւ սաղմոսներուն մէջ իմ մասիս գրուածները» (Ղկ 24.44): Այս խօսքերով Քրիստոս գործնականապէս ցոյց տուաւ իր անձի խոնարհութիւնը եւ Հօր Աստուծոյ հնազանդութիւնը: Ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերէն Յովհան Ոսկեբերան հիացումով կ’արտայայտուի ըսելով.«Երկնաւոր Երուսաղէմի երկրաչափը երկրաւոր Երուսաղէմ մուտք գործեց ո՛չ թէ հրեղէն կառքով, այլ՝ հեզ աւանակով»:

Ժողովուրդը մեծ խանդավարութեամբ դիմաւորեցին Քրիստոսը, սովորականէն տարբեր ընդունեցին զինք՝ արմաւենիի ոստեր, ձիթենի ճիւղեր գետնատարած սփեռելով, Օրհնութիւններ երգելով եւ ովսաննաներ կանչելով կը փառաւորէին զԱստուած:

Արմաւենին կը խորհրդանշէ արդար մարդը, ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ.«Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի» (Սղ 92.12): Ձիթենիի ճիւղերը խաղաղութիւն կը խորհրդանշէ: Նոյ նահապետ երբ երկրորդ անգամ տապանէն աղաւնի մը արձակեց, աղաւնին վերադարձաւ ձիթենիի ճիւղով, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ ջուրերը նուազած են, եւ խաղաղութիւն կը տիրէ ամէն կողմ:

Աստուած խաղաղութիւն հաստատեց իր Միածին Որդիով: Պօղոս առաքեալ կը վկայէ ըսելով. «Անոր ձեռքով ուզեց իր հետ հաշտեցնել ամէն բան, երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ, խաղաղութիւն հաստատելով խաչի վրայ մահուամբն անոր»(Կղ 1.20):

Հրեաներ կը կարծէին թէ Յիսուս եկած է երկրաւոր թագաւորութիւն հաստատելու,որովհետեւ կը հաւատային թէ Մեսիան պիտի գար ազատագրելու զիրենք հռոմէական իշխանութեան լուծէն: Սակայն Յիսուս աշխարհ եկաւ մարդկութիւնը ազատելու մեղքի գերիշխանութենէն: Հրեաները իրենց այլամերժութեան պատճառաւ կուրցած էին, քանի չկրցան հասկնալ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան նպատակը:

Ծաղկազարդի տօնին առթիւ կան ժողովրդական կարգ մը սովորութիւններ, որոնք աւելի յատկանշական կը դարձնեն օրուան տօնախմբութիւնը:

Ծաղկազարդի տօնին,եկեղեցին կը զարդարուի՝ արմաւենիի ոստերով եւ ձիթենի ճիւղերով: Փոքրիկներ նոր զգեստներով, զարդարուած մոմերը ձեռքերնին մաս կը կազմեն եկեղեցական թափորին: Նորապսակ զոյգեր,նոյն օրը եկեղեցիէն կ’ուղղուին դէպի հարսին ծնողքին այցելելու:

Ծաղկազարդի օրը նաեւ ժողովրդական սովորութեան համաձայն կը տօնախմբուի գարնանային եղանակի սկիզբը, ինչպէս յստակ է եւ նշմարելի բոլորին, ամէն կողմ բնութեան ծաղկումը, նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ ձիթենիի ճիւղեր կ’օրհնուին եւ կը բաժնուի ներկայ հաւատացեալներուն:

Ծաշկազարդի օրը, երեկոյեան հայ եկեղեցւոյ մէջ դռնբացէքի արարողութիւն կը կատարուի: Այս արարողութիւնը կը խորհրդանշէ, Յիսուսի յաճախ խօսած վերջին դատաստանի գաղափարի գործնական արտայայտութիւնը: Դռնբացէքի արարողութիւնը հաւատացեալները կը պատրաստէ յաւիտենական կեանքի: Այս արարողութիւնը երկխօսութիւն մըն է երկրաւորներուն եւ երկնայիններուն միջեւ, սրտառուչ եւ ազդեցիք տպաւորութիւն կը թողու հաւատացեալներուն վրայ:

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹՈՒԱՅ ՕՐԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԸ

Աւագ շաբաթը, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերու իրադարձութիւններու յիշատակութիւնն է՝ չարչարանքներու, խաչելութեան, թաղման, ինչպէս նաեւ դժոխքի աւերման, հոգիներու ազատման եւ Հրաշափառ Յարութեան շաբաթն է:

