ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԹԱՓՕՐ ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Խաչվերացի երեկոյեան՝ Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական «Խաչվերացի Թափօր Անդաստան»ը։ Կը կարծուի որ այս արարողութիւնը արդիւնքը եղած է այն տպաւորութեան, որ Խաչափայտը թողած է Հայ ժողովուրդին մէջ, երբ 7-րդ դարուն՝ Խաչափայտի գերադարձի ընթացքին, ան անցած էր Հայաստանէն։

Ռէհանով զարդարուած խաչափայտի մասունքըով եւ վարդաջուրով կատարուեցաւ շքեղ անդաստանի արարողութիւնը, որով օրհնուեցաւ աշխարհի չորս կողմերը, ամբողջ աշխարհին Աստուծմէ խաղաղութիւն, բարի բերք, քաղցր անձրեւի օրհնութիւն եւ ժողովուրդներու ապահովութիւն խնդրելով։