ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Հ.Օ.Մ.-Ի «ՌՈՒԲԻՆԱ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՏԷՐ ՏԱԹԵՒ ԱՒ․ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Հ.Օ.Մ.-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, այցելեցին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի, շնորհաւորելու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեանը, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40 ամեակին առիթով։

Հանդիպման ընթացքին, Հ.Օ.Մ.-ուհիները երախտագիտութիւն յայտնեցին Տէր Հօր՝ երկարամեայ նուիրումին, հոգեւոր ծառայութեան եւ համայնքին աջակցութեան համար։ Արժանապատիւ Տէր Հայրը, իր հերթին, ջերմապէս շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ Հ.Օ.Մ.-ուհիներուն հետ բաժնեց անցեալի Հ.Օ.Մ.-ին հետ ունեցած իր յուշերէն եւ փորձառութիւններէն։Հանդիպումին ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբը, որ իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը փոխանցեց Հ.Օ.Մ.-ի ընտանիքին, մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւն իրենց նուիրեալ եւ աստուածահաճոյ ծառայութեան համար։