Աւագ շաբթուայ ընթացքին է, որ հաստատուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, որպէս Տիրոջ հետ հաղորդակցելու եւ փրկագործութեան կարեւոր խորհուրդը իրականացնելու:

Այս շաբթը կը կոչուի «Աւագ»շաբաթ, քանի որ կը խորհրդանշէ չորս մեծ ժամանակաշրջաններ: Նախ՝ աշխարհի ստեղծագործութեան շաբաթը, ապա՝ այս կեանքի եօթնօրեայ հանգրուանները. (ըստ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն՝ արարչագործութենէն մինչեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը եօթը հանգրուաններու ժամանակաշրջան է) վերջապէս Աւագ շաբաթը Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի տնօրինական շաբաթն է:

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Տերեւազարդ, բայց անպտուղ թզենին անիծելու եւ տաճարը մաքրելու օրն է:

(Թզենին այն ծառն է, որ կը խորհրդանշէ Հին Ուխտի ժողովուրդը, որոնք դարեր շարունակ սպասեցին Մեսիային գալուստը, սակայն երբ եկաւ սպասուած Փրկիչը անոնք մերժեցին եւ մնացին անպտուղ

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Հրեաներու հարցումներուն, Քրիստոսի բացատրութեան ու փարիսեցիներուն յանդիմանութեան օրն է: Նոյն օրը Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը լսուի երկնային ձայնը, տաճարին կործանման գուշակութիւնը եւ Քրիստոսի վերջնականապէս տաճարէն հեռանալը: Եկեղեցին այսօր կը յիշատակէ նաեւ տասը կոյսերու առակը եւ վերջին դատաստանի բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ ջրհեղեղն ու մարդկութեան կրկին սկզբնաւորումը:

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Կը յիշատակուի Քրիստոսի օծումը եւ Յուդայի մատնութիւնը: Այդ օրը Բեթանիայի մէջ, Սիմոն Բորոտին տունը գտնուող կին մը թանկարժէք իւղով կ’օծէ Յիսուսը, որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ մօտալուտ մահը: Օծման կը յաջորդէ Յիսուսի մատնելու Յուդայի վճիռը:

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Այս առաւօտ Ս.Պատարագ կը մատուցուի, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի զոհաբերութիւնը՝ մարդոց փրկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար: Վերջին ընթրիքէն ետք եւ Խաչելութիւնէն առաջ Քրիստոս լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը՝ որպէս սիրոյ եւ խոնարհութեան օրինակ: Ոտնլուան նաեւ կը խորհրդանշէ Ս.Հաղորդութեան խորհուրդի մաքրութիւնն ու սրբութիւնը: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի Խաւարում կոչուած արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մատնութիւնն ու չարչարանքները, խորանին վրայ կը վառուի 12 մոմեր, որոնցմէ մէկը սեւ կ’ըլլայ՝ իբր խորհրդանիշ Յուդայի խաւարային մտածումներուն եւ գործերուն, իսկ մեծ մոմ մը՝ Քրիստոսը անոնց կեդոնը: Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցումէ ետք մէկ մոմ կը մարուի, վերջաւորութեան միայն կեդրոնի մեծ մոմը կը մնայ, որ կը խորհրդանշէ աշակերտներու փախուստէն ետք Քրիստոսի առանձին մնալը:

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ

Առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, ուր կը կարդացուին Աւետարաններ որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին ժամերը՝ մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը, Պետրոսի ուրացումները, Պիղատոսի մօտ տարուիլը, մահուան վճիռը, չարչարանքն ու անարգանքը, գողգոթայի վրայ խաչուիլը, արեւի խաւարումը,մահը եւ ապա թաղումը:Աւագ Ուրբաթ պատարագ չի մատուցուիր,որովհետեւ Յիսուս ինքը պատարագուեցաւ խաչին վրայ՝ որպէս կենդանի զոհ:

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

Քրիստոս իր մահէն ետք իջաւ դժոխք եւ աւերեց զայն՝ փրկութիւն շնորհելով «ննջեցեալ սուրբերու» արդարներու հոգիներուն: Շաբաթ երեկոյեան կը կատարուի Ճրագալոյց, ուր եկեղեցւոյ կանթեղները կը վառուին եւ ներկաներուն մոմ կը բաժնուի զայն վառելու եւ իրենց տուները լուսաւորելու համար: Ս.Գրային ընթերցումներէ ետք , սուրբ եւ անմահ պատարագ կը մատուցուի, բոլոր հաւատացեալները կը հաղորդուին: Պատարագի աւարտին կը կատարուի նախատօնակ եւ դպիրները. «Այսօր Յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ» շարականը կ’երգեն:

Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան